Jump to content

Խաղող

(Վերայղուած է Խաղող (արեւմտահայերէն)-էն)
Խաղող
Խաղող
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Ընտանիք Խաղողազգիներ
Լատիներէն անուանում
Vítis
 L. 1753 


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Խաղող[1] (լատիներէն՝ Vítis ), խաղողազգիներու[2] ընտանիքի բոյսերու ցեղ, իսկ՝ անոր ողկոյզները հասուն վիճակին մէջ, քաղցր հատապտուղներ են։

Խաղողին հայրենիքը Մերձաւոր Արեւելքն է։

Անիկա հնագոյն մշակուող պտուղներէն մէկն է, որ մարդոց կողմէ օգտագործուած է մօտաւորապէս ութ հազար տարիէ ի վեր։

Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունի շուրջ 80 տեսակի խաղող, որոնք կը տարբերին իրենց գոյնով, համով, կազմութեամբ եւ քիմիական բաղադրութեամբ։

Խաղողը կը ծառայէ գինիի, չիրի, քացախի եւ յատուկ քաղցրանիւթերու արտադրութեան։

Դարեր շարունակ՝ խաղողը եղած է ոչ միայն սննդարար պտուղ, այլեւ՝ իր քաղցրահամ հատիկներով ոգեշնչած է բանաստեղծներ, նկարիչներ ու գինեգործներ։

Հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ խաղողը ունի իր յատուկ տեղը՝ սեղաններու զարդն ըլլալով, միաժամանակ խորհրդանշած է բերքառատութիւն եւ օրհնութիւն։

Հին ժամանակներէ ի վեր խաղողը իր ուրոյն տեղը ունեցած է նաեւ սրբազան արարողութիւններու եւ ժողովրդական աւանդութիւններու մէջ։

Բուսաբանական Նկարագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաղողի ծաղիկներ

Գիտութիւնը խաղողը կ'ուսումնասիրէ ամբողջ տարին, քանի որ խաղողը ունի գերվաղահաս, վաղահաս, միջահաս, ուշահաս եւ առաւել ուշահաս շրջաններ եւ քաղելէ ետք երկար կը պահպանուի:

Ըստ բնական գօտիներու, Հայաստանի մէջ կան խաղողի երեսուն տեղական եւ ինը ներդրուած տեսակներ, որոնցմէ տասնութ սեղանի խաղող կը նկատուի, իսկ քսանմէկ՝ գինիի: Կան նաեւ վայրի հազուագիւտ տեսակներ, որոնք միայն ուտելու համար կը պահուին:

Հայաստանի մէջ, սեղանի խաղողներուն մէջ նշանաւոր են Սպիտակ արաքսենին, Ճերմակ եւ Սեւ սաթենին, Դեղին եւ Վարդագոյն Երեւանին, Սեւ քիշմիշը, Նազելին, Խաչաբաշը եւ այլն:

Գինիի խաղողները նոյնպէս անուանակոչուած են՝ Ոսկեհատ, Գառան դմակ, Սեւ Արենի, Մսխալի եւ այլն:

Խաղողին «մատները»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաղողին մատները կ'անուանեն խաղողի վազ։

Սերմը ծլելէն ետք, առաջին տարին փոքր «մատ» մը կու տայ։ Անոր տերեւներուն բողբոջներէն միւս տարին նոր երկար, լաւ զարգացած «մատներ» կ'աճին, այնուհետեւ յաջորդ տարին, իւրաքանչիւր բողբոջը աւելի նուազ «մատներ» կու տայ, որոնք աշնան կը չորնան մինչեւ՝ իրենց բողբոջը, այնպէս որ այդ մատէն կը մնայ միայն ստորին հանգոյցը՝ «կարճ մատ»ը։ Կարճ մատին միակ բողբոջը միւս աճողական շրջանին կը զարգանայ եւ կը վերածուի հզօր երկար «մատներ»ու, որոնցմէ դարձեալ «կարճ մատներ» կ'աճին։ «Երկար մատները» կը ծաղկին եւ բերք կու տան, իսկ կարճերը՝ ոչ։

Մշակաբոյսին քով՝ «մատներու» երկար ու կարճ հերթափոխումը չի նկատուիր, շնորհիւ՝ խաղողին կարճ հատման, որ կը ծաղկի ու բերք կու տայ ամէն տարի։

Ծաղիկները մանր են եւ ծաղկաբոյլ մը կը կազմեն (բարդ վրձին):

Կախուած՝ կը ծաղկի արական եւ իգական մասնաբաժինէն՝ անոնց զարգացման աստիճանէն կը զատորոշուին ծաղիկներու հետեւեալ երեք տեսակները.

