Jump to content

Լիլիթ Գալստեան

Լիլիթ Գալստեան, հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, քաղաքագէտ, լեզուաբան, թարգմանիչ, խմբագիր, հրապարակախօս:

Լիլիթ Գալստեան (28 Նոյեմբեր 1962, Երեւան), հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, քաղաքագէտ, լեզուաբան, թարգմանիչ, խմբագիր, հրապարակախօս։ Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու (2006), 2002 թուականէն Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ է, եղած է պատգամաւոր Հայաստանի չորրորդ եւ ութերորդ գումարման Ազգային Ժողովներուն։

Լիլիթ Գալստեանը ծնած է Երեւան։ 1986 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրութեան ֆակուլտետը եւ ստացած է բանասէրի որակաւորում։ 1996 թուականին աւարտած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ֆակուլտետը, ստացած է քաղաքագիտութեան մագիստրոսի աստիճան։ 2001-2002 թուականներուն ուսանած է Եւրախորհուրդի քաղաքական հետազօտութիւններու թիֆլիսեան դպրոցին մէջ։ 2006 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի մէջ պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն լեզուաբանութենէ եւ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ 1986-1987 թուականներուն աշխատած է Թալինի շրջանի Աշնակ գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ՝ որպէս ուսուցիչ։ 1986-1991թթ. եղած է Հայաստանի Լենինեան Կոմունիստական Երիտասարդական Միութեան Երեւանի քաղաքային կոմիտէի քարոզչական բաժինի վարիչ։ 1991-1999թթ. եղած է Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը։ 1999-2005թթ. ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան նախարարութեան միջազգային ծրագրերու համադրման եւ աջակցման կեդրոնի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։ 1999 թուականէն Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան նախագահն է։ 2005 եւ 2007թթ. որպէս հրաւիրեալ դասախօս դասաւանդած է Կլենտըլի Համայնքային քոլէճին մէջ։

1986 թուականէն հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ «Նորք», «Բանբեր», «Լրաբեր», «Աւանգարդ», «Երկիր», «Գարուն», «Ազատամարտ», «Ազդակ», «Անդրադարձ», «Երկիր Աւետեաց», «Դրօշակ», «Առաւօտ», «Ասպարէզ» եւ այլ պարբերականներու մէջ։

Քանատական գրականութենէն լաւագոյն թարգմանութեան համար արժանացած է Քանատայի դեսպանատան մրցանակին։

Եղած է շարք մը միջազգային գիտաժողովներու նախաձեռնող եւ կազմակերպիչ, կազկոմիտէի անդամ եւ հանդէս եկած է զեկուցումներով։

Լիլիթ Գալստեան

1990 թուականէն ՀՅԴ-ի անդամ է։ 2006-2007թթ. եղած է ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ։ 12 Մայիս 2007-ին ՀՅԴ կուսակցութեան կողմէ համամասնական ընտրակարգով ընտրուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր։ ՀՀ Ազգային Ժողովի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ է[1]։

20 Յունիս2021 թուական-ին, ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հայաստան դաշինքի կազմին մէջ[2]։

Գրական Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիլիթ Գալստեանը կազմած եւ խմբագրած է գիրքեր, ինչպէս նաեւ անգլերէնէ թարգմանութիւններ կատարած է։