Jump to content

Ծաղկեվանք (Լիճք)

Ծաղկեվանք մատուռ (Լիճք)

Ծաղկեվանք մատուռ, կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզի Լիճք գիւղին մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին[1]։Հայ առաքելական մատուռ, կառուցման յստակ տարեթիւը յայտնի չէ, բայց որոշ արձանագրութիւններու համաձայն կարելի է վերագրել 10-րդ դարուն:

Մատուռը տեղակայուած է շրջապարիսպէն դէպի հիւսիս-արեւելեան եզրին, մատուռին ծածկը եւ պատերու վերին մասերը փլատակ են։ Մատուռին ներսը կան վեց խաչքարեր, որոնցմէ 3-ը կը պատկանի նոյն գերդաստանին եւ իրենց վրայ առկայ է արժէքաւոր արձանագրութիւններ։ Անոնք կը համարուին այստեղի հնագոյն յուշարձաններէն, որոնցմէ առաջինը թուագրուած է 1284 թուականով։ Սուրբ Աստվածածին եկեղեցին եւ մատուռը այդ տարածքին մէջ գտնուող 9-20-րդ դարերու գերեզմանոցի ենթայուշարձաններ կը հանդիսանան։ Գերեզմանոցին մէջ պահպանուած են 10-17 դարերու 47 խաչքար եւ 5 տապանաքար։

Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին XIV դարու կառոյց է, կը գտնուի շրջապարիսպի հիւսիսային եզրին, Ծաղկեվանք մատուռէն մօտ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ, այն փայտածածկ է` շինուած ճեղքուած քարերով, պատերն ու տանիքը կիսափլատակ են։ Եկեղեցւոյ բեմի ներսի կորութեան մէջ ագուցուած են բազմաթիւ խաչքարեր, որոնցմէ ամենահինը թուագրուած է 1456 թուականով։ Բեմին վրայ առկայ է Արամերէն արձանագրութիւն՝ որ կը պատկանի Արտաշէսեան ժամանակաշրջանին, սահմանաքարի բեկորը գտնուելէն անմիջապէս ետք տեղափոխուած է Երեւան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. hushardzantest։ «Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԾԱՂԿԵՎԱՆՔ ՄԱՏՈՒՌ»։ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան։ արտագրուած է՝ 11 Յունիս 2021 թ․