Կասպք
Կասպք (հին յուն․՝ Κασπιανή)՛ Կասպերու ցեղին բնակեցուած տարածքն էր, որմէ ալ ստացած է իր անունը։ Սկզբնապէս՝ Ք.Ա. Գ.-Բ. դարերուն, Մարաստանի նահանգներէն մէկն էր։ Բ. դարուն նուաճուած է, իսկ Ե. դարուն՝ Սասանեան Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ, անցած է Աղուանքին, աւելի ուշ դառնալով անկախ պետութիւն։ Յ.Ք. Բ. դարուն այս շրջանը ծանօթ դարձած է իբրեւ Փայտակարան, իսկ 387 թուականէն ետք մաս կազմած է Աղուանքի մեծագոյն նահանգին՝ Բաղասականին[1]: Անիկա մօտաւորապէս կը համապատասխանէ այժմու Մուղանի դաշտին եւ Ղարատաղի (Արասպարան) շրջաններուն։
Վերադարձ դէպի Սիոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստուածաշունչի որոշ ուսումնասիրողներ կը կարծեն, թէ Եզրասի գիրքին մէջ յիշուած Քասիփիան հենց Կասպքն է՝ անուան հնչիւնական նմանութեան պատճառով։ Եզրաս, տեսնելով որ Եբրայեցիներու պաշտամունքը վերականգնելու համար բաւարար թիւով Ղեւտացիներ չկան, դիմեց Ադդովին (Իտտօ)։ Վերջինս կ՚առաջնորդէր այնտեղ աքսորուած Իսրայէլացիները (յստակ չէ՝ անոնք Հիւսիսային թագաւորութենէն էին, թէ Յուդայէն) եւ քանանացի ծառաները։ Ադդովը ղրկեց 38 Ղեւտացի եւ 220 քանանացի ծառայ (Դաւիթ թագաւորին կողմէ ստրկացուածներուն սերունդներէն), որպէսզի միանան Սիոն վերադարձող Հրեայներուն[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Robert H. Hewsen, Armenia: A Historical Atlas, University of Chicago Press, 2000. 978-0-226-33228-4
- ↑ Ezra 8