Jump to content

Լոգանք

Նորպլինի լոգանքը

Լոգանք, լուացուելու գործողութիւն, երբ մարդ ջուրով կը լուայ իր մարմինը՝ սովորաբար լոգարանին մէջ։

Պաղ Լոգանքին Առաւելութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը,
  • Կը խթանէ ջղային համակարգը եւ կը կազդուրէ,
  • Կը նուազեցնէ քորթիզոլը` ընկճախտի հորմոնը,
  • Կ'ամրապնդէ մտային կարողութիւնը, կը բարձրացնէ արթնութիւնը,
  • Կը բարելաւէ կեդրոնացումը,
  • Կը խթանէ դիմադրողական համակարգը,
  • Մազերուն եւ մորթին թարմ տեսք կը հաղորդէ,
  • Կը բարելաւէ տրամադրութիւնը,
  • Կ'արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը,
  • Կը նպաստէ խոր եւ վերականգնող քունին[1]:

Տաք Լոգանքին Առաւելութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կը խթանէ էնտորֆինի արտադրութիւնը, որուն շնորհիւ մարմինը կը թուլնայ եւ կը հանգստանայ,
  • Կը թեթեւցնէ մկանային եւ այլ ցաւեր,
  • Կը բարելաւէ քունին որակը,
  • Կը մաքրէ մորթը, կ'ընդլայնէ ծակտիկները, կը ձերբազատէ սեւ կէտերէն,
  • Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը, կը կարգաւորէ արեան ճնշումը,
  • Կ'օգնէ բարձրացնելու երջանկութեան հորմոնի` «սերոթոնին»ին մակարդակը,
  • Կ'օգնէ ջերմուժ այրելու,
  • Կ'ազդէ շնչառութեան վրայ եւ կը բանայ շնչուղիները,
  • Կը թեթեւցնէ մրսածութիւնն ու հազը,
  • Կ'ամրացնէ դիմադրողական համակարգը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]