Jump to content

Խեչափառ (Խեցգետին)

Խեչափառ (խեցգետին), ծովային անասուն մը:

Խեչափառներուն մարմինը կը բաժնուի երկու մասի՝ գլխակուրծք եւ փոր։ Գլխակուրծքը լայն է, եռանկիւն կամ հաւկթաձեւ։

Փորը նեղ է, կարճ, գլխակուրծքին տակ քաշուած։

Քալող ոտքերուն առաջին զոյգը ունի աքցանաձեւ ճանկեր, որոնք կերը բռնելու եւ մանրացնելու համար են։

Ունին ցօղունաւոր աչքեր, որոնք կրնան շարժիլ բոլոր ուղղութիւններով։

Էգը եւ արուն արտաքինէն կը տարբերին։

Խեչափառը կ'ապրի ծովուն մէջ, մանաւանդ խոնաւ միջավայրներու մէջ, քաղցրահամ ջրամբարներու եւ ցամաքին մէջ: [1]

Պզտիկ եւ դիւրաբեկ «կռփամարտիկ» խեչափառները բնաւ դուրս չեն ելլեր առանց իրենց աքցաններուն ծայրը բռնելու ծովու հարսնուկներ, որոնց դպչելու պարագային, այրուածքներ կը յառաջանան: Երբ թշնամի մը կը ներկայանայ, օրինակի համար` ընգղայ մը, խեչափառը անոր դէմ կը պարզէ իր «զէնքերը»` անոր սպառնալով երկրակով: Ծովահարսնուկները խեչափառին կը ծառայեն նաեւ ուտելիք հաւաքելու, խեչափառը հարսնուկները կը շփէ ժայռերուն, ապա կ'ուտէ մանր անասունները, որոնք այրուածքին չեն տոկար: Հարսնուկն ալ կ'օգտուի այս «ընկերակցութենէն». ան ալ կ'ուտէ մնացորդները[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «BBC - Homepage»։ bbc.com։ արտագրուած է՝ 04-06-2020
  2. Խեչափառը