Jump to content

Լիկիսթիդա

Լիկիսթիդա
Լիկիսթիդա
Λυγκηστίδα
Մակեդոնական թագաւորութեան զարգացման ընթացքը
Երկիր Յունաստան
Երկրամաս Մակեդոնիա
Հին Յունաստանի շրջան Վերի Մակեդոնիա
Խօսուող լեզուներ հասարակ յունարէն Ատիկէի բարբառ

Լիկիսթիդա (յուն․՝ Λυγκηστίδα)․ Վերին Մակեդոնիոյ հին շրջան։ Կը գտնուէր Էրիղոնաս գետին հովիտին հարաւ-արեւմուտքը եւ կ՛ընդգրկէր այսօրուան Ֆլորինա նահանգին մեծ մասը։ Սահմանակից էր արեւմուտքէն Օրեսթիդային հետ եւ արեւելքէն Էորդէային եւ Ալմոբիային հետ։ Անոր բնական սահմանները եղած են՝ Վարնունտա եւ Վերնօ (Վիցի) լերները, իսկ արեւելքէն՝ Վորաս (Քայմաքցալան)։ Գլխաւոր քաղաքը եղած է Իրաքլիա Լիկիսթիս, հիմնուած Ք․Ա․ 4րդ դարու կէսերուն, Մակեդոնիոյ թագաւոր Փիլիպոս Բ․ Մակեդոնացիին կողմէն, երբ ան արդէն գրաուած էր ամբողջ շրջանը եւ զայն միաւորած Մակեդոնիոյ թագաւորութեան։

Պատմական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լիկիսթիդա

Առաջին բնակիչները Լիկիսթիները եղած են, որոնք ըստ Էքաթէոս Միլիսեցիին Մոլոսոս էին (հին յունական ցեղ, որ շրջանին մէջ հաստատուած ին Միկինեան ժամանակաշրջանին)։ Հնաբանական պեղումները յայտնաբերած են նախապատմական եւ նաեւ Միկինասեան բնակավայրերու հետքեր։

Ըստ Ստրապոնի, Իրաքլիա եղած է Լիկիսթիդային ամէնէն կարեւոր քաղաքը

Լիկիսթիդան չմիացած Մակեդոնական թագաւորութեան, ունեցած է նշանակելի թագաւորական հարստութիւն։ Հին աղբիւրները կը վկայեն թէ կը զբաղէին որթատունկի մշակումով։

Հին արձանագրութիւններ եւ հնաբանական յայտնաբերումներ կը վկայեն թէ քաղաքը չաստուածներու պաշտամունքի կարեւոր վայր մը եղած է, ինչպէս օրինակ՝ Տիասի, Էրմիսի, Աթինային, եւայլն։

Լիկիսթիս եղած է հանքանիւթերով հարուստ շրջան եւ հաւանաբար Վերնօ լերան արեւելեան ստորոտին կար կարեւոր մետաղագործութեան կեդրոն, Անօ Քլինես, Բրոթի, Թրոբէուխոս, Սքոբոս, Ախլադա, Մելիթի եւ Նէոխորաքի գիւղերուն մօտ։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]