Կէորկի Բ․ (Աբխազիոյ արքայ)

Կէորկի Բ.
վրաց.՝ გიორგი II
Կէորկի Բ-ի խաչը
Մահացած է 957
Քաղաքացիութիւն Աբխազիայի թագավորություն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Վարած պաշտօններ թագավոր?
Ծնողներ Հայր՝ Կոստանդին Գ.
Երեխաներ Կոստանդին, Լեւոն, Գուրանդուխտ

Կէորկի Բ. (վրաց.՝ გიორგი II), Աբխազիոյ արքայ 916-960 թուականներուն[1]:

Կէորկին Կոստանդին Գ. արքայի որդին էր, կը սերէր Անոսիդներու տոհմէն: Իր կառավարման տարիները կը բնութագրուին որպէս մշակութային զարթոնքի, քաղաքական ու ռազմական հզօրութեան ժամանակներ։

Նուաճումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կէորկին կը շարունակէ տարածքային ընդարձակման քաղաքականութիւնը եւ կը նուաճէ կեդրոնական Վրաստանի (Քարթլի-Իբերիոյ թագաւորութեան) որոշ գաւառներ։ Իր դիրքերը աբխազական ազնուականութեան շրջանին ամրապնդելու համար իր որդիին՝ Կոստանդինին, կը նշանակէ Քարթլիի փոխարքա (էրիսթավի): Վերջինս, սակայն, որոշ ժամանակ ետք՝ 920 թուականին, կ՛ապստամբի հօր դէմ։ Կէորկի կը մտնէ Քարթլի եւ կը պաշարէ Ուփլիսցիխէ (վրաց.՝ უფლისციხე՝ «տիրակալի բերդ») ամրոցը։ Զայն գրաւելէ ետք կը կուրացնէ Կոստանդինին։

Կէորկի Բ.-ը իր միւս որդիին՝ Լեւոնին, կը նշանակէ Քարթլիի էրիսթավի։ Արքան կը շարունակէ արշաւանքը Կախէթի վրացական իշխանութեան դէմ, ուր տիրակալ Կիւրիկէն նոյնպէս համաձայն էր Քարթլիի տարածքներուն։ Կիւրիկէ իշխանը կը ձեռբակալուի, եւ ազատ կ՛արձակուի միայն այն ժամանակ, երբ կ՛ընդունր Կէորկի արքայի գերիշխանութիւնը։

Իր գերիշխանութիւնը Քարթլիի մէջ ամրապնդելու նպատակով իր դուստրը՝ Գուրանդուխտին, կնութեան կու տայ Տայքի կիւրոպաղատութեան իշխան Գուրգէն Բագրատունիին: Շուտով Կիւրիկէ Կախեթցին կը յարձակի Քարթլիի վրայ։ Կէորկին Լեւոնի գլխաւորութեամբ մեծաքանակ զօրք կ՛ուղղարկէ Քարթլի։ Արշաւանքի ընթացքին Կէորկի կը մահանայ, եւ Լեւոնը հաշտութիւն կը կնքէ Կիւրիկէի հետ։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չքոնդիդի տաճար

Կէորկի Բ.-ը յայտնի է նաեւ ուղղափառ քրիստոնէութեան տարածմամբ։ Անոր աջակցութեամբ քրիստոնէութիւնը կը հռչակուի Ալանիոյ պետական պաշտօնական կրօն։ Արքան կը կարուցէ բազմաթիւ եկեղեցիներ, որոնմէ յայտնի են Չքոնդիդի տաճարը (Մարթուիլի)Սամգրելոյի մէջ (Մեգրելիա):

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Cyrille Toumanoff, Les dynasties de la Caucasie chrétienne de l'AntIIquIIté jusqu'au XIXe siècle : Tables généalogiques et chronologiques, Rome,‎ 1990

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Հաջորդականություն2