  • իսկական-իգական,
  • արական,
  • երկսեռ։

Խաղողին վերջին երեք տեսակները հիմնականներն են։ Երկսեռ տեսակի ծաղիկը յատկանշական է ընտանի տեսակներու համար։

Խաղողին պտուղները գնդիկանման կամ ձուանման հատապտուղներ են, որոնք կը կազմեն քիչ կամ շատ ցանցառ (սակաւ խիտ) ողկոյզներ։

Հատապտուղներու գունաւորումը տեսակէն կախեալ է (դեղին, կանաչաւուն, մութ-կապոյտ, մանիշակագոյն, սեւ եւ այլն)։

Բուսաբանական Դասակարգում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Vitis» ցեղը ներկայացուած է 70 տեսակով եւ կը բաժնուի երկու ենթացեղի՝ «Euvitis Planch« եւ «Muscadinia Planch»։ «Euvitis Planch» ենթացեղին կը պատկանի 68 տեսակ, որոնք կը բաժնուին երեք խումբի.

Նշանաւոր են խաղողի ծագման եւ անոր մշակաբոյս դարձնելու հետեւեալ հիմնական կեդրոնները՝

Խաղող
Վայրի խաղող

Գիտական բժշկութիւնը խաղողը կ'օգտագործէ ախորժակի կորուստի, նիւթափոխանակութեան անկման, նեարդային համակարգի հիւծուածութեան, ուժասպառութեան եւ թոքախտի պարագաներուն։

Խաղողէն կը ստանան «նաթուրոզա դեղամիջոցը», որ կ'օգտագործուի ներերակային սրսկումներու ձեւով արեան կորուստի, ընկճախտի եւ կաթուածի պարագաներուն։

Խաղողով կը պատրաստուի թարմ եւ վերամշակուած՝ գինի, քոնեակ, անուշ, խաղողահիւթ, ռուպ, մրգանուշ, չամիչ, թթուաջուր, ընկոյզի միջուկով երշիկ եւ այլն։

Գինեգործութեան մնացորդներէն կը ստանան ոգելից ըմպելի, քացախ, գինեքարային թթու, գինեքար, տնկաղ, սերմերէն՝ թանկարժէք ճարտարագիտական եւ սննդային իւղ, եւ այլն։

Տերեւները եւս կ'օգտագործուին թափօններէն ու որթատունկերէն հեռացուող զանգուածը՝ իբրեւ անասնակեր։

Խաղողին տունկը ցուրտին չի դիմանար, այդ պատճառով ալ կարգ մը շրջաններու մէջ, օրինակ՝ Արարատեան դաշտի մէջ, ուշ աշնան կը ծածկեն հողով (այգեթաղ)։

