Jump to content

Լուքայեան Կղզիաշարք

Լուքայեան Կղզիաշարք
Ազգաբնակչութիւն 425 969 մարդ (2023)[1]
Ժամային համակարգ UTC-5

Լուքայեան Կղզիաշարք, նաեւ յայտնի իբր Պահամեան Կղզիաշարք անունով, կղզիական խումբ մըն է՝ բաղկացած Պահամաներու եւ Թուրքս ու Քայքոս Կղզիներու ինքնիշխան երկիրներէն, Բրիտանական Արտագնատարածքէն Հիւսիսային Ատլանտիկ Ովկիանոսին մէջ: Կղզիաշարքը Քարիպեան շրջանին մէջ է՝ տարածուելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրցամաքային Ֆլորիտայէն հարաւ-արեւելք մինչեւ հիւսիսային Հիսփանիոլա: Կան մօտաւորապէս 740 կղզիներ եւ 2,400 փոքր կղզիներ, որոնցմէ միայն 38-ը բնակեցուած են:

Լուքայեան Կղզիաշարքը առաջին անգամ բնակեցուեցաւ Լուքայեան ժողովուրդով՝ Թայինօ համայնքէն ճիւղ մը, որ բնակեցուց կղզիները 8-րդ դարէն մինչեւ 16-րդ դար:[2] Անոնք առաջին բնիկ ամերիկացիներն էին որ հանդիպեցան Քրիստաֆըր Քըլամպըս 1492 թուականի Հոկտեմբերին:[3] Անկէ անմիջապէս ետք՝ Սպանացիները սկսան ստրկացնել Լուքայեաններուն, հանգեցնելով անոնց ամբողջական բնաջնջումին ոմն կղզիներէն մինչեւ 1520 թուականը:[4] Լուքայեան մշակոյթը ունէր իր լեզուն, կառավարութիւնը, սովորոյթները եւ աւանդոյթները, եւ անոնք ունէին լայն առեւտրական ուղիներ՝ օգտագործելով փորիկ նաւակներ:[5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.britannica.com/
  2. «Lucayan People»։ Lucayan Sea։ արտագրուած է՝ 20 June 2025 
  3. Keegan, William F. (1992)։ The People Who Discovered Columbus: The Prehistory of the Bahamas։ University Press of Florida ։ ISBN 0-8130-1137-X 
  4. «The Lucayans: the vanished indigenous people of the Bahamas»։ Expeditions.com։ արտագրուած է՝ 20 June 2025 
  5. «Lucayans»։ Turks and Caicos National Museum։ արտագրուած է՝ 20 June 2025