Jump to content

Լիթուանիոյ դրօշ

Լիթուանիոյ դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Երկիր  Լիթուանիա
Իրաւասութեան տարածք Լիթուանիա
Նշան 🇱🇹
Յարաբերութիւն 5:3
Ընդունուած է 1820
Գոյներ Դեղին (գոյն), կանաչ և կարմիր
Պատկերուած է դաշտ

Լիթուանիոյ դրօշը ուղղանկիւնաձեւ պաստառ մըն է, որ կազմուած է երեք հաւասար լայնութեամբ հորիզոնական շերտերէ։ Վերին շերտը դեղին է, միջինը՝ կանաչ, իսկ ստորինը՝ կարմիր։ Դրօշին լայնութեան եւ երկարութեան յարաբերակցութիւնը 3։5 է։

1992 թուականի հանրաքուէով ընդունուած Լիթուանիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 15-րդ յօդուածով սահմանուած են պետական դրօշին գոյները՝ դեղին, կանաչ եւ կարմիր։ Դրօշին մանրամասն նկարագրութիւնն ու գործածութեան կարգը կը սահմանուին «Պետական դրօշի եւ այլ դրօշներու մասին» օրէնքով, որ վերանայուած է 1 Սեպտեմբեր 2004-ին։

1988-2004 ժամանակաշրջանին դրօշին համամասնութիւնը 1։2 էր, ինչպէս նաեւ նախկին Լիթուանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան դրօշին պարագային։

Դրօշին գոյները ունին խորհրդանշական իմաստ.

  • Դեղինը կը խորհրդանշէ լոյսն ու արեւը,
  • Կանաչը կը խորհրդանշէ խոտն ու բնութիւնը,
  • Կարմիրը կը խորհրդանշէ Լիթուանիոյ ազատութեան եւ անկախութեան համար թափուած արիւնը[1]
Գոյն Դեղին Կանաչ Կարմիր
RGB (HTML) #fcd116 #00966E #D62612
CMYK 0-30-100-0 100-55-100-0 25-100-100-0
Pantone 1235 C/U 349 C/U 1805 C/U

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Seimas of Lithuania - History of the National Flag. Retrieved December 15, 2006