Ծիծաղ
Արտաքին տեսք


Խնդուք, Ծիծաղ, մարդոց բնական դրսեւորումները, որոնք կը ներառեն իւրայատուկ ձայներ, դէմքի եւ շնչառական համակարգի մկաններու ոչ կամածին շարժումներ։
Խնդալը անկառավարելի է: Միաժամանակ անիկա բան մըն է, որ մարդիկ գիտեն ընել իրենց ծնունդէն[1]:
Խնդուքին դրական կողմերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- խնդուքը համայնական, հասարակական գործունէութիւն է, որ կը նպաստէ յարաբերութիւններու ամրապնդման, կը ցրուէ հաւանական հակամարտութիւնները եւ կը թեթեւցնէ պրկումը, ճնշումը եւ մտահոգութիւնը:
- Խնդալը կ'աշխատցնէ փորի մկանները:
- Խնդուքը կը բարձրացնէ սրտանօթային գործառոյթը` ամրապնդելով ախտամերժ, դիմադրողական համակարգերը:
- Երբ մարդիկ զօրաւոր խնդան, փորի մկանները կը կծկուին: Խնդալը թուլութիւն կը յառաջացնէ: Եւ ինչպէս ամէն ինչ իրարու կապուած է մարմինին մէջ, փորին մէջ խնդուքին յառաջացուցած շարժումը մարսողութիւնը կը դիւրացնէ եւ կ'արագացնէ: Ասիկա կ'աւելցնէ ստամոքսային հիւթերը, կը մարձէ եւ կը հանգստացնէ մարսողական խողովակը:
- Խնդալը կրնայ հանդարտեցնել շնչարգելութեան տագնապ մը. խնդալը կ'աշխատցնէ շնչառական գործարանները եւ կը թուլցնէ թոքերու ցնցուղներուն մկանները:

- Մթնոլորտը կը թեթեւցնէ: Խանդավառութիւն կը յառաջացնէ:
- Կը զօրացնէ ընկերային կապերը եւ հաղորդակցութիւնը:
- Խնդալը կը փոխէ օրը եւ մարդիկ ամէն ինչ դրական ձեւով կը տեսնեն:
- Երբ մարդիկ խնդան, օդը դուրս կը հանեն ժամական 100 քմ. արագութեամբ:
- Երբեմն կարելիութիւն կու տայ ծածկելու մարդոց նեղութիւնը կամ ցաւը:
- Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի տոկոսը: Երբ մարդիկ խնդան, շնչառական փոխանակութիւնները կը բազմապատկուին, ասիկա մարմինին կը հայթայթէ աւելի թթուածին եւ կը նուազեցնէ երակներուն վրայ հաւաքուող իւղին քանակը. խնդալու ատեն, մարդիկ կը շարժին, կը քրտնին, եւ քրտինքը կ'այրէ իւղերն ու թոյները: Վերջապէս, շարժումը կը մարձէ լեարդը եւ պանկրէասը, կ'արձակէ մաղձային նիւթեր եւ կ'ոչնչացնէ վնասակար իւղերը:
- Խնդալը կը յառաջացնէ անտորֆին, որ երջանկութեան հորմոնն է: Ան ցաւը կը հանդարտեցնէ եւ ընկճախտը կը թեթեւցնէ:
- Խնդուքի միջոցով բուժումը լաւ կը գործէ եւ կը բարձրացնէ ուղեղին մէջ սերոթոնինի մակարդակը, որ ջիղերու կարեւորագոյն հաղորդիչ է, անհրաժեշտ` բարեկեցութեան եւ հանգստութեան զգացումներու համար:
- Խնդալը կրնայ նաեւ քիչ մը նիհարցնել: Կ'ըսուի, որ մէկ վայրկեան խնդուքը հաւասար է 15 վայրկեան քալելու[2]:
- Մանուկները չափահասներէն երեք անգամ աւելի կը խնդան:
- Բժիշկները կը թելադրեն օրական 10-15 վայրկեան խնդալ` առողջ ըլլալու համար:
- Օրական 10-15 վայրկեան խնդուքը կ'այրէ 10-40 ջերմուժ (քալորի)[3]:
- Խնդուքը հաւասար է 30 վայրկեան հանգիստի:
- Ուսումնասիրութիւնները եւ փորձերը ապացուցած են, որ միայն ձայնագրուած խնդուքը լսելը կրնայ ծիծաղ յառաջացնել (այդ իսկ պատճառով պատկերասփիւռային հաղորդումներու մէջ խնդուք կը գործածեն): Ըստ մասնագէտներու, մարդիկ 30 անգամ աւելի յաճախ կը խնդան, երբ ուրիշ մը կայ իրենց մօտ, քան երբ առանձին են: