Jump to content

Խաղաղութեան Համաշխարհային Օր

Խաղաղութեան Համաշխարհային Օր

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 1 Յունուար
Հաստատուած 8 Դեկտեմբեր 1967

Խաղաղութեան Համաշխարհային Օր (անգլ.՝ World Day of Peace) կամ Խաղաղութեան համար աղօթքի համաշխարհային օր, կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջազգային տօն[1], որու ընթացքին հաւատացեալները կոչ կ՚ընեն Աստուծոյ դադրեցնել բոլոր պատերազմները եւ խաղաղութիւն ուղարկել Երկրի վրայ գտնուող մարդոց։ Կը նշուի ամէն տարի, 1 Յունուարին՝ Սուրբ Աստուածամօր տօնակատարութեան օրը[1]։

Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Խաղաղութեան համար աղօթքի համաշխարհային օրը» համեմատաբար նոր տօն է (նախ եւ առաջ կաթողիկներու համար), որ հաստատուեած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Պօղոս 6-րդ պապի կողմէ 8 Դեկտեմբեր 1967-ին[1]։ Քանի մը տարի այն նշուած է իւրաքանչիւր տարուայ առաջին օրը։ 17 Դեկտեմբեր 1969-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի «Խաղաղութեան համաշխարհային օրը» հռչակած է որպէս պաշտօնական տօն, որու ժամանակ հաւատացեալները կոչ կ՚ընեն Աստուծոյ դադրեցնել բոլոր պատերազմները եւ խաղաղութիւն տարածել երկիր մոլորակի վրայ[1]։

«ներուր եւ խաղաղութիւն կը գտնես» այս հիմնական կարգախօսն է, որովտեղի կ՚ունենայ «խաղաղութեան համաշխարհային օրը»[1]։ Ամէն նոր տարուայ առաջին օրը վեհափառ հայրապետը իր նախատօնական ելոյթին մէջ կը դիմէ հաւատացեալներուն՝ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելով խաղաղութեան գործին մէջ բոլորի ներդրման անհրաժեշտութեան վրայ[2]։

Պայքար աղքատութեան դէմ, Երկրի վրայ խաղաղութեան կառուցում, լարուածութեան թուլացում միջազգային եւ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ, մարդու իրաւունքներ եւ կանանց իրաւունքներ, տնտեսական զարգացում, ասոնք են տօնէն առաջ հաւատացեալներուն ուղղուած Հռոմի պապի ամէնամեայ ուղերձներէն քանի մը հատը[1]։

Խաղաղութեան համաշխարհային օրը աշխատանքային չէ Վատիկանի մէջ, իսկ Պրազիլի մէջ այն կը նշուի որպէս «Եղբայրութեան համաշխարհային օր»[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 «Հունվարի 1-ը Խաղաղության համաշխարհային օրն է»։ news.am։ 2018 թ․ հունվարի 1։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ հունիսի 23 
  2. «Католические праздники — 1 января — Всемирный день мира / День всемирных молитв о мире»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ հունիսի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ հունիսի 23