  • Խաղողը, շաքարի իր հարստութիւնը կը պարտի ամրան արեւին, որուն ճառագայթներուն ազդեցութեան տակ իր պարունակած բնածուխն (carbone) ու ջրաշոգին կը բաղադրուին իրարու հետ եւ կը վերածուին «կլիւքոզ»ի (շաքար)[3]:
  • Ինչպէս մեքենաները վառելանիւթի՝ այնպէս ալ մարդկային մարմինին մկանները պէտք ունին ջերմուժի (քալորի), սնանելու եւ աշխատելու համար: Խաղողին պարունակած դիւրամարսելի շաքարը ջերմուժի հիանալի աղբիւր մըն է: Կէս քիլօ խաղողը 375 միաւոր ջերմուժ կու տայ մարմինին, մէկ քիլօ խաղողին ջուրը՝ շուրջ 800 միաւոր, այսինքն՝ մէկ լիթր կաթին տուածէն աւելի:
  • Խաղողը մեղրի պէս ներս կը թափանցէ արեան մէջ։ Հաւանական է, որ վերացուի խաղողը շաքարախտով հիւանդներուն յանձարարելու արգելքը, ինչպէս՝ մեղրի պարագային։ Եւ պատահական չէ, որ շտուտկարտցի բժիշկ Հէյն բազմաթիւ ապացոյցներ ունի խաղողի հիւթով արեան շաքարի տոկոսը իջեցնելու վերաբերեալ։ Ինչպէս միւս միրգերու, այնպէս ալ խաղողի պարագային, անհրաժեշտ է խաղող ուտելը դատարկ ստամոքսին կամ՝ ուտելէն 2-3 ժամ ետք։
  • Ունի նաեւ սննդական եւ բուժիչ յատկութիւն:
  • Սեւ խաղողը, բաղդատած դեղինին եւ կարմիրին, աւելի հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ հակաբորբոքային նիւթերով: Յանձնարարելի է զայն ուտել ամբողջութեամբ` կուտով միասին[4]:
  • Խաղողի ուժի եւ զօրութեան աղբիւր մըն է մկանային ծանր աշխատանք տանողներուն համար՝ անոնց մատակարարելով անհրաժեշտ ջերմուժը: Իսկ նստակեաց անձերուն մօտ, որոնք պէտք չունին մեծ քանակութեամբ ջերմուժի՝ խաղողի շաքարին յաւելեալ մասը կ'ամբարուի լեարդին եւ դնդերներու մէջ՝ հետագային ցուրտի դէմ մարմինը պաշտպանելու կամ յոգնեցուցիչ աշխատանքներու պարագային ջերմուժի վերածուելու համար:
  • Խաղողը հարուստ է նաեւ «Սի» եւ «Պի» կենսանիւթերով եւ հանքային բազմաթիւ տարրերով:
  • Սի կենսանիւթը կազդուրիչ մըն է, իսկ «Պի» կենսանիւթը՝ սքանչելի ախորժաբեր մը: Ահա թէ ինչո՛ւ խաղողին ջուրը ջերմօրէն յանձնարարելի է կրիփի եւ թոքատապի նման հիւանդութիւններէ ապաքինողներու եւ ախորժակէ կտրուած անձերու:
  • Բացի քալսիումի, փոթասիումի, մակնիզիումի ֆոսֆաթինէն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն երեխաներու աճման եւ կաթնտու մայրերու զօրացման՝ խաղողը կը պարունակէ նաեւ «Պիթարթրէյթ» կոչուած հանքային տարրը, որ թեթեւ լուծողական մըն է, հետեւաբար օգտակար բոլոր անոնց, որոնք նստակեաց կեանք ունին եւ պնդութենէ կը տառապին:
  • Աղի հետքերէ բացարձակապէս զուրկ ըլլալով՝ խաղողի ջուրը արեան «իւրէ»ի քանակը պակսեցնող թանկագին դեղ մըն է:
  • Երիկամներուն վրայ ունեցած ուղղակի եւ սիրտին վրայ անուղղակի ազդեցութեամբ՝ խաղողը կը բարելաւէ արեան բարձր ճնշումները:
  • Խաղողը օգտակար կը հանդիսանայ նաեւ յօդացաւէ տառապողներու, կը բուժէ լեարդի թեթեւ անհանգստութիւնները, կը մաքրէ ստամոքսն ու աղիքները:
  • Բացի շաքարախտաւորներէն՝ առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան, ամէն մարդու ճաշացուցակին հիմնական տարրերէն մէկը կրնայ հանդիսանալ խաղողը, իբրեւ ընտրեալագոյն եւ կենսատու սնունդներէն մէկը:

Խաղողի շատ տեսակներու համար նպաստաւոր են քարքարոտ տարածքները, բայց խաղողը ընդհանրապէս հարթ տարածքներու վրայ կ'աճի:

