Կղեմէս Սիպիլեան

(Վերայղուած է Կղեմես Սիպիլեան-էն)
Կղեմէս Սիպիլեան
Ծնած է 17 Փետրուար 1824(1824-02-17)
Մահացած է 23 Մայիս 1878(1878-05-23) (54 տարեկանին)
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Հ. Կղեմէս վրդ. Սիպիլեան (աւազանի անունով՝ Մկրտիչ, 17 Փետրուար 1824(1824-02-17) - 23 Մայիս 1878(1878-05-23)), հայ դրամագէտ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս։ 1838-ին մուտք գործած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, միաբանութեան անդամակցելով չորս տարի ետք։

1845-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով՝ Կղեմէս։ Նորաօծ վարդապետը սկսած է դրամագիտութիւն ուսանիլ աբբահայր Արիստակէս Ազարեանի քով. վերջինս միաբանութեան դրամներու հաւաքածոն հիմնած էր 1825-ին։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1846-ին, Սիպիլեան սկսած է գրել իր գլխաւոր գործը՝ «Դասաւորութիւն Ռուբենեան դրամոց», բայց անդրադառնալով, որ տակաւին հետազօտական մեծ աշխատանքի կարիքը կար, յետաձգած է։

1847-1849-ին Փոքր Հայք ճամբորդելէ ետք, 1851-ին երկու գիրք հրատարակած է Վիեննայի մէջ. առաջինը նուիրուած սպանացիներու կողմէ Մեքսիքոյի նուաճումին եւ Տրդատ թագաւորի վերջին օրերուն ու մահուան հանգամանքներուն մասին։

1853-1855-ին Իզմիր գտնուելով, փորձած է Կիլիկիա ճամբորդել, բայց այս փորձը ձախողած է, որովհետեւ իր երէց հայրերը զինք Պոլիս ղրկած են, որմէ ետք Հոկտեմբեր 1856-ին Պարսկաստան, ուր տասներկու տարի Սպահանի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետը եղած է։ Ընթացքին, սկսած է դրամագիտութեան եւ հնախօսութեան նիւթերով յօդուածներ հրատարակել հայ եւ եւրոպական պարբերականներու մէջ։

Ուղեւորութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսկաստան ապրած տարիներուն, Սիպիլեան այցելած է Թեհրան (1857), Վան (1861), Թիֆլիս եւ Էջմիածին (1864)։ Այսպէս, ան ծանօթացած է Հայաստանի անցեալին ու ներկային, որ իր անմիջական հետաքրքրութեան առարկան էր։

1868-ին Պոլիս վերադարձած է, ու մինչեւ 1870 կրկին Փոքր Ասիա ճամբորդած է ։ Իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն առիթ մըն էր դրամներ եւ այլ հնատիպ նիւթեր հաւաքելու, զորս նուիրած է միաբանութեան թանգարանին եւ այլ հաստատութիւններու։ Վիեննա կարճատեւ վերադարձէ մը ետք, ան կրկին մեկնած է Պոլիս, ուր սկսած է գործակցիլ քաղաքի բոլոր հայ մշակութային հաստատութիւններուն հետ։ Ան դասախօսութիւններ տուած է դպրոցներու մէջ եւ հրատարակած՝ աշխարհագրութեան դասագիրք մը (1877)։

1875ի-ն Սիպիլեան Վիեննայի Դրամագիտական Ընկերութեան թղթակից անդամ նշանակուած է՝ յունական եւ հայկական դրամներու իր մասնագիտութեան շնորհիւ։

Ան դասաւորած է Պոլսոյ Օսմանեան թանգարանի հին շրջանի նիւթերը, իսկ 1876-ին սուլթան Ապտիւլ Ազիզ գնահատելով իր արժանիքները, թանգարանի երկրորդ տեսուչ նշանակած է զինք։

1876-ի վերջերը, այցելած է Կիլիկիա, իսկ Ապրիլ 1877-ին, թանգարանին կողմէ ուղարկուած է Միջագետք՝ նիւթեր ձեռք բերելու համար։ Այս ճամբորդութիւնը ճակատագրական եղած է իրեն համար։ Հ. Կղեմէս Սիպիլեան, մնայուն ճամբորդութիւններու պատճառով, ֆիզիքապէս տկարացած՝ ծանրօրէն հիւանդացած է թանչախտով (dysentery)։ Գրեթէ կիսամահ հասնելով Տիգրանակերտ,ուր ութ օր ետք իր մահկանացուն կնքած է՝ 23 Մայիս, 1878-ին, ու հոն թաղուած։

«Դասաւորութիւն Ռուբենեան դրամոց» աշխատութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր մահէն քիչ առաջ, Սիպիլեան ամբողջացուցած է «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց» աշխատութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով մշակած, դասաւորած ու ժամանակագրական քննութեան ենթարկած էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան աւելի քան 2.000 դրամներ։

Ձեռագիրը մնացած է ընտանիքին մօտ, մինչեւ որ Մխիթարեան միաբանութիւնը գնած ու հրատարակած է 1892-ին, Վիեննայի մէջ, Հ. Գրիգորիս Գալեմքեարեանի խմբագրութեամբ եւ լրացումներով։ Յառաջաբանին մէջ, հրատարակիչը նշած է, որ միաբանութիւնը արդէն ունէր 15.000 դրամներու հաւաքածոյ մը, ներառելով՝ Արշակունեաց թագաւորութեան 220 եւ կիլիկեան ժամանակաշրջանէն 2.232 դրամ, շնորհիւ Սիպիլեանի մնայուն ջանքերուն։ Իր գրախօսականին մէջ, Ս. Էջմիածինի «Արարատ» պաշտօնաթերթը գրած է.

Ահա մի գիրք, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայի սեղան, եթէ թանկ են նրա համար իւր նախնեաց յիշատակարանները, եթէ նա ցանկանում է այդ յիշատակարանների անփոփոխ պատկերը իւր առաջ ունենալ։


1980-ին Քալիֆորնիոյ Հայ Դրամագիտական Ընկերութիւնը հրատարակած է յատուկ հատոր մը՝ Հ. Կղեմէս վրդ. Սիպիլեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Crossroads ելեկտրոնային լրատու - 14 Փետրուար, 2019»։ myemail.constantcontact.com։ արտագրուած է՝ 2022-08-06 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։