Խաչակիրներու Թ․ Արշաւանք

(Վերայղուած է Խաչակիրներու Թ, արշաւանք-էն)
Խաչակիրներու Թ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
Խաչակիրներու իններորթ արշաւանք
Թուական 1271-1272
Վայր Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք Հաշտութիւն Կեսարիոյ մէջ.
  • Թրիփոլիի պաշարման դադարեցում
  • Մամլուքներու նաւատորմի ոչնչացում
  • 10 տարվուայ հաշտութիւն մամլուքներիու եւ խաչակիրներու միջեւ.
Հակառակորդներ
*Անգլիոյ Թագաւորութիւն Մամլուքներ
Հրամանատարներ
Էտուարտ I
Քարլ I Անժուցի
Հուգո III
Բոհեմունդ IV
Աբակա-խան
Բեյբարս I
Կողմերու ուժեր
Խաչակիրներ

Խաչակիրներու իններորդ արշաւանք, որ որոշ պատմաբաններ խաչակիրներու ութերորդ արշաւանքի մաս կը համարեն, տեղի ունեցած է վերջին մեծ Խաչակիրներու արշաւանքը դէպի Սուրբ երկիր։ Տեղի ունեցած է 1271-1272 թուականներուն։ Լիւդովիկոս IX-ի՝ խաչակիրներու ութերորդ արշաւանքի ժամանակ Թունիսը վերցնելու անկարողութիւնը ստիպեց Անգլիոյ թագաւոր Հէնրիխ III-ի որդի Էտուարւ I-ին շարժած է դէպի Ակրա։ Հետագայ իրադարձութիւնները պատմութեան մէջ մտած են խաչակիրներու իններորդ արշաւանքի անուանով։ Արշաւանքի ժամանակ Էտուարտ յաջողեցաւ շարք մը յաղլանակներ ձեռք բերել Բեյբարս I-ի դէմ։ Միայն թէ վերջաւորութեան, Էտուարտ ստիպուած էր դէպի տուն շարժիլ անհետաձգելի գործերու պատճառով, գահակալութեան հարցով, իսկ Ուտրեմերի մէջ ան չի յաջողիր իշխաններու միջեւ վէճերը լուծել։ Կարելի է ըսել, որ այդ ժամանակ խաչակիրներու արշաւանքներու ոգին արդէն մարած էր[1]:Խաչակիրներու ամրոցները՝ Միջերկրական Ծովու ափերուն տեղակայուած, ոչնչացման վտանգի տակ էին։

Մոնկոլներու արշաւանքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հենց որ Էտուարտ Ակրա կը հասնի, անմիջապէս դեսպանութիւն կ՛ուղարկէ Իրան` Մոնկոլական կայսրութեան ղեկավար Աբակ-խանի մօտ։ Դեսպանութիւնը ղեկավարուած էր Ռեդջինալտ տէ Ռասսելի, Գոդֆրուա տէ Վոսի եւ Իոհան տէ Պարկերի կողմէ։ Աննոնց առաքելութիւնը այնպէս էր, որպէսզի մոնկոլներու կողմէն (որոնք նոյնպէս թշնամաբար տրամադրուած էին մուսուլմաններու հանդէպ) ռազմական օգնութիւն ստանային։[2], 4 սեպտեմբեր 1271-ին Աբակ-խանը կը պատասխանէ, որ համաձայն է համագործակցելու եւ կը հարցնէ, թէ երբ միասնաբար դուրս պիտի գան մամլուքներու դէմ[3]։ Հոկտեմբերի վերջը, 1271–ին, մոնկոլներու բանակը Սուրիա կը հասնի։ Խանը ինքը, սակայն, Թուրքմենիստանի մէջ վէճերու մեջ էր եւ այդ պատճառով միայն կրնար 10 հազարանոց հեծելազօր ուղարկել Սամագարի ղեկավարութեամբ։ Այս զօրքի կազմին մէջ կային զինուորներ` Փոքր Ասիայէն եւ սելճուքներու օգնական ջոկատներէն եկած։ Չնայած մոնկոլներու համեմատաբար փոքր ուժերուն՝ անոնց երեւնալը մուսուլմանական բնակչութեան հեռացմանը կը հանգենար, որոնք մինչեւ Կիպրոս կը փախչին, իսկ մոնկոլները թուրքմեններու ուժերը կը ջախջախեն, որոնք Ալեբբոն կը պահպանեն, եւ կը շարունակեն դէպի հարաւ ներխուժումները։ Բայց մոնկոլները Սուրիա չեն մնար։ Իսկ Բեյբարսը զօրքերով դուրս կու գայ Եգիպտոսէն 12 նոյեմբեր 1271-ին, մոնկոլներն արդէն վերցուած աւարով Եփրատը կ՛անցնին[4][5]

Ծովու վրայ ճակատամարտ` Կիպրոսի մօտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բեյբարսը, գալով այն եզրակացութեան որ շուտով խաչակիրները Եգիպտոսի վրայ կը յարձակին միաժամանակ ծովէն եւ ցամաքէն, գիտակցելով իր դրութեան վտանգաւորութիւնը՝ նաւատորմի ստեղծմամբ կը զբաղի։

