Jump to content

Կեդրոնական Ափրիկէ

Կեդրոնական Ափրիկէ (Ֆրանսերէն՝ Afrique centrale, սպաներէն՝ África central, փորթուգալերէն՝ África Central) Ափրիկեան մայրացամաքային ենթաշրջան մըն է որ կը բաղկանայ տարբեր երկիրներէ՝ ըստ տարբեր սահմանումներու։ Միջին Ափրիկէ կը գործածուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ իր աշխարհագրական ծրագրին մէջ Ափրիկէի համար եւ կը բաղկանայ հետեւեալ երկիրներէ՝ Անկոլա, Քամերուն, Կեդրոնաափրիկեան Հանրապետութիւն, Չատ, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Քոնկոյի Հանրապետութիւն, Հասարակածային Կինի, Կապոն եւ Սաօ Թոմէ ու Փրինսիբէ։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կեդրոնական Ափրիկէ գրասենեակը կը ներառէ նաեւ Պուրունտին եւ Ռուանտան այս շրջանին մէջ, որոնք կը նկատուին Արեւելեան Ափրիկէի մաս՝ աշխարհագրական ծրագրին մէջ։[1] Այս տասնըմէկ երկիրները Կեդրոնաափրիկեան Պետութիւններու Տնտեսական Համայնքին (ECCAS) անդամներն են։[1] Այդ երկիրներէն վեցը (Քամերուն, Կեդրոնաափրիկեան Հանրապետութիւն, Չատ, Հասարակածային Կինի, Կապոն եւ Քոնկոյի Հանրապետութիւն) Կեդրոնական Ափրիկէի Տնտեսական եւ Դրամական Համայնքին (CEMAC) անդամներն են նաեւ եւ կը բաժնեն ընդհանուր արժոյթ մը՝ Կեդրոնաափրիկեան CFA ֆրանգը։[2]

Ափրիկեան Զարգացման Դրամատունը, միւս կողմէ, կը սահմանէ Կեդրոնական Ափրիկէն որպէս եօթը երկիրներ՝ Քամերուն, Կեդրոնաափրիկեան Հանրապետութիւն, Չատ, Քոնկոյի Հանրապետութիւն, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Հասարակածային Կինի եւ Կապոն։[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 «History and Map»։ UNOCA (անգլերեն)։ 4 March 2016։ արտագրուած է՝ 28 December 2022
  2. «Countries that use the Central African franc»։ Worlddata.info (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 December 2022-ին։ արտագրուած է՝ 28 December 2022
  3. «Central Africa»։ African Development Bank - Building today, a better Africa tomorrow (անգլերեն)։ 7 March 2019։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 10 July 2019-ին։ արտագրուած է՝ 28 December 2022