Jump to content

Կակոփետրիա

Կակոփետրիա (յուն․՝ Κακοπετριά)

Կակոփետրիան պատմական եւ գեղատեսիլ գիւղ մըն է Կիպրոսի մէջ, որ կը գտնուի Թրոտոսի լեռներուն վրայ, Նիկոսիայէն մօտ 55 ք.մ. հարաւ–արեւմուտք։ Գիւղը կը գտնուի 667 մետր բարձրութեան վրայ եւ կը նկատուի Սոլէայի հովիտի ամենաբարձր եւ սիրուած բնակավայրերէն մէկը։ Կակոփետրիա ունի մօտ 1,200 մշտական բնակիչ, սակայն ամրան ամիսներուն բնակչութիւնը կը շատնայ անոնցմով, որոնք ամառանոց ունին հոն, կամ եղած են գիւղէն, սակայն կայք հաստատած են Նիկոսիոյ մէջ։

Սուրբ Նիկոլաոս տիս Ստեգիս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կակոփետրիայի մօտ կը գտնուի Աղիոս Նիքոլաս եկեղեցին («Տանիքաւոր Սուրբ Նիկողայոս»), ԺԱ դարու եկեղեցի մը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մաս կը կազմէ Թրոտոս շրջանի նկարազարդ տասը եկեղեցիներու շարքին։ Ան Կիպրոսի միակ պահպանուած Միջին Բիւզանդական շրջանի կաթողիկէ եկեղեցին է, հռչակուած իր հարուստ որմնանկարներով եւ միջնադարեան ճարտարապետութեամբ։

Գիւղը կը գտնուի Կարկոթիս եւ Կարիլլիաս գետերու միացման կէտին վրայ։ Այս երկու գետերը կը միանան գիւղի կեդրոնական հատուածին մէջ եւ կը կազմեն Կլարիոս գետը, որ կը հոսի ամբողջ Սոլէայի հովիտին երկայնքին եւ վերջապէս կը թափի Մորֆուի ծոց։ Տարածքը կը բնորոշուի խիտ անտառային մակերեսով, ձորերով եւ քարաշէն հին բնակավայրերով, որոնք Կակոփետրիային առանձնայատուկ բնութիւն եւ հմայք կու տան։

Գիւղը ունի երկու հիմնական բաժիններ. Նոր Կակոփետրիա, որ գերակշռաբար կը բաղկանայ մեծ եւ արդի տուներէ, կառուցուած լայն թեքավայրերուն եւ գետեզերքին, եւ հին Կակոփետրիա, որ կը պահէ իր միջնադարեան կառուցուածքն ու ոճը՝ նեղ ոլորուն փողոցներ, երկյարկ քարաշէն տուներ, փայտաշէն պատշգամներ եւ թեք, կարմիր կտուրներ։ Հին գիւղը կը համարուի Կիպրոսի գեղեցիկ եւ ինքնատիպ գիւղական հատուածներէն մէկը։

Պեղումները կը վկայեն, որ Կակոփետրիայի շրջանը բնակուած էր արդէն մ.թ. 6–7-րդ դարերուն։ 1938-ի պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են տաճարի մէկ սրահին բեմը, որ ըստ երեւոյթին նուիրուած էր Աթենա աստուածուհիին, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով կաւէ արձանիկներ եւ զէնքի մնացորդներ, վերագրուած՝ Կիպրոսի արխայիկ եւ դասական շրջաններուն։ Այս բոլոր գտածոները կը վկայեն, որ Աթենա եւ Հերակլէս աստուածները պաշտուած են շրջանին մէջ։ Գտածոները այսօր կը պահուին Նիկոսիոյ Հնագիտական Թանգարանին մէջ։

Գիւղի անվանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղանուան ծագումին մասին կան երկու հիմնական վարկածներ. մէկը կը բխի յունարէն kako («վատ») եւ petra («քար») բառերէն, իսկ երկրորդը կը կապուի տեղական աւանդութեան՝ «Պետրա տու Անտրոճինիի» կամ «Ամոլի Քար»-ին։ Ըստ աւանդութեան՝ նորապսակ զոյգեր կը նստէին այդ մեծ քարին վրայ՝ բարի բախտ յուսալու համար, սակայն օր մը քարը կը գլորի եւ կը ճնշէ անոնցմէ մէկը: Այսպիսով՝ ժողովուրդը կը սկսի զայն կոչել «վատ քար», իսկ գիւղը՝ Կակոփետրիա։