Լուսինի Պաշտամունքը

Լուսինի Պաշտամունքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Full Moon photograph taken 10-22-2010 from Madison, Alabama, USA.

Ժամանակի ընթացքին, տօնացոյցին մէջ կարեւոր դեր գտնելով լուսինը աւելի յիշատակուած է քան արեւը: Լուսինի տեսքին փոփոխութիւնը հետաքրքրած է նախնիները եւ անոնք հետեւելով լուսինի կրած փոփոխութիւններուն ճշդած են իրենց տոմարին թուականները, եւ որովհետեւ լուսինը եղած է աւելի գործածուած նախնիներուն կողմէ եւ անոնց օգնած է բան մը հասկնալու, հետեւաբար լուսինի պաշտամունքը աւելի զարգացած եւ ընդլայնուած եղած է քան արեւը կամ աստղերը: Լուսինը պատճառ դարձած է հողագործներուն գործը յաջողութեան տանելու եւ աճեցնելու բոյսերը, եւ օդի կանոնաւորման դասաւորման պատճառն ալ կրկին եղած է լուսինը. Բազմաթիւ պարտիզպաններ կը վկայեն, որ լուսինէն կախեալ եղած է անոնց ցանելու օրերը եւ բանջարեղէններուն աճը:

Հին տոմարին մէջ լուսինին ամիսը կը գրաւէր առաջին տեղը՝ 12 ամիսներուն շարքին մէջ: Հռոմէական տոմարին մէջ եւս եղած է առաջինը, որ կոչուած է Janus, որմէ եկած է Janaur անունը եւ ներկայիս January, որ Յունուարն է հայերէնով: Նախնիները լուսինին կու տային զանազան պաշտօններ.

  • Հերոս մը՝ վիշապներուն դէմ կռուող,
  • Արեւին ամուսինը, որ անյայտացման 3 օրերը միասին կ'անցընէին,
  • Նշանացոյցն է օդի կլիմային փոփոխման:

Սուրբ գիրքերուն մէջ եւս երբ յիշուած է արեւը, անոր կողքին յիշուած է լուսինը, կը թուի որ Սինա լեռը իր անունը առած է լուսինի աստուծոյ անունէն, որ կը կոչուէր Սին եւ որ կը պաշտուէր Քանանացիներուն կողմէ: Բնական է լուսինը կ'անհետանայ եւ ետ կը յայտնուի, սակայն երբ կրկին յայտնուէր Հրեաները փողերով կը զուարճանային եւ այդպէս կը դիմաւորէին նոր լուսինը, իսկ ներկայ օրերուս սովորութիւն դարձած է երբ նոր լուսինը տեսնեն կը դառնան դէպի իրենց սիրելիներէն մէկը եւ անոր դէմքին ժպտալով կ'արտայայտեն աւետումը բարեկեցութեան: Նախնիներ այդ երեք օրուան լուսինին բացակայութիւնը մինչեւ նոր լուսինին յայտնուիլը բացատրած են, ըսելով թէ լուսինը այդ օրերը կ'անցընէր արեւուն հետ: Մեր նախնիները հայերէն երգ մը գրած են նոր լուսինին համար՝

«Նոր, նոր նորաւոր,

Կանաչ, կարմիր թագաւոր,

Ծեր գացիր, տղայ եկար,

Աշխարհէն ի՞նչ խապրով եկար» (Ազգգրկ. Հանդէս, Զ., էջ 33):

Լուսինը ընդունած էին իբրեւ արու, իսկ արեւը իբրեւ իգական, իսկ այլ մարդիկ հակառակը եւ շատ մը անձեր ըսած են, թէ անոնք քոյր եղբայր են: Մարդոց լուսնոտութեան պատճառը եղած է լուսինը, որովհետեւ ազդեցութիւն ունեցած է մարդոց ջիղերուն վրայ իր ձգողական ուժով, թէ ինչպէս արեւուն պարագային կ'ըսեն արեւահար նոյնպէս լուսինին պարագային լուսնոտութիւն: