Jump to content

Լէյրէի վանք

Porta Speciosa՝ Նունիոյի եւ Ալոտիոյի պատկերով, որոնց մասունքները ժամանակին այնտեղ պաշտուած են (11-րդ դար)։

Լէյրէի Սուրբ Փրկիչի վանքը (պասք.՝ Leireko San Salbatore monasterioa, սպան.՝ Monasterio de San Salvador de Leire) կրօնական համալիր մըն է, որ կը գտնուի Լէյրէի լեռնաշղթայ-ի հարաւը՝ Նաւառայի հիւսիսային մասին մէջ, Սպանիա։ Անիկա Սպանիոյ պատմական ամենակարեւոր վանքերէն մէկը կը համարուի։

Վանքին վերաբերեալ ամենահին արձանագրութիւնները կը թուագրուին 842 թուականէն, երբ Ինիէկօ Արիստան, որ կը նկատուի Փամփլոնայի առաջին թագաւորը, եւ Վիլիէսինտօն՝ Փամփլոնայի եպիսկոպոսը, վանքին նուիրատուութիւն մը կատարեցին։ Անկէ ետք վանքը աստիճանաբար մեծ նշանակութիւն ձեռք բերաւ՝ ստանալով բազմաթիւ կալուածներ եւ հարստութիւններ Նաւառայի թագաւորութեան գոյութեան առաջին եւ միջին շրջաններուն, Նաւառայի թագաւորներուն կողմէ շնորհուած արտօնութիւններուն եւ կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։ Վանքը ընդարձակուեցաւ տասներկրորդ դարուն։ Նաւառայի քանի մը թագաւորներ հոն թաղուեցան։

Այնուհետեւ վանքը տարբեր վիճակներու մէջ գտնուած է եւ ենթարկուած է բազմաթիւ ընդարձակումներու ու վերակառուցումներու։ Ամենածաւալուն վերակառուցումը կատարուած է տասնվեցերորդ դարուն, երբ գրեթէ ամբողջ վանքը վերաշինուած է։ Մինչեւ մեր օրերը պահպանուած են հռոմէական ճարտարապետութեան նմոյշներ, ինչպէս՝ եկեղեցին՝ իր Porta Speciosa-ով, ինչպէս նաեւ աւելի հին կառոյցներու մասեր, որոնցմէ յատկապէս ուշագրաւ է դամբանը։

Լէյրէի վանքը հիմնուած է որպէս բենեդիկտեան վանք, սակայն հետագային անցած է ցիստերցեան միաբանութեան վանականներուն։ Ներկայիս վանքը կը պատկանի Նաւառայի Ֆուերոսներու Համայնքին, որ վանքը խնամելու եւ կառավարելու համար զայն վերադարձուցած է իր սկզբնական բնակիչներուն՝ բենեդիկտեան միաբանութեան։

2015 թուականի Յունիսին վանքը եղած է Սպանիոյ թագաւոր Ֆելիպէի եւ իր կնոջ՝ Լեթիզիա թագուհիին առաջին պաշտօնական այցելութեան վայրը՝ Ֆելիպէի Սպանիոյ թագաւոր դառնալէն ետք[1]։

Կարեւորութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանքը կը գտնուի Սուրբ Յակոբի Ուխտագնացութեան Ճանապարհի տարբեր ուղիներէն մէկուն վրայ, որ կու գայ Պերտունի միջանցքէն եւ Խաքայէն։

Վանքին անունը իբրեւ իգական անուն որդեգրուած է Leire ձեւով եւ յատկապէս տարածուած է Պասք Երկրին մէջ։

Լէյրէի դագաղը՝ փղոսկրեայ զարդարուն դագաղ մը, որ 1004–1005 թուականներուն պատրաստուած է մահմետական Քորտոպայի մէջ եւ որոշ ժամանակ պահած է Նունիոյի եւ Ալոտիոյի մասունքները, քանի մը դարեր պատկանած է վանքին եւ իր անունը ստացած է վանքէն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ «El Rey Felipe VI aboga por consolidar la cultura como "un elemento esencial de nuestra vida en común"»։ eldiario.es (իսպաներեն)։ Europa Press։ 10 June 2015։ արտագրուած է՝ 2020-06-03