Jump to content

Խաչիկ Պօղոսեան (բժիշկ)

Խաչիկ Պօղոսեան
Ծնած է 1875
Մահացած է 1955
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Խաչիկ Պօղոսեան (1875 - 1955, Հալէպ, Սուրիա), հայ հոգեբոյժ, ազգային գործիչ եւ կուսակցական։ Եղած է Փարիզի եւ Զուեցերիոյ հոգեբուժական ընկերութիւններու անդամ:

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ: 1895-96-ին ուսանած է Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարան, սակայն ուսումը կիսատ ձգած է: 1896-1901-ին ուսանած է Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ: 1899-1900-ին ուսանած է Լոզանի Սըրիի հոգեբուժական հիւանդանոցէն ներս եւ մասնագիտացած է հոգեկան հիւանդութիւններու ծիրէն ներս եւ ստացած է համապատասխան վկայական: Նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատած է իբրեւ հոգեբուժ 1900-1902: Հրաժարած է իր գործէն եւ այցելած է Գերմանիա եւ Ֆրանսա: Ան եղած է Փարիզի եւ Զուեցերիոյ հոգեբուժական ընկերութիւններու անդամ:

1902-ին վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր ենթարկուած է հալածանքի իր ունեցած ազգայնական հայեացքներու պատճառով: Ան ձերբակալուած է եւ աքսորուած է իր ծննդավայրը՝ Կեսարիա: Սակայն յաջողած է շուտով վերադառնալ Պոլիս: 1902-1906-ին իբրեւ օգնական հոգեբուժ աշխատած է Պոլսոյ սրբ. Փրկիչ ազգայի հիւանդանոց: 1906-1915 նոյն հիւանդանոցին մէջ գործած է իբրեւ հոգեբուժ եւ ետքը իբրեւ բաժանմունքի վարիչ: Հոն ամէն տարի բուժած է հոգեկան հիւանդութիւններով տառապող մօտ 200 տղամարդ եւ 100 կին: Շրջան մըն ալ վարած է հիւանդանոցին բժշկապետի պաշտօնը: 1910-ին անդամակցած է Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան: Նոյն տարին ընտրուած է Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ եւ ազգ. երեսփոխան: Նոյն պաշտօնին վերընտրուած է 1913-ին: 1910-ին նշանակուած է Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասին Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան անդամ: 24 Ապրիլ 1915-ին բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ ինքն ալ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ եւ ապա փոխադրուած է Չանղըրիի բանտ: Իր անունը փորագրուած է Չանղըրիի բանտին մէջ պատրաստուած համրիչին 99 հատիկներէն մէկուն վրայ: Ան ազատուած է Չանղըրիի բանտէն եւ տանջանքներով հասած է Անգարա եւ ապա Հալէպ:

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան վերադարձած է Պոլիս եւ կեղած է Կոմիտասի հոգեկան առողջութեամբ զբաղող առաջին հոգեբոյժը: 1915-ին զօրակոչուածծ է Օսմանեան բանակ, ուր ծառայած է իբրեւ զինուորական բժիշկ: 1918-ին զօրացրուած է բանակէն եւ վերադարձած է Պոլիս:

1923-ին տեղափոխուած է Հալէպ եւ գործած է իբրեւ հոգեբուժ:

1925-ին խումբ մը ազգայիններու հետ Հալէպի մէջ կը հիմնեն Հալէպի Հայ Կարմիր Խաչը։ 1935-էն մինչեւ իր մահը՝ 1955 ապրած է եւ գործած է Հալէպի մէջ: 1935-ին Հալէպի մէջ հիմնադրուած Ազգ. Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցի խնամակալութեան ատենապետը եղած է երկար տարիներ եւ ետքը՝ պատուաւոր նախագահը: Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան եղած է ազգային գործիչ, եռանդուն ու նուիրուած կուսակցական, յարգուած անձնաւորութիւն, Հիւսիսային Սուրիոյ Ռ․Ա․Կ․-ի ակումբներու ղեկավար, Հալէպի Ռակ պաշտօնաթերթի «Եփրատ»-ի արտօնատէրն ու տնօրէնը, Բերիոյ (Հալէպի) թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ: Գրած է է շատ մը թերթերու եւ տարեցոյցներու մէջ բժշկական յօդուածներ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2023-08-20։ արտագրուած է՝ 2025-05-14
  1. Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները. Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի, Իսթանպուլ, 1939։
  2. Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլիս, 1905։