Կարապետ Տէր Մկրտչեան
Կարապետ Տէր Մկրտչեան | |
---|---|
Ծնած է | 29 Մարտ 1866 |
Ծննդավայր | Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 19 Նոյեմբեր 1915 (49 տարեկանին) կամ 2 Դեկտեմբեր 1915 (49 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ուսումնավայր | Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան |
Վարած պաշտօններ | եպիսկոպոս |
Կարապետ Տէր Մկրտչեան (29 Մարտ 1866, Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 19 Նոյեմբեր 1915 կամ 2 Դեկտեմբեր 1915, Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն), Աստուածաբան, պատմաբան, բանասէր, փիլիսոփայ եւ եկեղեցական գործիչ։
Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծնած է Նախիջեւանի Ցղնայ գիւղին մէջ[1]: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանէն ներս եւ ապա ընդունուած՝ Զաքաթալայի գաւառական դպրոցը:
Կարապետ իր մօրեղբօր՝ Յովհան Աւագ Վարդապետի միջնորդութեամբ 1880 թուականին ընդունուած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888 թուականին:
Ուսումը աւարտելէ ետք ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Գէորգեան ճեմարանէն ներս, միաժամանակ վարելով մատենադարանապետի պաշտօնը:
Կարապետ Տէր Մկրտչեան 1889 թուականին Գէորգ Զ. Չորեքճեանի եւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանի հետ օծուած է կուսակրօն. այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Լայփցիկի եւ Պերլինի բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ, հետեւած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանի եւ Մարպուրկի բողոքական աստուածաբանական հիմնարկի ուսուցումներուն: Նոյն տարիներուն գիտական յօդուածներով աշխատակցած է գերմանական յայտնի կրօնական հանդէսներուն:
Ուսումէն ետք վերադարձած է Սուրբ Էջմիածին եւ նշանակուած՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի օգնական եւ կրօնական առարկաներու ուսուցիչ, իսկ 1899-ին նշանակուած է Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ:
Բանասէրը 1902-1906 թուականներուն եղած է «Արարատ» հանդէսի կրօնական բաժնի պատասխանատու եւ ապա հանդէսի ընդհանուր խմբագիր[2]:
Տէր Մկրտչեան 1907 թուականին ընտրուած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ եւ այդտեղ հրատարակած է «Առաւօտ» շաբաթաթերթը, իսկ 1910-1912 թուականներուն խմբագրած է «Թաւրիզի Յայտարարութիւններ» թերթը:
Հեղինակ է բազմաթիւ գիտական, Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու։ 1902-1903 թուականներուն Կաթողիկոսի հրամանով ձեռնարկած է Աստուածաշունչի հրատարակման՝ աշխատանքներ համեմատելով եօթ տարբեր ձեռագրերու, սակայն ներքին անհամաձայնութիւններու պատճառով չէ հասած իր աւարտին:
Ուսումնասիրած է բազմաթիւ ձեռագրեր եւ հրատարակած է զանոնք «Արարատ» հանդէսի մէջ, ինչպէս «Գիրք Թղթոց»ը եւ այլն[3]:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ «Կարապետ Տէր Մկրտչեան»
- ↑ «Արարատ, Համար Ա․ (1913)»։ www.flib.sci.am։ արտագրուած է՝ 2019-03-17
- ↑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-08