Խորէն Արք. Գալֆայեան

Խորէն Արք. Գալֆայեան
Ծննդեան անուն Խորէն Գալֆայեան
Ծնած է 6 Սեպտեմբեր, 1831
Ծննդավայր Կ. Պոլիս (Իսթամպուլ)
Մահացած է 4 Նոյեմբեր, 1892
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[1]
Ս. Ղազար կղզի
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թատերագիր, խմբագիր, թարգմանիչ
Աշխատավայր կղերական, հոգեւոր հովիւ, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն
Վարած պաշտօններ Եպիսկոպոս[2]
Ամուսին չէ ամուսնացած, միասեռական կրնայ ըլլալ
Երեխաներ կուսակրօն էր

Խորէն Արք. Գալֆայեան (Նար-Պեյ Լուսինեան) (6 Սեպտեմբեր, 1831 - 4 Նոյեմբեր, 1892), հայ բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, խմբագիր, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հովիւ, կղերական։

ԻՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Վենետիկէն կու գայ։ Գրական իր պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ ոճի, շունչի, բանաստեղծական զգայարանքի բոլոր յատկանիշները՝ Մխիթարեան են։ Գրական պաճուճամոլութիւնը, գրաբարին անթօթափելի հմայքը, բանաստեղծութիւնը պատումի միջոց դաւանելու միամիտ հաւատքը իրեն հետ կը բերէ՝ սքեմին տակ։ Անդամ է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան:

1854-ին կը խզէ իր կապերը Ս. Ղազարու հետ ու կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետ։ Իրեն հետ Միաբանութիւնն ու կաթոլիկ եկեղեցին լքած են նաեւ Գաբրիէլ եպս. Այվազովսքի՝ հիմնադիր եւ առաջին խմբագիր «Բազմավէպ»ի՝ (1843—1848), Ամբրոսիոս վրդ. Գալֆայեան (եղբայրը Նար-Պէյի, Հելուսինեան անունով ծանօթ) եւ Սարգիս Վրդ. Թէոդորեան:

1855-ին՝ Գաբրիէլ վրդ. Այվազովսքի` Փարիզի մէջ կը ձեռնարկէ «Մասեաց Աղաւնի-Աւետաբեր Հայաստանեայց» հանդէսի հրատարակութեան, աշխատակցութեամբ Վենետիկէն հեռացող իր ընկերներով, որոնց մէջ նաեւ Նար-Պէյ։

Փարիզի Մուրատեան վարժարանի մէջ ուսուցչական պաշտօնավարութեան օրերուն (պաշտօն՝ զոր իրեն վստահած էր Վենետիկեան Միաբանութիւնը) ծանօթութիւն հաստատած է Ալֆոնս Տը Լամարթինի հետ, որուն «Դաշնակք» (harmonies) գործը կը թարգմանէ եւ կր հրատարակէ 1859-ին: Յաջորդաբար կ՚անցնի Թէոդտոսիա, էջմիածին, ապա Երուսաղէմ՝ ուր եպիսկոպոս կր ձեռնադրուի 1867-ին: Շրջան մը կը վարէ Ռումանահայոց աոաջնորդութիւնը, սակայն շուտով կ'անցնի Պոլիս, ուր պիտի ապրէր իր կեանքի ամէնէն բեղուն ու նոյնքան ողբերգական տարիները։

Ժամանակակիցներու վկայութեան համաձայն՝ պերճասէր ու պերճաբան եկեղեցական մրը եղած է, հռետորական շնորհներով։ Շրջան մը, իր անունն ու գործը շրթունքներու վրայ էին՝ Պոլսոյ մէջ։ Գրականութեան չափ՝ զինք կը խանդավառէ նաեւ թատերական շարժումը, որուն կը բերէ իր աջակցութիւնը։

1878-ին, մաս կը կազմէր Պերլինի Վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան։ Վերադարձին, կասկածելի եւ անվստահելի կը դառնայ Համիտի համար, որ նաեւ լրտես ու ռուսասէր կը նկատէր զինք։ Նար-Պէյ Թիֆլիս մեկնած էր այդ օրերուն, մասնակցելու համար Սանասարեանի յուղարկաւորութեան։ Ալեքսանդր ցարի կողմէ պատուանշան ստացած ու շատ աւելի խորացուցած էր սուլթանին կասկածանքը։ Հակառակ այս բոլորին, սակայն, կրցած էր հաւաստիք ընծայել Համիտի, թէ անհիմն էին բոլոր կասկածները։ Նոյնիսկ, Օսմանիյէ շքանշանով պատուուած էր անկէ։ Քիչ Ժամանակ ետք, սակայն, փաստուեցաւ որ կապ կը պահէ Ֆրանսացի քաղաքական դէմքերու հետ, ու գաղտնի թղթակցութեամբ, պետական գաղտնիքներ եւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ անոնց։ 1888-ին, Նար-Պէյի տունը կը պաշարուի ոստիկանութեան կողմէ, ձեռք կ'անցըուի գաղտնի նամակներէն մէկը եւ վերջնականօրէն համոզում կը գոյանայ՝ թէ անտեղի չէին իր մասին սնուցուած կասկածները։ Օրուան պատրիարք Աշըգեան՝ կարգալոյծ կը հռչակէ Նար-Պէյը, որ շրջան մը կ'ապրի իր քրոջ մօտ։ 4 Նոյեմբեր 1892-ին ոստիկանական կեդրոն կը հրաւիրուի Սուլթանին կարգադրութեամբ ու հրահանգով եւ հոն թունաւոր սուրճով կը սպաննուի։

