Կոթող (5-6-րդ Դարեր, Հառիճավանք)
| կայք |
Կոթող (անգլ.՝ Stela), Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հնագիտական հաւաքածոյի Հայաստանը 4-9 դդ. ցուցասրահին մէջ ներկայացուող ցուցանմուշ[1], համար՝ 1576 ա, բ։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոթողը ունի չորս նիստ, որոնց վրայ պատկերուած են «Երեք մանկունքը հնոցին մէջ», պատուանդանին` «Դանիէլը` առիւծներու գուբի մէջ» քրիստոնէական արուեստէն յայտնի սիւժեները։ Պատուանդանի հիմնական` արեւմտահայեաց նիստի կեդրոնը Դանիէլի պատկերն է «Օրանտէն դիրքով»` ուղիղ կանգնած, վեր բարձրացրած թեւերով։ Դանիէլի թեման օգտագործուած է միջնադարի հայկական շատ յուշարձաններու մէջ (Աղց, Հառիճ, Փարոս, Աւան, Ագարակ, Օձուն, Աղթամար)։ Դանիէլի հագուստները կը լիզեն երախները բաց երկու առիւծները, որոնց մարմինները պատկերուած են հարակից նիստերու ամբողջ մակերեսին։ Դանիէլի պատկերին հակադիր նիստի վրայ խաչի քանդակն է։ Դանիէլը հագին ունի երկար զգեստ` զարդանախշուած քղանցքներով ու թեւերով, լայն գօտի, թիկնոց, գլխարկ։
Կոթողի հիմնական` արեւմտահայեաց նիստին պատկերուած է Յիսուսը` լուսապսակով, ձախ ձեռքին Աւետարանն է, իսկ աջով կ՚օրհնէ։ Յիսուսի ոտքերուն տակ քանդակ կայ։
Հիւսիսահայեաց նիստին իրար վրայ կանգնած են երկու մարդկային քանդակներ, որոնցմէ ներքեւինը աւելի փոքր է, վերեւինը` ըստ Գարեգին արք Յովսէփեանի, երեք մանուկներէն մէկն է` կիսագնդաձեւ գլխարկով, աջ ձեռքը կուրծքին, երկու մատները օրհնանքի ժեստով, նոյն զգեստաւորմամբ, ինչ Դանիէլը։
Հարաւահայեաց նիստին պատկերուած է գահին նստած Աստուածամայրը` Յիսուսը գրկին։ Յիսուսը մօրուքով է, դիմահայեաց, լուսապսակով, ձախ ձեռքին մէջ` Սուրբ Գիրքը, աջը` վեր պարզած։ Անոնցմէ վեր հորիզոնական ակօսազարդեր են, որոնցմով յարդարուած է նաեւ կոթողի արեւելահայեաց նիստի ողջ մակերեսը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուածի սկզբնական տարբերակի նիւթը տրամադրուած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի կողմէ ԳԼԱՄ ծրագրի շրջանակներուն։ |

