Կատուներ

Կատուներ
Կատուներ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Կարգ Գիշատիչներ
Ընտանիք Կատուազգիներ
Լատիներէն անուանում
Felis catus



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Ընտանի կատու թապի-մաքրել գունաւորմամբ (վայրի գունավորում)

Կատուներ, ընտանի կատուներ կամ պարզապէս կատուներ (լատիներէն՝ Felis catus), ընտելացուած եւ մսակեր կաթնասուններ, որոնք կը պատկանին կատուազգիներու ընտանիքին։

Կատուները ընտելացուած են մարդու կողմէ՝ մօտ 10.000 տարի առաջ եւ այժմ կը դասուին աշխարհի ամենանշանաւոր ընտանի կենդանիներուն շարքին։ Կ'ենթադրուի, որ ժամանակակից կատուները յառաջացած են ափրիկեան վայրի կատուներէն (Felis silvestris lybica)։

Սկզբնական շրջանէն, նոյնիսկ մեր օրերուն, կատուները կը ծառայեն որպէս միջոց՝ ազատելու մուկերէն։ Ժամանակի ընթացքին, սակայն, կատուները նկատուած են՝ լաւ ընկերներ։

Կատուազգիներու ընտանիքին միւս ներկայացուցիչներէն յիշենք՝ առիւծը, վագրը, լէոբարը, ժակուարը, լուսան եւ բուման, այլ կերպ կրնանք անուանել մեծ կատուներ։ Հիւսիսային Եւրոպայէն տարածուած են «լինքս» կոչուած փոքր կատուները, որոնք դուրս կը մնան ընտանի կենդանիներու շարքէն։

Հետաքրքրական փաստեր՝ կատուներու մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տափաստանային կատու, որմէ ծագած է ընտանի կատուն

• Իւրաքանչիւր կատու քիթին վրայ եզակի պատկեր մը ունի: Անիկա նոյնքան իւրայատուկ է, որքան մարդուն մատնահետքերը:

• Ըստ «American Demographics» ամսագիրի տուեալներուն՝ Ամերիկայի մէջ կան աւելի քան 68 միլիոն կատու. անոնք մէկ ժամուան ընթացքին կը յօրանջեն 200 մլն. անգամ:

• Կարգ մը երկրներու մէջ, ընտանի կատուն ընտանիքին մէջ բացառութիւն կը համարուի, օրինակ՝ Կապոյի եւ Բերուի մէջ։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Աւստրալիոյ, գրեթէ բոլոր ընտանիքներուն մէջ կատուներ կ'ապրին:

• Կատուին սիրտը մէկ երկվայրկեանուան ընթացքին կը բաբախէ շուրջ 110-140 զարկ, այսինքն՝ 2 անգամ աւելի արագ կը բաբախէ, քան մարդուն սիրտը:

• Ամենափոքր կատուն կը համարուի սինկափուրեան կատուն, տուեալ ցեղատեսակի արու կատուն կը կշռէ շուրջ երեք քկ., իսկ էգ կատուն ոչ աւելի, քան երկու քկ.:

• Իսկ կատուազգիներու ամենամեծ ներկայացուցիչը վագրն է, անոր կշիռքը 300 քկ.-ի կը հասնի:

• Որոշ երկիրներու մէջ կատուները թոշակ կը ստանան: Օրինակ Աւստրիոյ մէջ կատու խնամողը կը ստանայ միս, կաթ եւ այլն:[1]

Առաւել յայտնի ցեղատեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կօշկաւոր Կատուն Կրիմմ եղբայրներու գրած յայտնի հեքիաթի հերոսն է:
  • Չեշիրի կատուն Լուիս Քերըլի «Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ» վէպի գործող անձերէն մէկն է:
  • Գերմանա-սքանտինաւական սիրոյ եւ ռազմի աստուածուհի Ֆրեյէան կ'ընթանար երկու կատուներու լծուած կառքով մը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հետաքրքրական փաստեր՝ կատուներու մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-08-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-28