Խաչակրաց Արշաւանքի Աւարտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յաղթանակէն ետք, Էտուարտ կը հասկնայ, որ ուժերու ստեղծման, Երուսաղէմի ազատագրման համար, անհրաժեշտ է վերջացնել ներքին անկարգութիւնները քրիստոնէական տիրոյթներուն մէջ։ Արքայազն Էտուարտ եւ արքայ Հուգոն, կը սկսին բանակցութիւններ վարել՝ սուլթան Բեյբարսի հետ հաշտուիւն կնքելու համար։ Կեսարիոյ մէջ 1272–ին հաշտութիւն կը կնքուի 10 տարի, 10 ամիս եւ 10 օրով։ Արքայազն Էտմունտը համարեայ անմիջապէս Անգլիա կը հասնի, այդ ժամանակ Էտուարտ կը մնայ, որպէսզի տեսնէ, թէ Բեյբարսը համաձայնութիւնը կը պաշտպանէ թէ ոչ։ Յաջորդ ամիս Էտուարտի վրայ մահափորձ կը կատարեն։ Քանի մը տարբերակ կայ, թէ ով ուղարկած է մարդասպանը։ Համաձայն առաջին տարբերակի՝ մարդասպանը ուղարկուած է էմիր Ռամլայի կամ Բեյբարսի կողմէն։ Նաեւ որոշ մեծաւորներ կ՛ըսեն, որ մարդասպանը Ռաշիդ ադ-ԴինՍինանի կողմէն ուղարկուած է, թէեւ ան 1192–ին մահացած էր՝ խաչակիրներու իններորդ արշաւանքի սկսելէն առաջ։ Էտուարտ կը սպսասէ վարձու մարդասպանին, շատ վատ վերքով(որում պատճառը դաշոյնի հարուածն էր) եւ ստիպուած կ՛ըլլայ հետաձգել մեկնումը։ 1272–ին Էտուարտը կը ձգէ Ակրան եւ Սիցիլիա կը մեկնի։ Եւ մինչ ան կ՛ապաքինուէր կղզիին մէջ, սկզբը կը ստանայ որդիի՝ Յովհանի մահուան լուրը, իսկ յետոյ հօր՝ Հէնրիխ III(Անգլիոյ հաւաքականի թագաւոր)-ի մահուան լուրը։ 1273–ին Էտուարտ դէպի տուն վերադարձի ճամբան կը սկսի՝ անցնելով Իտալիայէն, Գասկոնէն եւ Փարիզէն։ Ան վերջապէս 1274–ի կէսերուն Անգլիա կը հասնի։

