Խաչքար Տուտիկ Իշխանի

Տուտիկ իշխանի խաչքար-յուշակոթող, յուշակոթող Լոռի մարզի Կողես գիւղին մէջ, հիմնուած է 1241-ին:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տուտիկ իշխանի խաչքար-յուշակոթողը կը գտնուի Լոռի մարզի Կողես գիւղին մէջ եւ հիմնադրուած է 1241 թուականին։ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ արձանագրուած է 7.56/1 թիւով[1]։
Կոթողը նուիրուած է Սուրբ Երրորդութեան եւ Տուտիկ իշխանի հարազատներու յիշատակին։ Կոթողը կը գտնուի Կողես գիւղի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող գերեզմանատան մէջ։
Կողեսի մէջ պահպանուած յուշարձաններէն ամէնէն նշանաւորը Տուտիկ իշխանի խաչքար-յուշակոթողն է (1241), որ կառուցուած է գիւղի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող գերեզմանատան տարածքին մէջ։ Այստեղ կը գտնուի նաեւ Տուտիկ իշխանի տոհմական դամբարանը, որ եղած է գետնայարկ եւ թաղածածկ, այժմ չնչին հետքեր մնացած են։ Դամբարանի գլուխին` արեւելքէն կանգնած են իրարու մօտ գտնուող երեք գեղաքանդակ խաչքարեր՝ ճարտարութեամբ ձեւաւորուած ընդհանուր պատուանդանի վրայ։ Մէջտեղի խաչքարը աւելի մեծ է եւ նրբաքանդակ, իսկ միւսներուն խաչէն դէպի ներքեւ պատկերուած են հեծեալ ռազմիկներ, որոնք իրենց ձեռքերուն ունին երկար նիզակներ եւ սպառազինուած են, իսկ ձիերը քառատրոփ վազքի դիրք ունին։
Պատուանդանին վրայ տեղակայուած է հետեւեալ տապանագիրը.
«Կամաւն բարերարին Աստծոյ ես Տուտիկս եւ մայրն իմ Թամար եւ ամուսինն իմ Դուդկա կանգնեցաք զերրորդութիւնն վասն Սասնային ի Քամեթարայ եւ Նորադինին, որք անհետ կորան ի ձեռս անաւրինաց եւ սուգ մեծ եւ անմխիթար թողին մեզ, որք երկրպագէք յիշեցէք զմեզ եւ զծնաւղս մեր թուին ՈՂ-ին (1241 թ.)[2]»:
Տուտէ իշխանին սերունդը իշխած է եւ կալուածներ ունեցած է Լոռի մարզի Կողես-Օձուն տարածաշրջանէն ներս։ Յայտնի է, որ Տուտէ իշխանի միւս որդին` Տուտիկ (նաեւ՝ Տոտիկ) յայտնի գիտնական հոգեւորականի եղբայրը, մեծ յարգանք վայելած է Լոռիի մէջ, եւ անոր անուամբ կոչուած են թէ՛ Կողեսի մօտի վտակը՝ Տոտկաջուր, թէ՛ անոր շրջակայքը։ Հետագային այս կալուածը անցած է Լորիս-Մելիքեաններուն։ Կողեսը եղած է անոնց իշխանական նստավայրը, հին աւանդազրոյցներուն մէջ զայն թագաւորական նստավայր կոչած են:
Տուտէ իշխանի քոյրը Սարգիս Մեծի կինն էր, Զաքարեան միջնադարեան իշխանապետութեան հիմնադիրներ Իվանէ եւ Զաքարէ Զաքարեաններու մայրը։ Տուտէ իշխանի որդին՝ Գրիգոր Թութեւորդին, յայտնի կրօնական գործիչ էր, դպրոցապետ ու գիտնական, Հաղբատի թեմի առաջնորդը[3]։
Արձանագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոթողին վրայ պահպանուած է հետեւեալ արձանագրութիւնը.
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԳԵԼՈՑ-ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ» ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՉ ԱՌԵՒՏՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ Archived 2016-06-24 at the Wayback Machine.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ www.arlis.am https://www.arlis.am/DocumentView.aspx?DocID=37965։ արտագրուած է՝ 10 Մարտ 2023-ին:
- ↑ hushardzantest։ «ՏՈՒՏԻԿ ԻՇԽԱՆԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ (ՊԵՏ. ՑՈՒՑԱԿ N 5.56.1.6, Գ. ԿՈՂԵՍ)»։ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան (am-AM)։ արտագրուած է՝ 10 Մարտ 2023-ին:
- ↑ Ս. Գ. ԲԱՐԽՈԻԴԱՐԵԱՆ, Կ. Գ. ՂԱՖԱԴԱՐԵԱՆ, Ս. Տ. ՍԱՂՈՒՄԵԱՆ (2012)։ ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ՎԻՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊՐԱԿ IX ԼՈՌԻ ՄԱՐԶ։ ԵՐԵՒԱՆ: ԵՐԵՒԱՆ Հ Հ ԳԱԱ «ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆ։ էջեր 443, 444, 445, 446