Լիճ
Արտաքին տեսք

Լիճը, բնական կամ արհեստական ջուրի մեծ կուտակում մը:
Լիճը կը սնանի անձրեւէն, ձիւնահալէն, գետերէ կամ ստորգետնեայ ջուրերէ։
Լիճի ջուրը կրնայ ըլլալ քաղցրահամ կամ աղի՝ ըստ իր գտնուած վայրին եւ ջուրի ելեւմուտի պայմաններէն[1]։
Լիճերը կարեւոր են բնութեան, մարդոց եւ կենդանիներու համար։ Անոնք կը ծառայեն՝
- ջրամատակարարման,
- ոռոգման,
- ձկնորսութեան,
- հանգիստի եւ զբօսաշրջութեան։

Լիճերը կ'ունենան բազմազան ծագում. կարգ մը լիճեր ստեղծուած են սառցեայ շարժումներու, հրաբուխներու կամ երկրաշարժերու միջոցով, իսկ ուրիշները ալ՝ մարդոց կողմէ, ինչպէս ջրամբարները կամ արհեստական լիճերը[2]։