Կաշի

Կաշին կենդանիներու մորթերու խաղախորդումով կամ քիմիական մշակմամբ ստացուած ամուր, ճկուն եւ դիմացկուն նիւթ, որուն մշակման նպատակն է կանխել մորթին բնական քայքայումը[1]։
Կաշիի արտադրութեան համար յաճախ կը գործածուին մեծ եղջերաւոր անասուններու, ոչխարներու, այծերու եւ ձիազգիներու մորթերը, ինչպէս նաեւ գոմէշներու, խոզերու, վարազներու, ջայլամներու եւ ջրային անասուններու, ինչպէս՝ փոկերու մորթերը[2]։
Կաշին կը գործածուի զանազան իրերու արտադրութեան մէջ, ներառեալ հագուստ, կօշիկ, պայուսակ, կահոյք, գործիքներ եւ մարզական պիտոյքներ։
Իր դիմացկունութեան շնորհիւ կաշիէ իրերը կրնան տասնամեակներ շարունակ պահպանուիլ։
Կաշի պատրաստելու արհեստը աւելի քան 7000 տարուան պատմութիւն ունի։
Ներկայիս կաշիի գլխաւոր արտադրող երկիրներն են Չինաստանը եւ Հնդկաստանը։
Խաղախորդումներու գործունէութիւնը, սակայն, բնապահպանական եւ առողջապահական մտահոգութիւններ յառաջացուցած է։ Անոնց քննադատները կը նշեն, որ որոշ խաղախորդարաններ կ՚օգտագործեն բնապահպանական տեսակէտէ անկայուն եղանակներ, որոնք կրնան վտանգել թէ՛ շրջակայ միջավայրը եւ թէ՛ անոնց մօտ ապրող մարդոց առողջութիւնը։
Կաշիի արտադրութեան հանգրուաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կաշիի արտադրութեան գործընթացը հիմնականօրէն կը բաժնուի երեք հանգրուաններու՝
նախապատրաստական մշակում, խաղախորդում եւ կաշիի հիմնական մշակում[3]։
Անոնց կրնայ յաջորդել նաեւ վերջնամշակում մը, թէեւ ոչ բոլոր կաշիները կ՚անցնին այդ հանգրուանէն։
Նախապատրաստական մշակման ընթացքին, մորթը կը պատրաստուի խաղախորդման։
Այս հանգրուանը կրնայ ներառել մորթի թրջում, մազահանում, կիրով մշակում, կիրի հեռացում, սպիտակեցում եւ թթուաջրով մշակում։
Խաղախորդում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]խաղախորդումը այն գործընթացն է, որմով հում մորթի սպիտակուցները կը կայունացուին՝ մորթի ջերմային, քիմիական եւ մանրէաբանական դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու եւ զայն տարբեր նպատակներով գործածութեան յարմար դարձնելու համար։
Հում եւ խաղախորդուած մորթերու հիմնական տարբերութիւնն այն է, որ հում մորթը չորնալով կը կարծրանայ եւ կը կորսնցնէ իր ճկունութիւնը, իսկ կրկին թրջուելու պարագային, կը սկսի փտտիլ։
խաղախորդուած մորթը, չորնալով կը պահպանէ իր ճկունութիւնը եւ կրկին թրջուելէ ետք չի փտտիր։

խաղախորդման համար կը գործածուին բազմատեսակ եղանակներ եւ նիւթեր։ Սովորաբար մորթերը կը տեղաւորուին մեծ թմբուկի մը մէջ եւ կ'ընկղմուին խաղախորդուող լուծոյթ պարունակող բաղնիքի մը մէջ։ Թմբուկը դանդաղ կը դառնայ իր առանցքին շուրջ, մինչ խաղախորդուող լուծոյթը աստիճանաբար կը թափանցէ մորթի ամբողջ հաստութեան մէջ։ Երբ լուծոյթը հաւասարաչափ կը թափանցէ մորթին մէջ, անոր pH-ի մակարդակը աստիճանաբար կը բարձրացուի։ Այս գործընթացը կը նպաստէ խաղախորդուող նիւթի ամրացման կաշիին մէջ։ Որքան աւելի մեծ քանակութեամբ խաղախորդուող նիւթ կը կապուի կաշիին, այնքան աւելի կը բարձրանայ անոր ջերմաջրային կայունութիւնը եւ ջերմութեան ազդեցութեամբ կծկուելու դիմադրութիւնը։
Կաշիի հիմնական մշակումը

Կաշիի հիմնական մշակումը այն հանգրուանն է, որուն ընթացքին կաշին կը բարակցուի եւ կը փափկացուի, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ կը ներկուի։ Այս հանգրուանին, գործածուած քիմիական նիւթերը պէտք է ամրացուին կաշիին մէջ։ Մշակումը կ՚աւարտի կաշիի չորացումով եւ փափկացումով եւ կրնայ ներառել նաեւ կաշին շերտերու բաժնել, սափրել, ներկել, ճերմկցնել կամ այլ եղանակներով մշակել։
Որոշ կաշիներու մակերեսին խաղախորդողները կը կիրարկեն յատուկ ծածկոյթ մը, որ կը կոչուի վերջնամշակում։
Վերջնամշակում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս հանգրուանին մէջ կրնան կատարուիլ կաշիի իւղում, խոզանակում, յղկում, ծածկապատում, փայլեցում, զարդաքանդակ դրոշմում, փայլաւորում եւ թմբուկով փափկացում կամ այլ մշակումներ։
Կաշին կրնայ իւղուիլ՝ ջուրի նկատմամբ անոր դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար։
խաղախորդումէն ետք կատարուող այս գործընթացը կաշիին կը վերադարձնէ անոր բնական իւղերուն մէկ մասը, որոնք կրնան կրկնակի ջրային շփումներու հետեւանքով դուրս գալ կաշիէն։
Կաշիի կանոնաւոր իւղումը, օրինակ՝ անասունի սրունքոսկրերու իւղով կամ համանման նիւթով, կը պահպանէ անոր փափկութիւնն ու ճկունութիւնը եւ զգալիօրէն կ՚երկարէ անոր օգտագործման տեւողութիւնը։