Jump to content

Կոլֆ

Կոլֆ, գնդակով եւ փայտիկներով խաղցուող մարզաձեւ մը:

Խաղացողները զանազան կոլֆի փայտիկներ գործածելով կը հարուածեն գնդակը՝ խաղադաշտի մը վրայ դասաւորուած շարք մը փոսերու մէջ զայն տեղադրելու համար՝ կարելի եղածին չափ քիչ հարուածներով։

Խաղը առաջին անգամ խաղցուած է ԺԵ. դարուն՝ Սքոթլանտի մէջ, եւ այդ պատճառով երկիրը յաճախ կը նկատուի կոլֆի «հայրենիքը»[1]։

Կոլֆը, ի տարբերութիւն գնդակով խաղացուող մարզաձեւերու մեծամասնութեան, չունի եւ չի պահանջեր խաղալու համար միօրինակ չափանիշներով սահմանուած տարածք մը։ Տարբեր խաղադաշտերու հանդիպող բազմազան տեղանքներուն յարմարիլը խաղին կարեւոր մէկ մասն է։ Խաղադաշտերը սովորաբար ունին 9 կամ 18 փոսեր։ Իւրաքանչիւր փոս տեղանքի մը բաժին մըն է, որուն մէջ կը գտնուի բաժակը՝ այն փոսը, ուր պէտք է գնդակը մտնէ։ Իւրաքանչիւր փոս ունի սկզբնակէտի տարածք մը, ուրկէ կը կատարուի առաջին հարուածը, եւ գնդակը տեղադրելու կանաչ տարածք մը, որուն մէջ կը գտնուի բաժակը[2]։

Սկզբնակէտին եւ կանաչ տարածքին միջեւ սովորաբար կը գտնուին զանազան տեսակի տեղանքներ, ինչպէս՝ հիմնական խաղագիծը, խիտ խոտածածկ տարածքը եւ տարբեր արգելքներ։ Արգելքները կրնան ըլլալ ջուր, ժայռեր կամ աւազով լեցուած աւազափոսեր։ Խաղադաշտի իւրաքանչիւր փոս իր յատուկ դասաւորումն ունի։ Բազմաթիւ կոլֆի խաղադաշտեր նախագծուած են իրենց բնական շրջապատին նմանութեամբ. անոնք կրնան գտնուիլ ծովափի երկայնքին, ուր խաղադաշտը կը կոչուի լինքս, անտառներու մէջ, ալիքաւոր բլուրներու վրայ կամ անապատային տարածքներու մէջ։

Կոլֆը կը խաղցուի կա՛մ անհատ խաղացողի կողմէ կատարուած նուազագոյն թիւով հարուածներով, որ կը կոչուի հարուածներու հաշուարկով խաղ, կա՛մ ամբողջ խաղաշրջանի ընթացքին անհատի կամ խումբի կողմէ յաղթած փոսերու առաւելագոյն թիւով, որ կը կոչուի փոսերու միջեւ մրցակցային խաղ։ Հարուածներու հաշուարկով խաղը կոլֆի ամէնէն տարածուած ձեւն է՝ խաղի բոլոր մակարդակներուն, յատկապէս բարձրակարգ մրցումներու ընթացքին։

Կոլֆի 18 փոսով խաղաշրջանը ձեւաւորուած է Սեն Էնտրիւզի Հին խաղադաշտին մէջ՝ 1764-ին։ Կոլֆի առաջին մեծ մրցաշարը եւ աշխարհի ամէնէն հին կոլֆի մրցաշարը Բաց ախոյեանութիւնն է, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ «The Open»։ Անիկա առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1860-ին՝ Սքոթլանտայի Այրշայր գաւառի Փրեսթուիք կոլֆի ակումբին մէջ։

Բաց ախոյեանութիւնը տղամարդոց արհեստավարժ կոլֆի չորս մեծ ախոյեանութիւններէն մէկն է։ Միւս երեքը Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ'ունենան՝ Մասթըրզ, Միացեալ Նահանգներու Բաց ախոյեանութիւն եւ Փի.Ճի.Էյ. ախոյեանութիւն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]