Խուճապային Գրոհ

Խուճապային Գրոհ կամ Սարսափի նոպաներ, աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ յաճախ հանդիպող հոգեբանական խանգարումներ են։
Շատ մարդիկ կը դիմագրաւեն այս նոպաները յանկարծակի եւ առանց նախնական նախազգուշացման, ինչ որ անոնց կը պատճառէ ուժեղ լարուածութիւն եւ խուճապ։
Սարսափի նոպաները կրնան յայտնուիլ անակնկալ ձեւով, կամ ըլլալ «PanicDisorder» կոչուող խանգարումէն մաս մը, որ կրնայ լուրջ կերպով ազդել մարդու առօրեային վրայ[1]:
Սարսափի նոպան յանկարծակի եւ բազմապատկուած վախի կամ խիստ տագնապի շրջափակ է, որ յաճախ առանց պատճառի կը յայտնուի: Այս նոպաները կը միանան ֆիզիքական եւ հոգեբանական բազմաթիւ ախտանիշներու հետ, որոնք մարդը կը դարձնեն այնպէս զգացող, կարծես իրական վտանգի մը մէջ է, նոյնիսկ եթէ իրական վտանգ չկայ[2]։
Սարսափի նոպաներու ախտանիշեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շնչառութեան դժուարութիւն կամ արագ շնչառութիւն
- Սիրտի արագ կամ անկանոն տրոփիւն
- Քրտինք
- Դող կամ ցնցում
- Գլխապտոյտ կամ թեթեւութիւն
- Շնչահեղձութեան զգացում
- Անիրականութեան զգացում կամ ինքնէն հեռացում
- Վախ՝ վերահսկողութիւնը կորսնցնելու
- Վախ մահուան զգացում
Պատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատճառները մարդէ մարդ կրնան տարբերիլ, բայց յաճախ կը կապուին հետեւեալ գործօններուն.
- Ժառանգականութիւն – ընտանիքներու մէջ, ուր անհանգստութեան կամ սարսափի «պատմութիւն» կայ։
- Հոգեկան լարուածութիւն – երկարատեւ ճնշուածութիւն, կորուստ, կենսական փոփոխութիւններ։
- Բնապահպանական գործօններ – անցեալի վնասակար կամ վախցնող փորձառութիւններ։
Լաւագոյն բանը այն է, որ սարսափի նոպաները կարելի է կառավարել՝ օգտագործելով տարբեր ձեւեր, որոնցմէ յատկանշական են՝
Խոր եւ դանդաղ շնչառութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շնչառութեան կարգաւորումը կը նուազեցնէ մարմինի լարուածութիւնը եւ կը հանգստացնէ նոպայի ընթացքը։ Շեշտը դնել ներշնչում-արտաշնչումի վրայ՝ կը վերականգնէ վերահսկողութիւնը։
Մարմնավարժութիւն, Եոկա եւ հանգստացման թեքնիքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եոկան կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը եւ կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը։
Գործնական – վարքային «մարզանք» (CBT)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս ձեւը ամէնէն արդիւնաւէտ բուժումներէն մէկն է։ Անիկա կը սորվեցնէ փոխարինել բացասական միտքերը՝ առողջ նմոյշներով եւ կառուցել նոր վարքային գործիքներ։
Դեղորայքային բուժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժիշկի հսկողութեամբ կրնան օգտագործուիլ յատուկ դեղեր՝ նոպաներու տեւողութիւնը եւ ուժգնութիւնը մեղմելու համար։
Խուսափիլ գրգռիչներէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաֆէյին, նիկոթին եւ որոշ այլ նիւթեր կրնան զօրացնել սարսափի նոպաները։ Լաւ է զանոնք նուազեցնել կամ ամբողջովին ձգել։
Ընկերային աջակցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընտանիք, ընկերներ կամ աջակցող խումբեր կրնան մեծ օգնութիւն ըլլալ։ Խօսիլ, բաժնեկցիլ, լսուիլ.- այս բոլորը կը մեղմացնեն տագնապը։
Կարգաւորուած դիմադարձում (exposure therapy)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդը դանդաղ ու ապահով կերպով կը դառնայ դիմացկուն այն բանին հանդէպ, որ կը վախցնէ զինք։ Ժամանակի ընթացքին այս մեթոտը կը նուազեցնէ սարսափային արձագանգը[3][4]: