Կարմիր ժամուց (վիպակ)
Կարմիր ժամուց վիպակ։ Գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր՝ Արփիար Արփիարեանի գրիչով։[1]
Նշանակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1901-ին գրուած եւ 1903-ին առաջին անգամ լոյս տեսած իր «Կարմիր ժամուց» գործով` Արփիարեան մեր սերունդներուն կտակեց 19-րդ դարավերջին հայ ժողովուրդին ապրած ազգային-քաղաքական երկունքը յաւերժացնող ստեղծագործութիւն մը:[1]
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը կը ներկայացնէ պահպանողական եւ յեղափոխական երկու հակադիր հոսանքները։ Առաջին հոսանքին ներկայացուցիչն է Հայրապետ Էֆենտին, որ դէմ էր բոլոր յեղափոխական շարժումներուն։ Ան բախում կ՛ունենայ յեղափոխական հոսանքի ներկայացուցիչ Տէր Յուսիկ քահանային հետ։ Վերջինը եկեղեցւոյ մէջ բարձրաձայն կ՛երգէ. «Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» մաղթանքը՝ պատճառ դառնալով, որ ժողովուրդը սրտի խորերէն ժայթքեցնէ «ամէն»-ը, որ կը փոթորկի տաճարին մէջ։ Էֆենտին չափազանց կը նեղանայ այս պատահարէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, կարելի չէ «ազատութեան» մասին խօսիլ Օրթագիւղի մէջ։ Սակայն Հայրապետ Էֆենտիին փորձերը կը ձախողին։[1]
Այս դէպքերէն տարիներ ետք, կը ձերբակալուի Տէր Յուսիկ եւ բերդաքաղաք կը ղրկուի։ Կը ձերբակալուի նաեւ Հայրապետ էֆենտին, ինչ որ շատ գէշ կ՛ազդէ իր վրայ, եւ ան կը փոխէ իր մտայնութիւնը թրքական «բարեացակամութիւնը» ճաշակելէ ետք։ Ազատ արձակուած կ՛ըլլայ նաեւ Տէր Յուսիկ՝ տեղապահ սրբազանին բարեխօսութեամբ։ Երկու հակառակ մտածուներու տէր անձերը կրկին կը հանդիպին վիպակին վերջաւորութեան, սակայն այս անգամ՝ նոյնացած մտածումով։ Հայրապետ էֆենտին Տէր Յուսիկին քսակ մը ոսկի կը նուիրէ՝ գիւղին վարօդ եւ հրացան գնելու համար, եւ այս կ՛ըլլայ անոր «կարմիր ժամուցը»։[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 «12 Փետրուար 1908. «Կարմիր Ժամուց»-ի Անմահ Հեղինակը` Արփիար Արփիարեան Զոհ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-02-20։ արտագրուած է՝ 2025-09-21