Խաղողը այնքան տարածուած է աշխարհի տարածքին եւ իր տեսակներով այնքան բազմազան է, որ կարգ մը երկիրներ ունին խաղողին առնչուող աւանդութիւններ:

Այս պտուղը պատկերուած է նաեւ քանի մը քաղաքներու զինանշաններու եւ խորհրդանիշներու վրայ:

Խաղողը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Աստուածաշունչին, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հայրենիքը Հայաստանն է։  Հոն կ'ըսուի, որ Նոյ նահապետ ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան ստորոտին կը տնկէ խաղողի առաջին որթատունկը, անոր պտուղներէն գինի կը ստանայ: Գինին այնքան համեղ կ'ըլլայ, որ ան չի դիմանար, «կը խմէ եւ կ'արբենայ»: Այս պատճառով համայն մարդկութիւնը նախապատմական աշխարհի մէջ խաղողի եւ գինիի կեդրոնը կը վերապահէ Հայաստանին, իսկ Նոյ նահապետը կը հռչակէ առաջին այգեպանն ու գինեգործը:

Դարձեալ ըստ Աստուածաշունչին, Նոյեան խաղողէն գինի պատրաստելու գաղտնիքը բացայայտած է Նոյեան այծը, որ ուտելով խաղողին վայրի պտուղները, գինովցած ու հրմշտկել սկսած է միւս կենդանիները:

Ղեւոնդ Ալիշանն ալ կը նշէ, որ Նոյը խաղող տնկած է Ակոռի գիւղին մօտ՝ Գինեբլուր, Գինեհովիտ, Գինեգետ տարածաշրջաններուն մէջ։

Հնագիտական պեղումներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ խաղողը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցած է Նոյէն միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Հոն, գինին առաջին անգամ պատրաստուած է այն վայրին մէջ, ուր հետագային  կազմաւորուած են հայկական ցեղախումբերն ու պետութիւնները:

Գինին ու խաղողը իրենց ուրոյն տեղը ունեցած են հայոց կենցաղին եւ հոգեւոր կեանքին մէջ: Թագաւորները` իբրեւ սիրոյ ու յաւերժութեան խորհրդանիշ, այգիները անուանած են իրենց կիներուն ու դուստրերուն անուններով:

Արարատեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանը ոսկեայ դարեր եղած են ոչ միայն հայոց, այլեւ՝ համաշխարհային գինեգործութեան պատմութեան մէջ: Հայ դիցաբանութեան մէջ «Խաղողը» եւ «Մայրութիւն»ը իրենց ուրոյն տեղը ունին եւ երբեք չեն առանձնացուած իրարմէ` իբրեւ պտղաբերութեան խորհրդանիշներ:

Քրիստոսէ առաջ, 10-9-րդ դարերուն ուրարտացիները շատ զարգացած խաղողագործութիւն ունեցած են: Խաղողը Հայաստանի խորհրդանիշներէն մէկն է. ինչպէս բազմաթիւ ազգերու, հայերուն մօտ՝ նոյնպէս պաշտելի է: Հայաստանի զինանշանին վրայ անոր պատկերը կայ:

Հայաստանի խաղողը կ'անուանեն «արեւային խաղող», քանի հիմնականը կ'աճի Արարատեան դաշտավայրին մէջ, ուր կիզիչ արեւ կայ:

Հայաստանի տարածքէն յայտնաբերուած հնագոյն քանդակներու, ժայռապատկերներու, քարէ փորագրութիւններու վրայ յաճախ կայ խաղողի պատկերը:

Գինիի հնձաններ, կարասներ, գինիի անօթներ, խաղողի ածխացած կուտեր, խաղողին առնչուող սեպագիր արձանագրութիւններ եւ բազմաթիւ վկայութիւններ նոյնպէս յայտնաբերուած են Հայաստանի ներկայ տարածքէն՝ պեղումներու ժամանակ: Գիտնականներ պարզած են, որ աշխարհի մէջ գինիի առաջին հնձանը Հայաստանի ներկայի տարածքին է՝ Արենիի հնավայրը, ուրկէ նաեւ յայտնաբերուած է 5500 տարեկան կաշիէ կօշիկը:

