Խիտին
Արտաքին տեսք

Խիտին, ածխաջուրերու խումբի օրկանական նիւթ, ազոտ պարունակող միակ բնական բարդ բազմաշաքարը: Խիտինը կը կազմէ անողնաշար անասուններու արտաքին ոսկրոյթը եւ կը կատարէ պաշտպանական ու կառուցուածքային դեր[1]։
Կենսաբանական նշանակութիւն ձկնաբուծութեան մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Դիմադրողական համակարգի խթանում
Խիտինը կը նպաստէ ձուկերու դիմադրողականութեան ամրապնդման։ Անոնք կ'աշխուժացնեն բջիջներու գործունէութիւնը, ինչ որ կը նուազեցնէ հիւանդութիւններու տարածման վտանգը։
- Մարսողական օժանդակութիւն - Խիտինը կը նպաստէ մարսողութեան գործընթացին եւ սննդարար նիւթերու ներծծման բարելաւման, ինչպէս նաեւ կրնայ օգնել ճարպերու եւ սպիտակուցներու քայքայման ու մարսման։
- Հակապաքթերիալ ազդեցութիւն (հակացպկային մարմիններ) - Խիտինի յատկութիւնները կ'արգիլեն վնասակար մանրէներու աճը ձուկերու աղիքային համակարգին մէջ։ Արդիւնքը՝ առողջական ընդհանուր վիճակին բարելաւում։
- Վնասուածքներու բուժում – Խիտինը յայտնի է իր վէրքերը ապաքինող յատկութեամբ։ Ձուկերու պարագային, անիկա օգտակար է մաշկային վնասուածքներու ապաքինման ընթացքին[2]։