Jump to content

Ծիծեռնակ (նախաձեռնութիւն)

Ծիծեռնակը բազմադիմի ձեռնարկութիւն մըն է նուիրուած Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման, ստեղծուած սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծուհի, լրագրող եւ ուսուցչուհի Նորա Պարութճեանի կողմէ։[1]

Անոր գործունէութիւնը կը դրսեւորուի հետեւեալ ուղղութիւններով՝

  1. Պատանեկան եւ երիտասարդական կայքէջ:
  2. Անսթակրամի էջ։
  3. Եութիւպեան կայան։

Պատանեկան եւ երիտասարդական կայքէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կայքէջը Պատանի եւ երիտասարդ հայերու տրամադրութեան տակ դրուած հարթակ մըն է։ Նուիրուած Արեւմտահայերէնի գործածութեան։ Կայքէջին նպատակն է արեւմտահայերէնով արտայայտուող պատանիներու եւ երիտասարդներու արտայայտուելու տեղ ըլլալ։ Երիտասարդ սերունդին արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու առիթ տալ։[1]

Պատանեկան բաժին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այստեղ կը հրապարակուին պատանի տարիքի աշակերտներու արեւմտահայերէնով աշխատութիւնները՝ գրութիւն, նկարչութիւն, խաղ, տեսերիզ, եւն․․․ Այս հարթակը առիթ  կու տայ պատանիներուն իրենց ստեղծագործութիւնները հասարակութեան հետ բաժնելու։[1]

Երիտասարդական բաժին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծիծեռնակի շուրջ հաւաքուած է հայ երիտասարդներու կոկիկ խմբակը, քանի մը ամիսը անգամ մը կը մէկտեղէ սփիւռքահայ եւ մասնաւորապէս ֆրանսահայ երիտասարդներ` ժամանակակից նիւթ մը քննարկելու համար: Երիտասարդները կ՛առաջարկեն նիւթերը եւ առաջարկողը կը վարէ զրոյցը։ Փափաքողները գրաւոր կ’արտայայտեն նիւթին մասին իրենց կարծիքը, որ կը հրապարակուի կայքէջին վրայ։ Կը պատրաստուին նաեւ բանաստեղծական տեսերիզներ։ Կայ նաեւ նկարչական յաջող նախաձեռնութիւն։[1]

Այստեղ կը տեղադրուին հայերէն բառեր ու եզրոյթներ, բառին ձայնագրութեամբ, որուն կ’ընկերանան ֆրանսերէն ու անգլերէն թարգմանութիւնները։[1]

Եութիւպեան կայան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեսանկարներու ալիք մը, ուր կը սփռուին երիտասարդներուն ու պատանիներուն պատրաստած տեսերիզները՝ բանաստեղծութիւններու, հեքիաթներու եւ պատմուածքներու իրենց կարդացողութեանց, տեսերիզներուն յետանկարները՝ անոնց իսկ գծած նկարներով զարդարուած։[1]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 «Յառաջ Գարնան Ծիծեռնակ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-02-16։ արտագրուած է՝ 2025-08-17