Կաղապար:Wikimedia CEE Spring 2026

Ուիքիմետիա ԿԱԵ[1] Գարունը միջազգային ձեռնարկ մըն է, կազմակերպուած Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի Ուիքիփետիստներու եւ Ուիքիմիտիստներու կողմէ, նպատակ ունենալով շրջանի իւրաքանչիւր երկրի, լեզուի եւ հատուածի մասին յօդուածներու ստեղծումն ու ընդլայնումը՝ շրջանի Ուիքիփետիայի բոլոր լեզուական տարբերակներուն համար։ Ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ 2026 թուականի Մարտ 21-էն մինչեւ Մայիս 31։ Այս ժամանակաշրջանին, Ուիքիփետիայի բոլոր մասնակցող լեզուական տարբերակներուն մէջ մրցոյթ մը տեղի կ՚ունենայ, կեդրոնանալով շրջանի իւրաքանչիւր երկրի, հատուածի եւ լեզուի պատմութեան, մշակոյթին եւ անձնաւորութիւններուն նուիրուած յօդուածներու գրութեան վրայ։ Կայ դրամաշնորհի առաջարկ մը՝ մրցոյթի միջազգային կանոններուն հետեւիլ պատրաստ իւրաքանչիւր մասնակցող երկրի համար 400 Եւրոյի մրցանակային գումարով։
Յօդուածներու ցանկ
[Խմբագրել աղբիւրը]Այլ երկիրներու/համայնքներու/լեզուներու մասին
[Խմբագրել աղբիւրը]Շուտով կը տեղադրուի։
Մեր լեզուին/համայնքին հետ կապուած
[Խմբագրել աղբիւրը]Շուտով կը տեղադրուի։
Յաղթելու պայմաններ
[Խմբագրել աղբիւրը]- Անհրաժեշտ է, որ մասնակիցները ստորագրեն իրենց յօդուածին քովը՝ նախքան խմբագրման անցնիլը։
- Յօդուածներու խմբագրման ընթացքին անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել լեզուի մաքրութեան եւ շարադասութեան ճշգրտութեան։
- Խմբագրուած յօդուածը հրապարակելէ առաջ, անպայման ուշադիր կարդալ եղած ներդրումը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կատարել ուղղումներ։
- Ողջունելի է յօդուածները հարստացնել բազմալեզու աղբիւրներով եւ ծանօթագրութիւններով։
- Հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար, աղբիւրներուն բովանդակութիւնը նոյնութեամբ չկրկնօրինակել։
- Ձեր խմբագրման նիւթի ընտրութիւնները չեն ազդեր արդիւնքներուն վրայ, բայց պէտք է CEE Spring 2026 նախագծին էջէն ըլլայ։
- Ստեղծուած յօդուածը նուազագոյնը պէտք է ըլլայ 2 հազար պայթ։
- Յօդուածի արելաւումը նուազագոյնը պէտք է 500-750 պայթ ըլլայ։
Արդիւնաւէտ եւ հաճելի խմբագրաթոն։
Մասնակիցներ եւ արդիւնքներ
[Խմբագրել աղբիւրը]| Դիրք | Մասնակից | Ստեղծուած յօդուածներ | Բարելաւուած յօդուածներ | Notes |
|---|---|---|---|---|
| 1 | Մասնակից:Օրինակ | 50 | 20 | 12381722 |
CEE Spring 2026-ի ընթացքին ստեղծուած եւ կամ բարելաւուած յօդուածներու ցանկ
[Խմբագրել աղբիւրը]Հաշուարկ
[Խմբագրել աղբիւրը]- Ընդհանուր -- յօդուած ստեղծուեցաւ այս նախագծի ընթացքին
- Ընդհանուր -- յօդուած բարելաւուեցաւ այս նախագծի ընթացքին
Կապ հաստատել
[Խմբագրել աղբիւրը]Ինչ հարցումներ որ ունիք, անպայման գրեցէք։ ❤️
- Ազնիւ Ստեփանեան (Մասնակից:Azniv Stepanian)
- Շահէն Արապօղլեան (Մասնակից:ShahenWasHere)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել աղբիւրը]- Wikimedia CEE Spring 2026 - Մրցոյթին հիմնական Մեթա էջը
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպա