Խրիմի Մանրանկարչական Դպրոցը

Խրիմի կամ Ղրիմի մանրանկարչական դպրոց, Հայկական Մանրանկարչութեան դպրոց Ղրիմի մէջ։ Խրիմի հայկական գաղութը գոյատեւած է ԺԳ.- ԺԹ. դարերուն։ Հոն կառուցուած եկեղեցիներուն եւ վանքերուն մէջ գրուած եւ նկարազարդուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ կը պահուին Ղրիմի մէջ ընդօրինակուած շուրջ 300 հայերէն ձեռագիրներ)։

Իւրայատկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խրիմի մանրանկարչական դպրոցը հայ մանրանկարչութեան կարեւոր ճիւղերէն մէկն է։ Խրիմի հայ նկարիչներուն ստեղծագործութիւններուն մէջ նկատելի են հայրենի արուեստին աւանդներն ու Կիլիկեան մանրանկարչութեան ազդեցութիւնը (ԺԴ. դարու վերջերուն Խրիմ գաղթած էին նաեւ Կիլիկիայէն հայ մանրանկարիչներ)։ Խրիմի մանրանկարչութեան վրայ որոշակի ազդեցութիւն ձգած է նաեւ նոր միջավայրը, ուր ապրած եւ ստեղծագործած են տարբեր ժողովուրդներ։

Հայ մանրանկարիչները ստեղծած են այնպիսի արուեստ մը, որ կը բնորոշուի բարձր արհեստավարժութեամբ, գծային ու երփներանգային ձեւերու իւրօրինակ զուգորդումով։

Յետնամասի ոսկեգոյնը յաճախ կը փոխարինուի գոց կապոյտով, որ մանրանկարներուն կը հաղորդէ ընդգծուած արտայայտչականութիւն եւ խորհրդաւորութիւն։

Գրչութեան կարեւոր կեդրոններն էին Կաֆա կամ Թէօտոսիան (այսօր` Ֆէոտոսիա) եւ Մուրխաթը (այժմ՝ Ստարի Կրիմ)։ Հոն աշխատած են Գրիգոր Սուքիասեանցը, Առաքելը (ԺԴ. դարու հայ մանրանկարիչ), ողջ Խրիմի մէջ հռչակաւոր Նատերի որդիները՝ Աւետիսն ու Ստեփանոսը եւ վերջինիս որդին՝ Յովհաննէսը։

Երբ ԺԵ. դարու վերջաւորութեան թաթարները եւ թուրքերը գրաւած են Խրիմը, հայ գաղութին մշակութային կեանքը անկում արձանագրած է։

Գրչատուներու Գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրչատուներու գործունէութիւնը կրկին կ'աշխուժանայ ԺԷ. դարուն։ Նկարիչներէն են Նաղաշ էոլպեն, Նիկողայոս Ծաղկարարը եւ Խասպեկը, որոնք կը շարունակեն իրենց նախորդներուն լաւագոյն աւանդութիւները։

Տպագրութեան արհեստագիտութեան զարգացումով մանրանկարչական արուեստը իր տեղը կը զիջի փորագրութեան եւ հաստոցային գեղանկարչութեան։ Այս ասպարէզներուն մէջ եւս Խրիմի հայերը մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերեն, որոնց ամէնէն ցայտուն ներկայացուցիչը աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններն են։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ալպոյաճեան Ա․, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան, Ե․ 2, Գահիրէ, 1955։
  • Միքայէլեան Վ․, Խրիմի հայկական գաղութի պատմութիւն, Ե․, 1964։ ․
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կաղապար:Հայկական մանրանկարչություն