Արշաւանքներու հետեւանքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էտուարտ կ՛ուղղեկցի Թեոբալդո Վիսկոնտիին, որ հետագային Գրիգորիոս X կը դառնայ։ Ան 1272–ին նոր խաչակրաց արշաւ անքի կոչով հանդէս կու գայ, բայց այդ կեանքի չի կոչուիր։ Ընդ որուն քրիստոնէական պետութիւններու միջեւ առաջ կու գան նոր գժտութիւններ, երբ Քարլ I Անժուացի, օգտուելով Հուգո III (Կիպրոսի թագաւոր)ի, Տաճարականներու եւ Վենեցիայի միջեւ եղած վէճէն եւ կը փորձէ վերահսկողութիւն սահմանել Սուրբ Երկրին մէջ գտնուող տարածքներու վրայ։ Մարիա Անտիոքցին, ձեռք բերելով հաւակնութիւն Երուսաղէմի թագաւորութեան վրայ, կը սկսի քաղաքացիական պատերազմ Կիպրոսի մէջ։ 1277–ին Ռոջեր տէ Սան-Սեւերինոն Ակրան կը գրաւէ Կարլի համար։ Երկպառակտչական կռիւները կը հիւծեն թագաւորութիւնը։ Անոնք հնարաւորութիւն կու տային մէկ հրամանատարի իր շուրջը ուժեր համախմբելու՝ խաչակիրնեու արշաւանքի համար։ Այդպէս եղաւ Քարլ Անժուացին։ Սակայն այդ յոյսերը չէին արդարանար, որովհետեւ տակաւին վենեցիացիները խաչակրաց արշաւանքը կը կատարէին, դէպի Կոստանդնուպոլիս, ուր Միքայէլ VIII Պալեոլոգոս, վերջերս Բիւզանդական կայսրութիւնը հիմնած էր եւ վռնդած էր վենեցիացիներուն։ Գրիգորիոս պապը չաջակցիր արշաւանքին, բայց Մարտին IV-ը 1281–ին կ, ՛ողջունէ այդ արշաւանքը։ Սակայն Սիցիլիական. գիշերները` տեղի ունեցած մարտ 1282–ին, Քարլին կը ստիպէ տուն վերադառնալ։ Այդ մէկը վերջին արշաւանքը կ՛ըլլայ` Եւրոպայէն սկսած, ընդդէմ Բիւզանդիոնի եւ Սուրբ Երկրին մէջ՝ ընդդէմ մուսուլմաններու։ Յաջորդ ինը տարիներուն մամլուքները կը սկսին նոր պահանջներ առաջ քաշել՝ հարկերու հետ առնջուած։ Այդ բոլորը կը խախտէ միջազգային հաշտութեան պայմանագիրը։ 1289–ին, սուլթան Կալաուն ալ-Մանսուրը մեծ բանակ կը հաւաքէ եւ դէպի Թրիփոլիի կը շարժի՝ քաղաքը պաշարելով եւ արիւնահեղ գրոհով վերցնելով այն։ Քաղաքներու գրաւումը մամլուքներու համար առանձնակի դժուարութեամբ կ՛ըլլար։ Քրիստոնեաները մոլեռանդութեամբ հակառակութիւն ցոյց կու տային։ Ինքը՝ Կալաունը, կը կորսնցնէր աւագ որդին։ Ան երկու տարի պէտք ունէր վերականգնելու եւ վերստին բնակը հաւաքելու համար։ 1275–ին Աբակ-խանը սուրհանդակի միջոցով նամակ ուղղարկեց Էտուարտին։ Խանը խնդրեց Էտուարտին հերթական խաչակրաց արշաւանք կազմակերպել եւ ըսաւ, որ յաջորդ անգամ ինքը մեծ օգնութիւն ցոյց կու տայ։ Էտուարտ նոյն տարին ատասխանեց անոր՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Խաչակրաց իններորդ արշաւանքի ժամանակ համագործակցելու համար՝ նշելով անոր նաեւ՝ քրիստոնէութեան նուիրուածութեան մասին։ Ան նշեց նաեւ, որ չի գիտեր, թէ երբ տեղի պիտի ունենայ խաչակիրներու յաջորդ արշաւանքը եւ պատրաստ է ուրախութեամբ սուրբ Երկիր վերադառնալու կը տեղեկացնէ Աբակային, թէ եթէ Հռոմի Պապը նորէն Խաչակրաց արշաւանք յայտարարէ։ Նամակը ձեւական բնոյթ ունէր, քանի որ Էտուարտ խաչակրաց արշաւանքի համար չէր սկսած նախապատրաստական աշխատանք տանելու։ 1276–ին, մէկ այլ սուրհանդակ եկաւ նոյն ուղերձով, եւ, որպէս աւելացում, խանը ներողություն խնդրեց այն բանի համար, որ 1271–ին չի կրցաւ էական օգնութիւն ցուցաբերել[6]։ 1275–ին ուխտագնացներու խումբը Ակրաէն յարձակման ենթարկուեցաւ։ Որպէս վրէժ, 18 մուսուլման վաճառականներ սպաննուեցան՝ Սուրիայէն եկող կարաւանին ուղեկցող։ Կալաունը պահանջեց մեծ գումար վճարել որպէս փոխհատուցում։ Բայց պատասխան չստացաւ, եւ սուլթանը այս մէկը որպէս առիթ օգտագործեց պատերազմի համար։ Ան 1291–ին Ակրան պաշարեց եւ գրոհով գրաւեց՝ այսպիսով վերջ դնելով խաչակիրներու վերջին անկախ պետութեան Սուրբ Երկրի մէջ։ Ինքը՝ Կալաունը, մահացաւ պաշարման ժամանակ, եւ Խալիլ ալ-Աշրաֆը` միակ կենդանի մնացածը անոր ընտանիքէն, նոր սուլթան դարձաւ։ Խաչակիրներու հենակէտը դէպի հիւսիս տեղափոխուեցաւ` Տարտուս, յետոյ Կիպրոս։ 1299–ին մոնկոլական բանակը Ղազան - խանի գլխաւորութեամբ քանի մը յաջող արշաւանք իրականացուց մամլուքներու դէմ։ Յետոյ մոնկոլները եւ հայերը եւս իրականացուցին մէկ համագործակցութիւն Սուրիոյ համար։ Վերջին հենակէտը Սուրբ Երկրին մէջ Արուադն էր, որ 1302–ին ինկաւ։ Այսպիսով Խաչակիրներու արշաւանքները աւարտեցան Սուրբ Երկրին մէջ, որ խաչակրաց առաջին արշաւանքէն ետք 208 տարիով երկարաձգուած էր։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. A Manual of Church History Albert Henry Newman, p, 461
  2. "Histoire des Croisades III", Rene Crousset, p, 653,
  3. Preiss, p, 98
  4. "Histoire des Croisades III", Rene Crousset, p, 653.
  5. Runciman, l, 336-337
  6. Preiss, p, 101,

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Histoire des Croisades III», René Grousset
  • «Edward I», Michael Prestwich, University of California Press, 1988
  • «The Crusades: A History of One of the Most Epic Military Campaigns of All Time», Jonathan Howard, 2011
  • «God’s War: A New History of the Crusades», Christopher Tyerman
  • «Mongols and Mamluks», Reuven Amitai-Preiss, 2005
  • «A History of the Crusades: The Kingdom of Acre and the Later Crusades», Steven Runciman, 1987