Jump to content

Ծաղկեվանք (Արա լեռ)

Ծաղկեվանք (Արա լեռ)

Ծաղկեվանք կամ Կոյս Վարվառա, քարանձաւի մէջ փորուած վանք, Հայաստանի Արա լերան վրայ։ Մօտակայ բնակիչները այնտեղ կը տօնեն թէ՛ քրիստոնէական, թէ՛ հեթանոսական տօները[1]։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծաղկեվանքը կը գտնուի Արա լերան վրայ, Արագածոտնի մարզին մէջ։ Մամռոտ վանքին մէջ կայ աղբիւր մը, որ կ'ըսուի, թէ առողջարար յատկութիւններ ունի, յատկապէս տեսողութեան կապակցութեամբ։ Ջուրին մէջ ցինկի նշանակալի մակարդակ կայ, որ կ'օգնէ տեսողութեան, ինչպէս նաեւ յօդերու եւ մկաններու ջղաձգութեան պարագային։ Տեղի բնակիչները անոր «Սուրբ ջուր» կ'անուանեն։

Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծաղկեվանքը Կոյս Վարվառայի մահարձանը կը համարուի։ Իսկ ըստ Վատիկանի՝ Սուրբ Վարվառան, ինչպէս Սուրբ Քրիստափորը հաւանաբար առասպելական է, իսկ եթէ ոչ՝ ապա կամ իր դաժան հօր ձեռքով զոհուած է քրիստոնէութիւն ընդունելու համար, եւ կամ յափշտակուած է հրեշտակներու միջոցով[2]։

Ըստ այլ լեկենտի մը, Ծաղիկ անունով կոյս աղջիկ մը կ'ապրէր։ Հայկական իշխաններէն մէկը կը հիանայ անոր գեղեցկութեան եւ կ'ուզէ բռնի տիրանալ անոր։ Ծաղիկը վախնալով կը փախչի Արայի լեռ թաքնուելու համար։ Լերան ստորոտին ան կը հանդիպի հովիւի մը, որ գառներ կ'արածէր եւ կը խնդրէ ոչ մէկին չյայտնել իր տեղը։

Զայրացած իշխանը կը սկսի փնտռել Ծաղիկը՝ անոր պատժելու համար, կը հանդիպի հովիւին, հովիւը կը վախնայ անկէ եւ կը յայտնէ Ծաղիկ կոյսին տեղը։ Ծաղիկը տեսնելով, որ իշխանը ուր որ է կը հասնի իրեն, կը բարձրանայ հսկայ ժայռին եւ իրեն ներքեւ կը նետէ։ Այդ պահուն մատնիչ հովիւը իր ոչխարներով կը քարանայ։ Ծաղիկի անուամբ Արայի լերան վրայի մատուռը կը կոչուի իր անունով։ Մատուռի կտուրէն կաթող ջուրը կը համարուի Ծաղիկ կոյսի արցունքները։ Մարդիկ կու գան եւ կը տանին այդ ջուրէն, հաւատալով, որ ան կը բուժէ իրենց եւ կենդանիներու աչքերը։

Գրականութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչատուր Աբովեանը իր Առաջին Սէրը պատմուածքին մէջ գրած է.[3]

Ով Հայաստանի սուրբ աշխարհի մեծութիւնը, անոր դրախտանման դաշտերու հոտն ու համը, Էն ծաղկափթիթ ձորերը, էն անմահական աղբիւրներու ջուրը, ու Հայոց անմեղ ազգի հագուստը, ուրախութիւնը, խաղը, բարեպաշտութիւնն ու աստուածասիրութիւնը կը կամենար տեսնել, անոր գառը որդոց ազիզ երեսին նայի, մուրազն առնի, էս տեղ պէտք է գար, Ծաղկեվանքի ծերին պիտի կանգներ, որ իմանայ՝ թէ էս երկնանման բարձրութենէն էին Հայք իրանց աշխարհին մտիկ տալիս, Մասսա, Ալագեազի վրայ խնդալ, Նոյան տապանը, Լուսաւորիչի կանթեղը, սուրբ Գեղարդաւանքը, էջմիածին ու Խոր Վիրապ միտքերը բերել, կրակի պէս վառել, արծիւի պէս թռչիլ, ամպի հետ բարձրանալ, ջան ու արին ջուրի պէս մատաղ ընել, որ իրենց լիս հողից չզրկուին, չհեռանան, սուր տան, սուրը քաշուին, բայց Էնտեղ ապրին, Էնտեղ մեռնին։ Սրանք էին, որ Հայկի վեհ սիրտը վառեցին, Վաղարշակ իրենց ծոցը քաշեցին, Տիգրանին թէ տուին, Տրդատին Հռովմա ետ բերին, Վռամշապուհի վսեմ միտքը բորբոքեցին, որ Հայաստան իմաստութեան տան շինէ։ Սրանք էին, որ Մովսէս Խորենացին տեսնելով՝ կը վերանար, Եղիշէ պատմելով՝ կը խոյանայ, Վարդան, Վահան Մամիկոնեան արին վեր ածելով՝ նո՛ր հոգի կ'առնէ, Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի գովելով՝ հրեշտակի լեզու կը ստանայ։ Էլի սրանք էին, էս սուրբ սարերը, որ ջրհեղեղովն աշխարհը քանդուելով, Աստուծոյ աչքը մեր աշխարհին վրայ մնաց քաղցր, մեր աշխարհը ընտրեց արդար Նոյի բնակութեան համար, էնքան ազգեր էլ, որ սար ու ձոր ոտնատակ տալով, թուր թրի տուին, որ մեր ազգի շուաքն աշխարհքի երեսիցը կտրեն, իրենք փչացան, իրենք վերջացան ու էլի մեր սուրբ հաւատը, մեր արդար Հայոց որդիքը՝ էս օր էլ կան, էս օր էլ իրենց օրէնքն ու լեզուն՝ իրենց սրտերուն, բերաններուն ունին, ու իրենց լաւութիւնով, աշխատասիրութիւնով, խելօքութիւնովն ու հաւատարմութիւնով՝ ամէն ազգի սիրելի, ամէն երկրի մէջ գոված՝ կան ու կը մնան ու իրենց ընտիր հոգին ո՛չ կը փոխեն, ո՛չ կը մոռնան։


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Արայի լեռ (անգլերէն)»։ արտագրուած է՝ 26 Ապրիլ 2009 թ․ 
  2. «Արա Լեռ (անգլերէն)»։ արտագրուած է՝ 26 Ապրիլ 2009 թ․ 
  3. «Աբովեան Խաչատուր՝ Առաջին սէրը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 Սեպտեմբեր 2015 թ․-ին։ արտագրուած է՝ 26 Ապրիլ 2009 թ․