Նար-Պէյի գրական վաստակը կը ներկայանայ քերթուածներու երեք հատորներով` «Վարդենիք», «Քնար պանդխտին» եւ «Ստուերք Հայկականք», յաջորդաբար հրատարակուած՝ 1863-ին, 1868-ին եւ 1874-ին։ Առաջին հատորին անունը կու գայ քրոջ (Վարդուհի) հանդէպ իր անհուն գուրգուրանքէն եւ խանդաղատանքէն։ Ատեն մը, այդ այլապէս մարդկային ու բնական զգացումը բաւական էր քերթելու։ Հոգեկան իր վիշտերուն սփոփանքը կը գտնէ անոր սիրոյն մէջ։ Կամ՝ կ'ուզէ մասնակից դարձնել զայն իր ցաւին, երբ կորսնցուցած մօրկանը յուշքը կ'արիւնէ իր սիրտը։ Երկրորդ եւ երրորդ հատորները իրենց անուններով կը բացատրեն իրենք զիրենք։ Մասնաւորաբար «Ստուերք Հայկականք»ի մէջ՝ հայրենիքն է անսպառ աղբիւրը ներշնչումներու, երբեմն չարիքի համազօր միօրինակութեամբ, հազար անգամ ըսուած քաղցր ու թաց խօսքերու շեշտով: Անշուշտ մտածում մը կարելի է գտնել միշտ ասոնց մէջ, կամ զգալ բաբախումի մը հեռաւոր, անդրանշոյլ ներկայութիւնը։ Սակայն, առ հասարակ քարացած, տժգունած, հինցած են անոնք՝ ոչ թերեւս անոր համար, որ արուեստն ու տաղանդը կը պակսին անոնց հեղինակին, այլ որովհետեւ մեր ականջները խուլցած են այնքան երկար ատեն այդ յանկերգը լսելէ:

Այսօր մանաւանդ, երր ազգաշունչ ու գաղափարագրական գրականութիւնը այլապէս շքեղ էջեր փոխանցած է մեզի, Նար-Պէյներու քերթողութիւնը ջիղ չի գտներ յուզելու: Իրենց ժամանակին մէջ, որոշ լիութեան հասած վկայութիւններ են անոնք: Պատմութիւնը քերթողութեան մեկնակէտ ընդունելու հին վարժութիւնը կը պոռայ այդ հատորին մէջ։ 1850-ին՝ ապրումէ աւելի բան մըն էր այդ գիծով ողջունել Մուսան...: Բայց Նար-Պէյ, ո'չ ժամանակը, ոչ ալ ձեւը կրցած է գտնել միւսներուն հետեւելու (Ալիշան, Պեշիկթաշլեան, Պատկանեան, Նալպանտեան):

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։

● Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ու մէջ` Խորէն Գալֆայեանի մասին հետեւեալ կապի միջոցաւ

http://www.digilib.am/book/381/395/9041/%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6%20%D5%BB%D5%B8%D5%BB%D5%A5%D6%80

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կ. Պոլիս։ Փոքր տարիքէն իր եղբօր՝ Ամբրոսիոս Գալֆայանի հետ ուղարկուած է Վենետիկ, Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքը, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը։

Պաշտօնավարած է Մխիթարեաններու Փարիզի Մուրատեան վարժարանը։ Փարիզ, Գաբրիէլ Այվազովսկիի հետ 1855-1858 թուականներուն խմբագրած է «Մասեաց Աղաւնի» ամսագիրը։ 1856 թուականին կը հրաժարի կաթոլիկական դաւանանքէն ու Մխիթարեան Միաբանութենէն: Կը դառնայ Փարիզի Հայկազեան վարժարանի տնօրէն։

Այդ պաշտօնը վարած է 1857-1859 թուականներուն։ Փարիզ անձամբ ծանօթացած է ու մտերմացած` Լամարթինի հետ, ձեռնարկած է անոր բանաստեղծութիւններու թարգմանութեան, որ հրատարակած է 1859 թուականին` «Դաշնակք Լամարթինեայ» խորագրով, ամենախրթին գրաբարով։

Հայկազեան վարժարանի փակումէն յետոյ վերադարձած է Պոլիս, ապա մեկնած Թեոտոսիա, որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած Խալիպեան դպրոցէն ներս, միաժամանակ մասնակցելով, Փարիզէն այնտեղ տեղափոխուած, «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսի խմբագրման աշխատանքներուն։ Թեոտոսիոյ մէջ տպագրած է շարք մը երկեր, ինչպէս՝ «Արշակ Բ.» ողբերգութիւնը (1861), «Ալաֆրանկա» կատակերգութիւնը (1862), «Վարդենիք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն (1863), ուր սուր քննադատութեան ենթարկած է Միքայէլ Նալբանտեանը իր «Աղցմիք» զաւեշտին մէջ։

1864 թուականին կը մեկնի Պոլիս, կը զբաղի քարոզչութեամբ, միաժամանակ կ'ունենայ քաղաքական գործունէութիւն. Մկրտիչ Խրիմեանի հետ մեկնած է Պերլին, հայկական հարցի հրահրման առիթով։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]