Jump to content

Կիտրոն

Կիտրոն, ծաղկաւոր բոյսերու ընտանիքէն փոքր մշտադալար բոյսի տեսակ, որ կ'աճի Հարաւային Ասիոյ, գլխաւորաբար Հիւսիս արեւելեան Հնդկաստանի մէջ։ Պտուղները հասնելէ ետք, կլոր տեսք կը ստանան։

Բժշկական հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ կիտրոնով ջուրի ամէնօրեայ օգտագործումը անհամար բարիքներ կ'ապահովէ առողջութեան, եւ այդ պատճառով անիկա դարձած է աշխարհի բազմաթիւ մարդոց ամէնէն տարածուած առաւօտեան խմիչքներէն մէկը:

Կիտրոնով ջուրը հարուստ է` Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, փոթասիոմով եւ ածխաջուրերով: Այս առողջապահական, մատչելի եւ աժան խմիչքը իսկական դեղ է բազմաթիւ առողջական խնդիրներու համար[1]:

Առաւօտեան կիտրոնով ջուր խմելու օգտակար յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիտրոնով առօրեայ հնարքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կիտրոնը կեղուել, կտրտել, վրան 150 մլ. քացախ աւելցնել եւ ամբողջ գիշեր մը պահել: Յաջորդ օրը քամոցէ անցընել եւ փոխադրել սփռիչ շիշի մէջ, աւելցնել 150 մլ. ջուր, կիտրոնին կեղեւները եւ անանուխի մէկ-երկու տերեւ: Այս հեղուկով կարելի է մաքրել սառնարանը, մանրալիքը, խոհանոցի սեղանը, ծորակները, ապակին[2]:
  • Խոհանոցի աշխատանքի տախտակը մաքրելու եւ հականեխելու լաւագոյն միջոցը, զայն կիսուած կիտրոնով եւ սոտայով կամ աղով շփելն է:
  • Պղնձեայ իրերը մաքրելու համար զանոնք շփել կիսուած կիտրոնի կտորով մը, որուն վրայ աղ ցանուած ըլլայ:
  • Տան ծորակները փայլեցնելու համար նոյնպէս օգտագործել կիսուած կիտրոնի կտոր մը:
  • Եղունգները մաքրելու եւ զօրացնելու համար զանոնք շփել կիտրոնով:
  • Դէմքին վրայի մութ արատները թեթեւցնելու կամ չքացնելու համար զանոնք օրական օծել կիտրոնի հիւթով:
  • Սառնարանէն տհաճ հոտերը չքացնելու համար օգտագործել կիտրոնի հիւթի մէջ թաթխուած սպունգի կամ լաթի կտոր մը:
  • Գիշերը մարզանքի կօշիկներուն մէջ կիտրոնի կեղեւ զետեղելով` կարելի է զանոնք ձերբազատել տհաճ հոտերէն:
  • Տան օդը մաքրելու եւ անուշ բոյր սփռելու համար կիսուած կիտրոններու վրայ մեխակի գամեր մխրճել, ապա եռացած ջուրի մէջ 5 վայրկեան խաշել:
Ծաղիկ
Հասուն կիտրոններ
Ամբողջական ծառ
Բազմերանգ վարդագոյն կիտրոն

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]