Լէոնիտաս Տուրմ
Լէոնիտաս Տուրմը պելճիքական տուրմի հանրածանօթ վաճառանիշ է, ստեղծուած՝ 1913-ին Լէոնիտաս Քեսթեկիտեսի կողմէ։
Այս ընկերութիւնը կը պատկանի «Confiserie Leonidas» հաստատութեան։
Ամէն օր Պելճիքայի մէջ կը պատրաստուի մէկ միլիոն տուրմէ «փրալին»։ Ընկերութիւնը ունի երկու գործարան եւ 1,350 վաճառքի կէտ 40 երկիրի մէջ՝ 400 խանութ Պելճիքայի եւ 400 Ֆրանսայի մէջ[1][2]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պրիւքսէլ համաշխարհային տուրմի մայրաքաղաքն է, քանի որ Պելճիքա հանրածանօթ է քաքաօն տուրմի վերածելու կարողութեամբ։
1900-ին, Լէոնիտաս Քեսթեկիտեսը, որ ծնած էր Յունաստան, կը տեղափոխուի ԱՄՆ եւ կը դառնայ վարպետ հրուշակեղէնի եւ քաղցրաւենիքի պատրաստութեան մէջ։ Եղբայրը Յունաստանէն միրգեր կը փոխադրէր։ Իր ստեղծագործութիւնները մեծ ճանաչում ստացած են։
1910-ին ան մասնակցած է Պրիւքսէլի Համաշխարհային ցուցահանդէսին եւ շահած՝ պրոնզէ շքանշան, տուրմէ քաղցրաւենիքի համար եւ ոսկեայ կարկանդակի համար։
Կը սիրահարի պելճուհի Ճոաննա Տեռլինկին, կ'ամուսնանայ 1912-ին եւ կը հաստատուի Պելճիքայի մէջ։
1913-ին, Կանթի մէջ կը բանայ իր առաջին «Լէոնիտաս» թէյարանը։
1922-ին, իր զարմիկը՝ Պասիլիօ, կու գայ Պելճիքա եւ կը բանայ առաջին խանութը Պրիւքսէլի մէջ։
Պասիլիոնի կառավարման օրով Լէոնիտաս կ'ընդարձակէ խանութներու ցանցը եւ կը սկսի միջազգային գործունէութիւն․ առաջին «ֆրանչայզ»ի խանութը Պելճիքայի մէջ կը բացուի 1966-ին, Ֆրանսայի մէջ՝ 1969-ին։
2007-ին ընկերութիւնը կը բանայ «Leonidas Chocolates & Café»-ն, բայց մրցակցութիւնը «Սթարպաքս»ի (Starbucks) հետ ծանր էր։
2013-ին վաճառանիշին հանրաճանաչումը կը հասնի 97%-ի։