Հայաստանի գինիի թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի նաեւ Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած ութ հազար տարեկան խաղողի կուտը, որ գտած են 2000-ականներուն՝ Արմաւիրի մարզի Առատաշէնի հնավայրէն՝ հայ-ֆրանսական գիտական համագործակցութեան շնորհիւ: Այդ տարածքին հնագոյն մարդը զբաղած է խաղողի հաւաքչութեամբ, որ նախադրեալ եղած է հետագային խաղողի ընտելացման համար։

Խաղողագործութիւնը միշտ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան գլխաւոր ճիւղերէն մէկը եղած է:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան աւելի քան վաթսուն գինիի գործարաններ, որոնք խաղող կը մթերեն եւ ամբողջ տարին գինի կ'արտադրեն: Մասնագէտները պարզած են, որ մէկ շիշ գինի պատրաստելու համար անհրաժեշտ կ'ըլլայ վեցհարիւր հատիկ խաղող:

Հայկական խաղողները եւ գինիները կարեւոր դեր ունին կարգ մը երկիրներու հետ առեւտրային կապեր զարգացնելու համար: Հայաստանէն անոնք կը հասնին Եւրոպա, Ռուսաստան, Արեւելք: Եղանակին արտասահմանի մէջ պահանջուած է մանաւանդ Հայաստանի սեղանի խաղողը՝ իր ընտիր տեսակներով:

Եկեղեցական հիմնական տօներէն է խաղողօրհնէքը:

Նախաքրիստոնէական շրջանին, հայոց նախնիները համոզուած էին, որ Օգոստոս ամիսը խաղողի հասունացման եւ բերքահաւաքման ամիսն է: Խաղողի բերքահաւաքին օրը պաշտամունքի  արարողակարգը ամէնէն կարեւորն էր հին հայոց մօտ, որ հետագային` քրիստոնէութեան շրջանին կը դառնայ «Խաղողի օրհնութեան օր»:

Յոյն գրող Քսենոֆոն գարեջուրի մասին իր յիշատակումէն բացի` կը նշէ հայկական խաղողն ու գինին: Քրիստոսէ առաջ 401-400 թուականներուն, անցնելով Հայաստանէն, Քսենոֆոն կը հանդիպի զարմանահրաշ «բուրաւէտ գինիներու»[5]:

Ինչպէս չէր արտօնուած խնձոր ուտել մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ չէր արտօնուած խաղող ուտել մինչեւ 15 Օգոստոսի նախորդող կամ յաջորդող Կիրակի օրը` խաղողօրհնէքի տօնը[6]:

Հին ժամանակներուն մարդիկ խաղողի իրենց առաջնաբերքը եկեղեցի կը տանէին, կ'օրհնէին եւ կ'ընծայէին օրհնուած խաղողը:

Նորաբերքի ընծայումը կ'ուղեկցուէր տօնական միջոցառումներով՝ երգով, պարով, խաղերով։ Առատ սեղաններ կը բանային՝ տօնի աւանդական ուտեստներով:

Աւանդոյթ մը կայ, որ մարդիկ Նոր տարուան գիշերը տասներկու հատիկ խաղող կ'ուտեն՝ որպէսզի տասներկու ամիս երջանկութիւն ունենան:

Խաղողը այնքան փառաբանուած է, որ կարգ մը քաղաքներ անոր նուիրուած արձաններ ունին: Կան նաեւ խաղողի բերքահաւաքը խորհրդանշող արձաններ:

Իւրայատուկ տեսականի մը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2016-ին տեղի ունեցած համաշխարհային աճուրդի մը ժամանակ, հազուադէպ հանդիպող խաղողի մէկ տեսակի ողկոյզ մը վաճառուած է շատ բարձր գինով: «Հռոմէական ռուպի» կոչուող այդ տեսակը ստանալու համար ճափոնցիները մօտաւորապէս տասնչորս տարի սպասած են: Անոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ ամէն մէկ հատիկը սեղանի թենիսի գնդակին չափը ունի: Ճափոնցի մասնագէտները նաեւ հիանալի համ ստացած են այս տեսակին համար:

Խաղողաբուժութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյութիւն ունի խաղողաբուժութիւն, որ սակայն չեն ընդունիր արեւմտեան առողջապահական կազմակերպութիւնները. անոնք միշտ կասկածով եւ վերապահութեամբ կը մօտենան աւանդական բժշկութեան, մինչդեռ դարերէ եկող բժշկութեան այս տեսակը նոյնպէս ապացուցած է ինքզինք:

Խաղողաբուժութիւնը յատուկ մշակուած սննդակարգ մըն է, որ կը ներառէ սնունդի մէջ մեծ քանակութեամբ խաղողի օգտագործումը, ներառեալ՝ սերմերու, որթատունկի մասերու, նաեւ՝ տերեւներու, բեղիկներու եւ այլն:

Այս կարգը մշակուած է տակաւին ԺԹ. դարուն՝ Գերմանիոյ գինեգործական շրջաններու բուժավայրերուն մէջ եւ մինչեւ այսօր յաջող կերպով կը կիրարկուի կարգ մը երկիրներու մէջ: Խաղողաբուժութեան կողմնակիցները կը վստահեցնեն, թէ զայն կրնայ բուժել գրեթէ ամէն տեսակի հիւանդութիւն: Այս տեսութեան կողմնակիցները նաեւ այն կարծիքին են, որ հեռու չէ այն օրը, երբ խաղողը կը ներառուի շաքարախտով տառապողներու սննդակարգին:

Յայտնի է, որ որթատունկի մազիկներն ու տերեւները շատ հարուստ են Սի. կենսանիւթով:

Խաղողահիւթին մէջ պարունակուող որոշ բաղադրիչներ կը գործածուին նաեւ գեղեցկագիտութեան ոլորտէն ներս, իբրեւ մաշկը երիտասարդացնող, արեւայրուքներէ պաշտպանող միջոց, հիւթը կը խառնեն դիմայարդարման զանազան միջոցներու բաղադրութեան մէջ:

Խաղողաբուժութիւնը ընդհանրապէս օգտուած է այն միջոցներէն, որոնք կ'առաջարկեն հին բժշկապետերը:

Հին ժամանակ խաղողի չհասունցած պտուղներու՝ ազոխի հիւթը օգտագործած են մարմինի բարձր ջերմութիւնը իջեցնելու համար, բկաբորբի, բերանի խոցի բուժման ժամանակ, արիւնաթքութեան դէմ:

Կուտերն ու պտուղի կեղեւը փորհարութեան դէմ կիրարկած են, չամիչը՝ հազի, միզապարկի հիւանդութեան դէմ:

Խաղողի հիւթը, հակառակ քաղցր ըլլալուն՝ գործածուած է ծարաւի յագեցման, քարային հիւանդութեան ու ախորժակի բացակայութեան պարագային: Զայն նշանակած են իբրեւ միզամուղ, անօթներու, լեարդի աշխատանքը կարգաւորող հիւանդութիւններու ժամանակ:

Շատ հին բժկապետեր նշած են խաղողի հիանալի ազդեցութիւնը՝ խռպոտութեան եւ ձայնի կորուստի ժամանակ:

Աւանդական բժշկութենէն ազդուելով՝ գիտական բժշկութիւնը նոյնպէս ուսումնասիրած է խաղողը եւ հիւանդներուն որոշ պարագաներու խորհուրդներ կու տայ՝ զայն օգտագործելու համար: Մանաւանդ նեարդային համակարգի հիւծուածութեան, թոքախտի ժամանակ բժիշկները չեն վարանիր խաղողի մասին խօսելէ։

Ամիրտովլաթ Ամասիացին կը գրէ, որ ճերմակ, քաղցր խաղողը օգտակար է շնչառական հիւանդութիւններու, սեռական անկարողութեան, իսկ եփած հիւթը՝ քաղցրուն, ստամոքսի խոցի, երիկամներու ու միզապարկի հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար:

