Կը Հրաժարիմ Հայութենէ (վէպ)
Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպ, Կարօ Փոլատեանի ամենէն նշանաւոր աշխատութիւններէն մէկը։[1] Հայոց Մեծ Ցեղասպանութիւնը ապրած հեղինակը այս վէպին մէջ կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը (յետեղեռնեան սերունդին պատկանող)։ Եւ կը պատմէ թէ ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն, ու կ՚որոշէ հրաժարիլ հայութենէն։[2]
Հիւսուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վէպին դէպքերը տեղի կ՚ունենան Ֆրանսայի մէջ։ Բաբգէն (վիպային անձնաւորութիւն, ոչ իրական), որ ջարդի տարիներուն կորսնցուցած է հօրը, յետոյ կորսնցուցած է մօրը: Յայտնուելով աղքատութեան մէջ՝ կ՚որոշէ հրաժարիլ հայութենէն եւ չ՚ուզեր հայ ժողովուրդի տառապեալ կեանքը ապրիլ: Բայց երբ կը հանդիպի հայ զինուորին (որ կը պարզուի թէ իր որդին է), կը հասկնայ, որ երբեք ալ չէ կտրուած, չէ հրաժարած հայութենէն։[3]
Գիրքին առաջին արարը կը սկսի ժողովի մը զրոյցով։ Խումբ մը հայրենակիցներ՝ Գեղամ, Նշան, Համբարձում, Զաւէն, Անդրանիկ եւ Սուրէն, հաւաքուած են Մաղսէյլ քաղաքին մէջ ու կը ջանան միջոց մը գտնել վրէժ առնելու իրենց ազգին դէմ գործուած ցեղասպանութեան ոճիրին համար։ Այդ ժողովը անյաջող կ՚անցնի, ու առանց համաձայնութեան մը գալու, իրարմէ կը բաժնուին ընկերները, որոշ դժկամութեամբ եւ դառնութեամբ։ Վիպասանը կը շրջէ պատմութիւնը ու կը խոստովանի, որ այսպիսով սկսած է իր վէպը, սակայն այս անհատները գլխաւոր դերակատարները չեն, այլ ուրիշ մէկը։ Այդուամենայնիւ, կը գրէ որ ապագային վերոյիշեալ անհատներն ալ պիտի ունենան իրենց տեղը պատմութեան մէջ։
Սուրէն (վէպին պատմասանը) կը սկսի իր վէպը շոքեկառքի մը վրայ, ուր յետոյ կայարանի մը մէջ կը հանդիպի մէկու մը, որուն վստահ է, որ ծանօթ է, բայց ինչ ալ որ ըսէ, անձը կը պնդէ, որ զինք չի ճանչնար։ Սուրէն չնահանջեր։ Ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր ճանչցած «Բաբգէն»ը հետապնդելու եւ գտնելու։ Վերջապէս կը գտնէ իր ծանօթը, որ ֆրանսական անուն մը որդեգրելով, կամովին օտարացած է ու հեռացած է իր հայկական ինքնութենէն։
Երկար ճամբաներ կտրելով, Սուրէն կը գտնէ իր ճանչցած «Բաբգէն»ը, որ իր ֆրանսացի կնոջը կողմէ ծանօթ է «Ժողժ Օպէղ» անունով։ Երբ վերջինս վերջապէս կը դադրի ինքնամերժումէն, երկուքն ալ կ՚ողջագուրուին, ու հոս կը սկսի մեր բուն պատմութիւնը։ Բաբգէնը կը սկսի պատմել իր անցեալին մասին, ամբողջ գիշեր մը լուսցնելով գրքի պատմասան Սուրէնին հետ։
Բաբգէն՝ գլխաւոր դերակատարը, ցեղասպանութենէն ճողոպրած է իր մօրը հետ ու հայոց բռնի տեղահանութենէն ետք հասած Մաղսսէյլ քաղաքը։ Հայրը սպաննուեր է ջարդի ժամանակ, ուստի իր մայրը եղած է գլխաւոր խնամակալը իր տղուն եւ ստիպուեր է լուացարարուհի ըլլալ զինք պահելու համար։ Գերադասելով իր տղուն ուսումը, տանջուեր է, որպէսզի ան կարենայ յաջողութիւն գտնել:[3]
Կերպարներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բաբգէն (գլխաւոր կերպար)
- Գեղամ
- Նշան
- Համբարձում
- Զաւէն
- Անդրանիկ
- Սուրէն (վէպին պատմասանը)
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]| Թուական | Քաղաք | Հրատարակչատուն |
|---|---|---|
| 1949[1] | Փարիզ | ՞ |
| 1978[4] | Պէյրութ | ՞ |
| 1979[5] | Պէյրութ | Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն |
| 2019 | Երեւան | Աքթուալ Արուեստ |
| 2020 | Երեւան | Թէքնօլինկուիսթիքս Մշակութային Կազմակերպութիւն (թուային տարբերակ) |
Մէջբերումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]| ... պէտք է նոր աւիւն ներշնչել, ցնցել հոգիները․․․ - էջ 38 |
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Քորթմոսեան Վարանդ։ «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2025-01-31
- ↑ «Կը հրաժարիմ հայութենէ»։ զնտուկ (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-01-31
- 1 2 Հալլաճեան Տարօն Պարոյր։ «Հորիզոն Շաբաթաթերթ»։ www.horizonweekly.ca։ արտագրուած է՝ 2025-01-31
- ↑ Pʻōlatean K. (1978)։ Կը հրաժարիմ Հայութենէ: վէպ (հայերեն)։ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան
- ↑ «Կը Հրաժարիմ Հայութենէ…»։ Hamazkayin Bookstore (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-01-31