Jump to content

Կարմիր Կաղամբ

Կարմիր կաղամբը կարմիրէն մանիշակագոյն տարաբնոյթ երանգներով բանջարեղէն մըն է։

Կը պատկանի կաղամբի ընտանիքին (Brassica oleracea) ու իր կազմով շատ կը նմանի սովորական ճերմակ կաղամբին, սակայն սննդարար պարունակութիւնը տարբեր է[1]։

Անիկա հարուստ է C եւ K կենսանիւթերով, մանրաթելերով եւ հակաօքսիդանտներով։

Կարմիր գոյնը պայմանաւորուած է «անդոսիանին» (Anthocyanin) կոչուող բնական գոյնանիւթով, որ նաեւ օգտակար է առողջութեան համար։

Կարմիր կաղամբը կը գործածուի թարմ աղցաններու, թթուաշներու եւ եփած ուտեստներու մէջ։ Իր գոյնը երբեմն կը փոխուի ըստ կաթիլ մը ջուրի թթուային կամ հիմնային բնոյթին՝ օրինակ, քացախի մէջ մանիշակագոյն կ'ըլլայ, իսկ սոտային հետ՝ կապոյտ։

Կարմիր Կաղամբով Աղցան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաղադրութիւն

Պատրաստութիւն

Կաղամբը շատ մանր ջարդել, ստեպղինը կեղուել եւ բարակ ցպիկներու վերածել եւ կամ քերոցէ անցընել:

Բանջարեղէնները աղցանի ամանի մը մէջ փոխադրել, վրան քացախը աւելցնել եւ քառորդ ժամ սպասել:

Մինչ այդ փոս ամանի մը մէջ խառնել կիտրոնի եւ նարինջի հիւթերը, աւելցնել ձէթն ու քիմիոնը եւ 2 ապուրի դգալ սովորական ջուր:

Խնձորները կեղուել եւ, ըստ ճաշակի, կտրտել եւ աւելցել կաղամբին եւ ստեպղինին վրայ:

Թացանը աւելցնել եւ միատեղ խառնել ու հրամցնել[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]