Հին ձեռագիրներու մէջ նշումներ կան նաեւ գարնան խաղողի ճիւղը կտրելու եւ անկէ դուրս եկող հիւթը գործածելու մասին: Այդ հիւթը ձիթապտուղի իւղի հետ կը նպաստէ նաեւ մազերու աճին: Օգտակար է նաեւ խակ խաղողի հիւթը, որ հին ժամանակ գործածած են կոպերու բորբոքման, տենդի ժամանակ:

Ինչպէս միւս պտուղներու, այնպէս ալ խաղողի պարագային, անհրաժեշտ է խաղողը ուտել պարապ ստամոքսով կամ՝ ճաշելէ երկու-երեք ժամ ետք:

Խաղողի բերքահաւաքը հայոց մէջ աւանդաբար ծէսերով ուղեկցուած է: Խաղողը քաղած ժամանակ երգած են ու պարած, առաջին բերքի հետ կազմակերպած են խնճոյքներ, գովերգած են խաղողը: Օրհնուած խաղողէն այնուհետեւ ողկոյզներ տարած եւ դրած են լուսաղբիւրներու եւ խաչքարերու վրայ, որպէսզի թռչնակներն ալ անմասն չմնան այդ բարեբերութենէն: Կան խաղողագովքեր[7].

Գովենք, գովենք, ու՞մ գովենք:

Արեւելքի խաղողը գովենք:

Գովենք, գովենք, ո՞ւմ գովենք,

Ջան, խաղող, ջան, ջան,

Խաղողի համը գովենք,

Ջան, խաղող, ջան, ջան:

Երեխաներ, պար բռնեք,

Խաղողի համը գովենք,

Ա՜յ խաղող, համով խաղող,

Մեղրէն անուշ, քաղցր խաղող:

***

Քաղենք խաղողը, լեցնենք կողովը,

Ճութ-ճութ, ճութ-ճութ, ճութ-ճութ:

Բեր քաղենք սեւը, փռենք արեւը,

Շուտ-շուտ, շուտ-շուտ, շուտ-շուտ:

Բեր քաղենք խարճին, ծախենք, տանք խարճը,

Ճութ-ճութ, ճութ-ճութ, ճութ-ճութ:

Քաղենք Ըռըզգին, աղէկ կու տան գին,

Շուտ-շուտ, շուտ-շուտ, շուտ-շուտ:

Փըռենք պոլ չամիչ, ուտենք քիչ ու միչ,

Ճութ-ճութ, ճութ-ճութ, ճութ-ճութ:

Պոլ դոշաբ եփենք, ձմեռը շփենք,

Շուտ-շուտ, շուտ-շուտ, շուտ-շուտ:

  • Francesco Emanuelli, Silvia Lorenzi, Lukasz Grzeskowiak, Valentina Catalano, Marco Stefanini, Michela Troggio, Sean Myles, José M. Martinez-Zapater, Eva Zyprian, Flavia M. Moreira, and M. Stella Grando (2013)։ «Genetic diversity and population structure assessed by SSR and SNP markers in a large germplasm collection of grape»։ BMC Plant Biology (BioMed Central Ltd.) 13: 39։ doi:10.1186/1471-2229-13-39 
  • Hui Ren & Jun Wen։ Vitis, S. 210 - textgleich online wie gedrucktes Werk Archived 2020-07-01 at the Wayback Machine., In։ Wu Zheng-yi, Peter H. Raven, Deyuan Hong (Herausgeber)։ Flora of China, Volume 12 - Hippocastanaceae through Theaceae, Science Press und Missouri Botanical Garden Press, Beijing und St. Louis, 19. November 2007, ISBN 978-1-930723-64-1. (Abschnitt Beschreibung, Verbreitung und Systematik)
  • S. Nazimuddin & M. Qaiser։ Vitis in der Flora of Pakistan. Archived 2015-06-13 at the Wayback Machine.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե.1926 http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&pageNumber=1026
  2. Wine & Spirits Education Trust "Wine and Spirits: Understanding Wine Quality" pgs 2-5, Second Revised Edition (2012), London, ISBN 9781905819157
  3. Յատկութիւններ
  4. Սեւ խաղողը
  5. Խաղողօրհնէք
  6. Աւանդութիւններ
  7. Խաղողածէս

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։