Կիրակոս Ազարեան
Ծնած է | 1878 |
---|---|
Ծննդավայր | Հիւսէյնիկ, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1915 |
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, ակնաբոյժ |
Ռազմական ծառայութիւն | Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր |
Կիրակոս Ազարեան (1878, Հիւսէյնիկ, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կիրակոս Ազարեան ծնած է 1878 թուականին, Խարբերդի նահանգի, Խարբերդի գաւառիէ Հիւսէյնիկ գիւղի մէջ, Ֆերմանեան ընտանիքի մէջ։ Մանուկ տարիքին կորսնցուցած է հայրը։ Մայրը երկրորդ անգամ ամուսնացած է Խարբերդի նահանգի Մեզիրէ (Մեզրէ) քաղաքի աւետարանականներու հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Ազարեանին եղբօր հետ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Խարբերդի մէջ, ապա աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու՝ քաղաքի մէջ հիմնած Եփրատ գոլէճը։ 1897 թուականին մեկնած է ԱՄՆ՝ կրթութիւն ստանալու։ Սկիզբը՝ աշխատած է գործարաններու մէջ, այնուհետեւ սովորած է Շիքակոյի, ապա՝ Սենթ Լուիզի բժշկական համալսարաններուն մէջ։ Բժշկական կրթութիւնն աւարտելէ յետոյ, կարճ ժամանակ ուսանած է նաեւ Թենեսի նահանգի Նեշուիլ քաղաքի աստուածաբանական ճեմարանի մէջ։ 1911 թուականին վերադարձած է Մեզիրէ ու ամուսնացած՝ Զապել Ազարեանի հետ։ Մեզիրէի մէջ բացած է սեփական բժշկական քլինիք։ Յետագային կրկին մեկնած է ԱՄՆ եւ Սենթ Լուիզի բժշկական համալսարանին մէջ մասնագիտացած է ակնաբուժութեան ողղութեամբ։ 1913 թուականին վերադառնալով Մեզիրէ՝ զբաղուած է համաքաղաքացիներու բուժմամբ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, 1914 թուականի աշնան, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայելու՝ ուղարկուած է Կարնոյ ռազմաճակատ։ Վեց ամիս ծառայելէ յետոյ, դեռեւս նախքան Կարնոյ հայերու տարագրութիւնը, ձերբակալուած է ու բանտարկուած՝ Կարնոյ բանտին մէջ։ 1915 թուականի գարնան, իր բախտակից 250 մտաւորականներու (բժիշկներ, դեղագործներ, այլ մասնագետներ) հետ, աքսորուած է Մուշ։ Հասնելով Կարին֊Խոփ (Քոփ) լերան մօտ, բոլորը, անոնց կարգին՝ 37 տարեկան Կիրակոս Ազարեան, գնդակահարուած են։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։