Կալիլէա
Շրջան | |
---|---|
Կալիլէա | |
եբր.՝ הַגָּלִיל արաբերէն՝ الجليل | |
![]() Կալիլէա․ Historical Atlas, գործ՝ William R. Shepherd (1923) | |
Երկիր |
![]() |
Կալիլէա կամ Գալիլեա[1] (եբրայերէն՝ הַגָּלִיל հակալիլ, լատինացուած՝ Galilaea Կալիլէա, արաբ․՝ الجليل ալժալիլ)․ շրջան որ կը գտնուի հարաւային Լիբանանի եւ հիւսիսային Իսրայէլի միջեւ։ Կալիլէա երկու մասերու բաժնուած է՝ Վերին Կալիլէա (הגליל העליון, ha-Galil ha-Elyon; الجليل الأعلى, al-Jalīl al-Aʿlā) եւ Վարին Կալիլէա (גליל תחתון, Galil Taḫton; الجليل الأسفل, al-Jalīl al-Asfal)։
Ստուգաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրեաները շրջանը Կալիլ גָּלִיל կ՛անուանեն, որ շրջանակ կամ շրջան կը նշանակէ։ Եբրայական անունը գործածուած է Եսայիա 8։23-ին մէջ (Եսայիա 9։1 Isaiah 9՝ Հին Կտակարանի եւ կամ Եբրայական Աւետարանի 9րդ գլուխ), իբրեւ կազմուած պետութիւն․ եբրայերէնով՝ ազգերու Կալիլէան (גְּלִיל הַגּוֹיִם gəlil haggóyim «Galilee of the nations»)։
Աշխահրագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յովսէփոս Ֆլավիոս իր «Եբրակայան Պատերազմը» գործին մէջ Կալիլէան երկու մասի բաժնած է եւ անուանած է Վերին ու Վարին Կալիլէա։ Անոնց սահմանները ճշդած է ու այդ երկու շրջանները նկարագրած է։
Յիսուսին ապրած տարիներուն, Պաղեստինի Սամարիա նահանգին հիւսիսային շրջանը Կալիլէա կը կոչուէր (ներառնուած էին Հազոր, Զավուլոն եւ Իսահար ցեղերուն հին շրջանները)։ Այդ ժամանակաշրջանին՝ Ա․ դար, Կալիլէա ունէր 15 բերդաքաղաքներ եւ 204 գիւղեր, որոնք կը բարգաւաճէին։ Ինչպէս նաեւ Կալիլէայի լիճը, ուր ըստ Աւետարանիչներուն, Յիսուս 4 անգամ այցելած էր եւ մէկ այցելութեան ժամանակ նաւարկած էր։
Վերին Կալիլէա կ՛երկարի Պէյթ Հաքերեմ հովիտէն մինչեւ հարաւային Լիբանան։ Անոր արեւելեան սահմանները՝ Հուլա հովիտը եւ Կալիլէայի լիճը, զայն կը բաժնեն Կոլանի բարձրունքներէն։
Վարին Կալիլէա տարածուած է Հովիտներուն (Ճեզրիլ, Հարոտ եւ Պեթ Շին) հիւսիսը, իսկ Պէյթ Հաքերեմ հովիտին հարաւը։ Կ՛ընդգրկէ Նազարէթ արաբական քաղաքը եւ Քանա գիւղը։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկաթէ դարաշրջան եւ Հրէական Աւետարանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Աւետարանին, Կալիլէա կոչուած էր Նաֆթալի․ անունը յառաջ եկած է հոն ապրող Նաֆթալի եւ Տան ցեղերէն։

Սողոմոն թագաւոր, իր դաշնակից Սիտոնի փիւնիկեցի Հիրամ Ա․ կը պարգեւատրէ Կալիլէայի շրջանը անոր 20 քաղաքներով (1 Թագաւորի 9 պետութիւններ)։ Այդ քաղաքները կը բնակուին կամ Հիրամի (կամ Քիրամի) թագաւորութեան ընթացքին եւ ետքը օտարերկրացիներուն կողմէ, եւ կամ Նոր-Ասորեստանի կայսրութեան կողմէն նուաճած շրջաններէն բռնի տեղահանուածներով։ Հիրամ փոխադարձելու համար Դաւիթին տուած նախկին նուէրները, կ՛ընդունի Նաֆթալի լեռներուն միջեւ գտնուող հովիտը եւ զայն որոշ ժամանակի մը համար «Քապուլի երկիր» կը վերանուանէ։
Երկաթէ Բ․ դարաշրջանին, Կալիլէա մաս կազմած է Իսրայէլի Թագաւորութեան, որ սակայն կ՛իյնայ Ասորեստանցիներուն ձեռքը։ Հանբանական պեղումներ կը վկայեն թէ բաւական դարեր Կալիլէա կ՛ամայանայ եւ Ք․Ա․ 732-ին կը վերաբնակեցուի Ասորեստանէն տեղահանուած հրեաներով։
Հելլենիստական ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հելլենիստակն ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան եւ Հասմոնեան ժամանակաշրջանէն առաջ, Կալիլէա ցանցառօրէն բնակուած է։ Թել Անաֆայի Tel Anafa, Քետեշի Kedesh եւ Աշ-Շուհատայի Ash-Shuhada հնաբանական պեղումները, կը վկայեն թէ Վերին Կալիլէա բնակուած է հեթանոս ժողովուրդէ մը որոնք սերտ կապեր ունեցած են Փիւնիկէի ծովեզերեան շրջաններուն հետ։
