Jump to content

Կափարիչ (Պզտիկ Ծածկոց)

Պզտիկ ծածկոցը Ս. Պատարագի սկիհին ծածկոցին տակ դրուող քառակուսի կափարիչ մըն է: Արեւմտեան ծէսէն քաղուած սովորութիւն մըն է: Լատին եկեղեցուոյ մօտ վուշէ շինուած կ՛ըլլայ, իսկ արեւելեան Եկեղեցիներու մօտ՝ բամպակէ, վուշէ կամ մետաքսէ եւ այլազան գոյներով: Կրնայ ըլլալ քառակուսի կամ կլորակ: Քահանան անով կը ծածկէ սկիհը թռչող մժեղներուն դէմ: Կարգ մը արեւելեան Եկեղեցիներու մօտ երկրորդ կափարիչ-զարդ մը կը գործածուի՝ մաղզման հովէն պատսպարելու համար: