Կանանց Նկատմամբ Բռնութեան Վերացման Միջազգային Օր
Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օր (ՄԱԿ-ի պաշտօնական այլ լեզուներով․ անգլ.՝ International Day for the Elimination of Violence against Women, արաբ․՝ اليوم الدولي للقضاء على العنف ضد المرأة, սպ.՝ Dia Internacional de la Eliminacion de la Violencia contra la Mujer, չինարէն՝ 消除对妇女的暴力行为国际日, ֆր.՝ la Journée internationale pour l'élimination de la violence à l'égard des femmes, ռուս.՝ Международный день борьбы за ликвидацию насилия в отношении женщин), նպատակ ունի ուշադրութեան հրաւիրել մոլորակի բոլոր երկիրներուն մէջ կանանց նկատմամբ բռնութեան խնդրին։ Կը նշուի ամէն տարի 25 նոյեմբերին[1]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրը սահմանուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի կողմէց 2000 թուականին (թիւ A/RES/54/134 բանաձեւ)։ Ամսաթիւն ընտրուած է ի յիշատակ Միրաբալ քոյրերու, որոնք սպանուածլ են Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ 25 Նոյեմբեր 1960-ին։ Գլխաւոր ժողովին իր բանաձեւին մէջ կառավարութիւններուն, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն, միջազգային եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն հրաւիրած է միջոցառումներ կազմակերպել այս օրը՝ հասարակութեան ուշադրութիւնը կանանց նկատմամբ բռնութեան խնդրի վրայ հրաւիրելու համար։ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը իր ուղերձներուն մէջ 2004-2005 թուականներուն կ՚ըսէ, որ կանանց նկատմամբ բռնութիւնը չափազանց տարածուած է, բնորոշ է բոլոր մշակոյթներուն մէջ եւ կ՚ազդէ կանանց վրայ՝ անկախ անոնց ռասայէն, եկամուտէն կամ ծագումէն։ Կանայք բռնութեան կ՚ենթարկուին իրաւական ոլորտին եւ առօրեայ կեանքոին մէջ։ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կը նշէ, որ 2005 թուականի Համաշխարհային գագաթնաժողովին «առաջնորդները պարտաւորուած են կրկնապատկել ջանքերը՝ վերացնելու կանանց եւ աղջիկներու նկատմամբ բռնութեան բոլոր ձեւերը»։
Թիւ A/RES/54/134 որոշման մէջ նշուած փաստաթղթերի վերաբերեալ յօդուածներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիր
- Տնտեսական, սոցիալական եւ մշակութային իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիր
- Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիր
- Կանանց նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին համագումար
- Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի դէմ համագումար։
Շարք մը միջազգային փաստաթուղթեր, որոնք նշուած են թիւ A/RES/54/134 բանաձեւին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հռչակագիր կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման մասին, 1993 թուական։