Jump to content

Լիմասոլ

Լիմասոլ (հին յուն․՝ Λεμεσσός), որ յայտնի է նաեւ Լէմէսոս անունով, ծովեզերեայ քաղաք մըն է (Միջերկրական Ծովու ափին) որ, կը գտնուի Կիպրոսի հարաւային ափին վրայ: Կը համարուի կղզիի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը (Նիկոսիայէն ետք)։ Լիմասոլը Կիպրոսի ամենախիտ բնակչութիւն ունեցող շրջանն է:

Լիմասոլը կառուցուած է յունական երկու հին քաղաքներու՝ Ամաթուսի եւ Կուրիոնի միջեւ։ Քաղաքի պատմական կեդրոնը կը գտնուի միջնադարեան Լիմասոլի Բերդին եւ Հին Նաւահանգիստին շուրջը։ Լիմասոլը կը տարածուի, Միջերկրականի երկայնքով՝ աւելի հեռուն քան բերդին եւ նաւահանգիստին սահմանները, իսկ անոր արուարձանները կ’երկարին ծովափէն մինչեւ Ամաթուս։ Քաղաքէն արեւմուտքը կը գտնուի Աքրոթիրին, որ Կիպրոսի կղզիին վրայ գտնուող բրիտանական արտասահմանեան տարածքներէն մէկն է՝ Աքրոթիրի եւ Տէքէլիա։

Լիմասոլ անունը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիմասոլ անունը կու գայ հին յունական Նեմեսոս բառէն (Greek: Νέμεσσος, romanized: Nemessos), որ կը նշանակէ (մէկը՝ մէջտեղը գտնուող): Սա ամենայն հաւանականութեամբ կը վերաբերի քաղաքի դիրքին. քաղաքը կը գտնուէր Ամաթուս եւ Կուրիոն քաղաքներուն միջեւ: Ժամանակի ընթացքին անունը փոխակերուած է «Լեմեսոս»ի, իսկ անգլերէն յայտնի է որպէս «Լիմասսոլ»:

Այսօր Լիմասոլը ժամանակակից եւ զարգացած քաղաք մըն է՝ բարձր շէնքերով, գեղեցիկ լողափերով եւ լայն զբօսայգիներով։ Քաղաքին կեդրոնը կը պահէ իր հին հմայքը՝ նեղ փողոցներով եւ պատմական շէնքերով, մանաւանդ միջնադարեան ամրոցով, որ կը գործէ իբրեւ թանգարան։ Լիմասոլը յայտնի է նաեւ իր գինիի փառատօններով, ծովափնեայ շրջանցիկ ճամբաներով եւ միջերկրական խոհանոցով։ Զբօսաշրջիկները կը վայելեն արեւոտ եղանակը, մշակութային կեանքը եւ ջերմ մթնոլորտը, որ կը դարձնէ Լիմասոլը Կիպրոսի ամենահմայիչ քաղաքներէն մէկը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]