Jump to content

Կաղամար

Կաղամարը փոքրիկ աման մըն է, որուն պարտականութիւնն է մելանը ապահով կերպով պահել:

Սովորաբար կաղամարները կը պատրաստուին ապակիէ, արծաթէ կամ կապարէ եւ յաճախ կը գտնուին գրասեղանի մը վրայ։

Գրողը կամ նկարիչը իր փետուրին, վրձինին կամ գրիչին ծայրը կաղամարին մէջ կը թաթխէ, երբ մելանի պէտք ունի։

Գնդիկաւոր գրիչ մը ունենալու պարագային՝ անիկա կրնայ իր մելանի պաշարը լեցնել ուղղակի կաղամարէն։

Կաղամարները սովորաբար կափարիչ մը ունին, որպէսզի մելանը օդէն չքայքայուի կամ ալ փոշիով ու այլ խառնուկներով չաղտոտի։

Անցեալին, այլ տեսակ մըն ալ կար՝ ճանչցուած իբրեւ ճամբորդական կաղամար, որ ամուր պտուտակով կափարիչ մը ունէր։ Այս կաղամարը յարմարեցուած էր ճամբորդի մը համար, որ իր մելանի պաշարը կրնար պահել ճամբորդութեան ընթացքին՝ առանց մելանի արտահոսքի վտանգին[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]