Jump to content

Կաղապար:Category link with count

[[:Ստորոգութիւն:|Ստորոգութիւն:]] (0)

[խմբագրել] [մաքրել քեշը] Կաղապարի նկարագրութիւն

Նկարագրութիւն

[Խմբագրել աղբիւրը]

Ստորոգութիւն:... (0) կը ստեղծէ յղում մը ստորոգութեան մը, եւ անոր կողքին կը ցուցադրէ ստորոգութեան մէջ եղած էջերուն թիւը։ Թիւը կու գայ PAGESINCATEGORY վերլուծիչի ֆունկցիայէն։

Գործածութիւն

[Խմբագրել աղբիւրը]

Մէկ պարամետրով՝

  • {{Clc|ՍՏՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ}}

Երկու պարամետրով՝

  • {{Clc|ՍՏՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ|ՏԵՍԱԿ}}

Երկրորդ պարամետրը կ՚որոշէ թէ ի՛նչ կը հաշուուի։ Անոր արժէքները անգլերէն բանալի բառեր են եւ չեն թարգմանուիր՝

  • all՝ ամբողջը (լռելեայն)
  • pages՝ միայն յօդուածները
  • subcats՝ միայն ենթաստորոգութիւնները
  • files՝ միայն նիշքերը

name պարամետրը կը փոխէ յղումին ցուցադրուող գրութիւնը՝

  • {{Clc|ՍՏՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ|name=ԱՆՈՒՆ}}

Ստորոգութիւն: նախածանցը ընտրովի է։ Կաղապարը կ՚ընդունի թէ՛ նախածանցով, թէ՛ առանց նախածանցի գրուած անունը, ինչպէս նաեւ անգլերէն Category: նախածանցը՝ en-էն ներմուծուած կաղապարներուն համար։

Ծախսատար ֆունկցիա

[Խմբագրել աղբիւրը]

PAGESINCATEGORY ծախսատար վերլուծիչի ֆունկցիա է։ Ամէն էջ ունի այդպիսի ֆունկցիաներու սահմանաւորուած թիւ, եւ սահմանէն ետք մնացած կանչերը լուռ կերպով կը դադրին աշխատելէ. թիւը պարզապէս չ՚երեւիր։

Եթէ երկար ցանկի մը մէջ թիւերը կէսէն ետք կ՚անհետանան, պատճառը ասիկա է, ոչ թէ կաղապարին սխալ մը։ Ճշգրիտ սահմանը տեսնելու համար՝ նայէ՛ էջին սկզբնագիրին HTML մեկնաբանութիւններուն, ուր կայ Expensive parser function count տողը։

Տարբերութիւններ en տարբերակէն

[Խմբագրել աղբիւրը]
  • en տարբերակը կը գործածէ Module:String՝ նախածանցը հեռացնելու համար, եւ կը ճանչնայ միայն անգլերէն Category: նախածանցը։ Հոս անոր տեղ կը գործածուի կախարդական բառը, որ կը հեռացնէ որեւէ անուանատարածքի նախածանց։ Այսպէսով Module:String-ի կախեալութիւնը կը վերնայ։
  • Հետեւանք. եթէ կաղապարին տրուի ուրիշ անուանատարածքի էջ մը, օրինակ Կաղապար:Ինչ որ բան, նախածանցը կը հեռցուի եւ յղումը կ՚երթայ Ստորոգութիւն:Ինչ որ բան։ en տարբերակը զայն անփոփոխ կը ձգէր։
  • en-ի վրայ կաղապարին լման անունն է Category link with count, իսկ clc՝ կարճ ձեւը։ Հոս կայ միայն Clc։