Jump to content

Կարօ Արմէն

Կարօ Արմէն
Ծնած է 31 Յունուար 1953(1953-01-31) (71 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Քոռնելի ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Վաշինգտոնի համալսարան Սենտ Լուիսում?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն գիտնական, գործարար, ձեռնարկատէր, գլխավոր գործադիր տնօրեն
Աշխատավայր Agenus?
Վարած պաշտօններ գլխավոր գործադիր տնօրեն?

Կարօ Արմէն (31 Յունուար 1953(1953-01-31), Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ գիտնական եւ գործարար։

Կարօ Արմէն ծնած է Պոլիս, 1953 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Տասնեօթ տարեկանին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր զինք սիրով ընդունած է հայ ընտանիք մը։

Ուսումը ստացած է Նիւ Եորքի «Քուրինճ» գոլէճին մէջ, իսկ Բնագիտական տարրաբանութեան (քիմիաբանութեան) տոքթորականի աստիճանին տիրացած է Նիւ Եորքի քաղաքային համալսարանի «Շրջանաւարտներու կեդրոն»ին մէջ[1]:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իբրեւ գիտաշխատող, ան անմիջապէս աշխատանքի նշանակուած է Լոնկ Այլընտի Պրուքուէյն ազգային տարրալուծարանին մէջ, բայց բաժնետոմսերու շուկայով տարուած, Կարօ Արմէն հեռացած է տարրալուծարանէն եւ աշխատանքի անցած Ուոլ Սթրիթի մէջ իբրեւ «Ի. Էֆ. Հաթըն» ընկերութեան առողջապահական հարցերու վերլուծաբան: Հոն ձեռք ձգած փորձին հիման վրայ ալ ստեղծած է իր անձնական առողջապահական ընկերութիւնը:

Իր մօր տառապանքները՝ քաղցկեղի ճիրաններուն մէջ, մղած են Կարօ Արմէնը ուսումնասիրելու նուաստացուցիչ այդ հիւանդութիւնը դարմանելու ուղիները եւ 1994 թուականին ան իր գործընկերոջ՝ հնդիկ Փրոֆ. Պարմոտ Սրիվաստավայի հետ պատերազմ յայտարարած է քաղցկեղի դէմ եւ հիմնած «Անթիճենիքս» կենսաարուեստագիտական (Biotechnology) ընկերութիւնը, որուն համանախագահն ու գործադիր տնօրէնն է ան: Միաժամանակ 2002-2004 թուականներուն «Էլան» կենսադեղագործական ընկերակցութեան խորհուրդի տնօրէնն էր:

Նախքան «Անթիճենիքս»ը, Կարօ Արմէն հիմնադրած է դրամական կառավարման, կենսաարհեստագիտական եւ դեղաբանական ընկերութիւններով մասնագիտացած «Արմէն Փարթնըրզ» ընկերութիւնը: Բացի այդ, հայ գիտնականը 1993 թուականին ստեղծած է «Իմունէքս Լետըրլի» ուռուցքաբանական կեդրոնը:

2002 թուականին «Էրնթս եւ Եանքը» Կարօ Արմէն ճանչցած է «Տարուան կենսաարհեստագիտական ձեռնարկատեր»։

Հայաստանի հետ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկաբնակ գիտնական-գործարարը Հայաստանի հետ իր գործունէութեան սկսած է 2000-ականներու սկիզբը:

Ան 2000 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ հիմնած էր «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF)՝ խորին համոզում ունենալով, որ երկրին ապագան երախաներու ձեռքերուն մէջ է, եւ որ անո՛նց պէտք է ուղղուին հիմնական ջանքերը: Հիմնադրամը արդէն իսկ օժանդակութիւն տրամադրած էր զանազան դպրոցներու ու մանկատուներու, ականազերծման ծրագիր իրականացուցած էր Արցախեան հակամարտութեան ընթացքին ականապատուած տարածքներուն վրայ:

2003 թուականի Օգոստոսին ան Հայաստան այցելած է յատուկ առաքելութեամբ մը: Արմաւիրի մարզին մէջ այցելած է մարզին ամենէն չքաւոր շրջաններէն մէկը՝ Բաղրամեանի մէջ գտնուող Քարակերտ գիւղը: Այդ գիւղին մէջ ան հանդիպած է տարեց մարդու մը եւ այդ հանդիպումն ալ կանխորոշած է այն տարածքաշրջանը, ուր «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը սկսած է իր գործունէութեան:

Ընդամէնը քանի մը տարի անց հինգ հազար բնակչութիւն ունեցող Քարակերտին մէջ գործած են վերականգնուած՝ մանկապարտէզը, դպրոցը, բոյժ-կանխարգելիչ հիմնարկը եւ համայնքային կեդրոնը:

2006 թուականէն սկսեալ հիմնադրամը սկսած է աշխատիլ հինգ համայնքներու մէջ եւս, որոնք նմանատիպ հարցեր ունէին, բայց առաջնահերթութիւնը տրուած է երախաներու կրթութեան: Հ

COAF-ի հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Տքթ. Կարօ Արմէն[2] հաւատացած է, որ Լոռիի մէջ ձեռնարկուող ՍՄԱՐԹ քայլերը հնարաւորութիւն կու տան հասնիլ նոյն արդիւնքին, ինչպէս է Արմաւիրի մէջ, բայց շատ աւելի արագ, աւելի մատչելի եւ առաւել արդիւնաւէտ ճանապարհով:

  • 2016 թուականին ան արժանացած է Միացեալ Նահանգներու «Տարուան ներգաղթեալ ձեռներէցը» մրցանակին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. LLC VIP Studio։ «Գիտնականը, բարերարը, մարդը...»։ arevelk.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-08-25 
  2. «Սփիւռքի Գործարարները Կը Դիտարկեն Հայրենիքի Մէջ Ներդրումային Նախագիծերու Իրականացման Հնարաւորութիւնները. Կարօ Արմէն»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2018-08-18։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-30-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-25