Լորըն Շուարց
| Լորըն Շուարց | |
|---|---|
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ |
| Կայքէջ | laurents.art(գերմ.) |
Լորըն Շուարց (անգլերէն՝ Laurent Schwarz, ), գերմանացի փոքրիկ գեղանկարիչ մըն է, որ 2024-ին ծանօթ անուն մը դարձած է արուեստի աշխարհին մէջ։ Անոր գործերը կը ծախուին հազարաւոր եւրոյի[1]։
2023-ի աշնան է, որ փոքրիկ Լորըն սկսած է գեղանկարչութեամբ հետաքրքրուիլ՝ մօտաւորապէս մէկուկէս տարեկանին: Ան իր ժամանակը գլխաւորաբար կ՛անցընէր հանրային կեդրոնի մը ստեղծագործական աշխատանոցին մէջ: Այս պատճառով է, որ արձակուրդէն վերադարձին ծնողները մտածեցին անոր նկարչութեան կտորներ նուիրել:
Լորըն ճերմակ կտորները վառ գոյներով պիտի ծածկէ: Ըստ այդ գործերը տեսնողներուն, այդ գեղանկարչութիւնները իւրայատուկ են, որովհետեւ անսովոր վերացական գոյներու հետքեր են[2], որոնց մէջէն կարելի է զանազանել ճանաչելի պատկերներ: Եւ այս պատճառով է, որ անոնք մեծ յաջողութիւն ունին, կը բացատրէ մայրը:
Անհատական ցուցահանդէս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2024-ի Ապրիլ ամսուն Լորըն իր գործերը ցուցադրեց Միւնիխի մէջ: Աշխարհի չորս կողմերէն անձեր, որոնք ծանօթացած էին Լորընի գործերուն ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն, գնեցին անոր արուեստի գործերը:
Լորընի մայրը կը վստահեցնէ, որ Լորընի շահած այս դրամը կը դրուի իր անունով յատուկ հաշիւի մը մէջ, զոր Լորըն պիտի կարենայ գործածել 18 տարեկանին:
Լորըն կը շարունակէ իր նկարչութիւնները` ըստ իր տրամադրութեան, խառնելով իր գոյները, ներկայացնելով իր նախասիրած անասունները, ինչպէս` փիղեր, ձիեր եւ հոյամողէսներ[3][2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Zweijähriger mischt den Kunstmarkt auf»։ DER STANDARD (անգրելէն)։ արտագրուած է՝ 2026-01-16
- 1 2 «Toddler sells his paintings for up to $7,000»։ The Independent (անգլերէն)։ 2024-05-29։ արտագրուած է՝ 2026-01-16
- ↑ «Լուրեր Աշխարհէն. Երկու Տարեկան Արուեստագէտը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-09-07։ արտագրուած է՝ 2026-01-16