Հասմոնեան ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հասմոնեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, Կալիլէա կը ներհոսեն հրէական ցեղեր։ Այդ կը վկայեն Եոթֆաթ, Մայրուն, Սեֆորիս, Շիխին, Քանա, Պերսապէ, Զալմոն, Միմլահ, Միկտալ, Արպել, Քեֆար Հիթայա եւ Պեթ Մաոն շրջաններուն մէջ կատարուած հնաբանական պեղումները։
Հռոմէական ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ Հռոմէական ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ Հռոմէական ժամանակաշրջանին, Կալիլէան հրեաները կ՛իշխեն։ Ք․Ա․63-ին հռոմէական իշխանութեան ընթացքին կը կատարուի հրէական կարեւոր հոսք դէպի Կալիլէա։ Ք․Ա․1-ին դարու վերջաւորութեան եւ դար մը ետք, Քեֆար Հանանիա Kafr 'Inan, Բարոտ Farradiyya, Ռավիտ Ravid, Մաշքանեհ Mashkaneh, Սապան Sabban եւ Թիպերիաս Tiberias քաղաքները կը հիմնուին։

Կալիլէայի տնտեսութիւնը արագօրէն կը զարգանայ։ Ձիթենին կը մշակուէր Վերին Կալիլէայի մէջ, իսկ Կալիլէա լիճին ափերուն տարածուած քաղաքներուն եւ գիւղերուն բնակչութեան լուրջ թիւ մը ձկնորսութեամբ կը զբաղէր։ Այդ կը փաստեն հնաբանական պեղումները, որոնք ի միջի այլոց, կը վկայեն թէ Վերին եւ Վարին Կալիլէայի բնակիչները սերտ կապեր ունեցած են իրենց շրջապատող յունախօս քաղաքներու հետ։
Հռոմէացիները հրեայ կառավարիչ կը նշանակէին եւ բանակ չէին հաստատած շրջանին մէջ, որքան ժամանակ հարկերը կանոնաւոր կը ստանային։ Եղած կարգ մը ապստամբութիւնները, անյաջող էին։ Հռոմէական բանակը Կալիլէա կը մտնէ 63-ին, Հրէական Պատերազմին ընթացքին։
Հրէականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռէականութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Բ․դարավերջերուն եւ Գ․դարասկիզբին։ Ըստ ռաբունական աղբիւրներու Յուդա հա-Նասի Judah ha-Nasi ղեկավարութեան շրջանին, կը սերտանան կապերը Սուրիա-Պաղեստինի եւ Սփիւռքի հրէական համայնքի եւ հռոմէական իշխանութեան հետ։
Բիւզանդական ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դ․դարուն, Կալիլէայի բնակչութիւնը կը նուազի։ Հրէական բնակչութեան թիւը կը նուազի, իսկ քրիստոնեայ բնակչութեան թիւ աճ կ՛արձանագրէ։ ՄԻնչեւ Է․ դար, արեւմտեան Կալիլէայի հրեայ բնակչութեան թիւը կը գերազանցէ։ Շրջանը կ՛ասպատակեն բազմաթիւ վաչկատու ցեղեր։
Խաչակիրներու, Այուպեաններու եւ մեմլուքներու ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]630-ին, Սուրիան եւ Պաղեստինը արաբները կը գրաւեն։ Կալիլէա Jund al-Urdunn շրջանին մաս կը կազմէ։ Ժ․ դարուն, Ֆաթիմեան հարստութիւնը շրջանը կը գրաւէ։ Իսկ Խաչակիրներու արշաւանքներու ժամանակաշրջանին, Կալիլէա Երուսաղեմի թագաւորութեան մաս կը կազմէ։

Այուպեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին Սիւնի իսլամներ Կալիլէա կը ներհոսեն։ Անոնց հետ նաեւ Սուֆի քարոզիչներ, որոնք գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլան տեղացիները մահմետական կրօնին հետեւին։ Հրեաներուն ներհոսքը սակայն կը շարունակուի եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի երբ 1492-ին Սպանիա իր հրեայ բնակչութիւնը կը վտարէ։
Օսմանեան ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսմանեան ժամանակաշրջանին ընթացքին, Կալիլէա 1549-1660 մաս կը կազմէ Դամասկոսի վիլայէթին, որ 1775-1841 կը դառնայ Աքրէ Վիլայէթ։ ԺԷ․ դարուն Կալիլէա եւ Լիբանանի լեռնաշղթան Տրուզ բնակչութեան պայքարին (1658–1667) թատերաբեմ կը դառնան։ Իսկ ԺԸ․ դարու կէսերուն, արաբները կը պայքարին օսմանցիներուն դէմ, սակայն Ճեզար փաշա 1775-ին շրջանը կը գրաւէ։
1831-ին, Կալիլէա Օսմանեան Սուրիոյ մաս կը կազմէ։ 1864-ին, Թանզիմաթի ժամանակ, Կալիլէա մաս կը կազմէ Աքրէ Սանճաքին, որ իր կարգին 1888-ին կը կառավարուի Պէյրութի Վիլայէթին կողմէն։
1866-ին հայազգի ամերիկացի միսիոներ, բժիշկ Գալուստ Վարդան կը հիմնէ Կալիլէայի առաջին հիւսանդանոցը՝ «Նազարէթ հիւանդանոց»ը (EMMS Nazareth Hospital)։
Բրիտանական կարգավիճակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա․Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան իբրեւ հետեւանք Մուտրոսի դաշինքով, Կալիլէա կ՛անցնի բրիտանական գերիշխանութեան տակ։
Նորագոյն ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1948-ի Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմէն ետք, Կալիլէա անցած է Իսրայէլի իշխանութեան տակ։ Բնակչութեան մեծ մասը գաղթած է եւ կամ բռնի տեղահանուած է, ետին ձգելով տասնեակներով ամայի գիւղեր։ Սակայն, լուրջ թիւ մը արաբ ազգութեամբ Իսրայէլի բնակիչներ Կալիլէա մնացած են եւ Նազարեթին մօտակայ քաղաքներուն մէջ՝ Աքրէ, Թամրա, Սախնին եւ Շեֆա-Ամիր։ Կալիլէայի ծովուն շուրջ հիմնուած Քիպուծ-հաւաքները Վեցօրեայ պատերազմին ընթացքին քանիցս ռմբակոծուած են։
1970-1980 տասնամեակին ընթացքին, Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (PLO) բազմազան յարձակումներ կատարած է Վերին եւ արեւմտեան Կալիլէայի քաղաքներուն եւ գիւղերուն վրայ։ Միաժամանակ հարաւային Լիբանան անկայուն վիճակ կ՛ունենայ, որուն կը հետեւի Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմ (13 Ապրիլ 1975 – 13 Հոկտեմբեր 1990)։ Պատերազմին իբր բնական հետեւանք, Իսրայէլ յաջորդաբար կը նախաձեռնէ Լիթանի Գործողութեան (1979) եւ Լեռնալիբանանի Կռիւներուն (1982)․ միտումն էր կործանել Պաղեստինի ազատագրական կազմակերպութիւնը։
2006-ի Իսրայէլ-Լիբանան բախումը կը յատկանշուի Կալիլէայի շրջանին մէջ ռմբակոծումներով։
Ժողովրդագրոթիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ 2006-ին մարդահամարին, Կալիլէայի բնակչութեան 47% հրեայ է։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կալիլէա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Կալիլէա եւ Թապոր լեռը
-
Հուլա լիճ
-
Կալիլէայի լիճ (կը կոչուի նաեւ Կալիլէայի ծով)
-
Հուլա հովիտ ազգային պուրակ
-
Կալիլէա
Կալիլէայի հնաբանական վայրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Թել Ռաշ, արեւմտեան Կալիլէա
-
Հորվաթ Իրաւ-Իրպին․ բիւզանդական ժամանակաշրջանի եկեղոցիներու աւերակներ
-
Բիւզանդական եկեղեցի․ խճանկար
-
Եէսուտ Համաալա հնաբանական վայր
-
Մաիլիա․ բիւզանդական եկեղեցւոյ խճանկար
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ abbas Mechithar Sebastensis (1769)։ Bargirkh haykazean lezoni. Bazaneal yerkous hators. Arareal i Mhitharay Sebastathuory. (etc.) (Wörterbuch der armenischen Sprache. in 2 Bd, verfasst von Mhithar aus Siwas etc.) armen (հայերեն)։ Bortoli
- ↑ Կրօն, ազգագրութիւն եւ ինքնութիւն հին Կալիլէայի մէջ․ Jürgen Zangenberg; Harold W. Attridge; Dale B. Martin (2007)(անգլերէն)
- ↑ Կալիլէայի բնակութեան պատմութիւնը, Երկաթէ դարաշրջանէն մինչեւ հռոմէական դարաշրջան Yardenna Alexandre (2020)(անգլերէն)
- ↑ Կալիլէայի բնակութիւնը հելլենիստական, հռոմէական եւ բիւզանդական շրջանինLeibner, Uzi (2009)(անգլերէն)
- ↑ Կալիլէայի մէջ հրեայ բնակչութեան թիւի նուազումOfer Petersburg (December 12, 2007)(անգլերէն)
- ↑ Կալիլէա, առցանց գրադարան(յունարէն)
- ↑ Երուսաղեմի Պատրիարքութիւն․ Ուխտագնացութիւն դէպի Կալիլէա,(յունարէն)
- ↑ Archaiologia․ Կալիլէայի աւերակներուն մէջ, 27-12-2025(յունարէն)