Լեւոն Չորմիսեան

Լեւոն Չորմիսեան
Ծնած է 1896-ին
Ծննդավայր Պրուսա
Մահացած է 7 Նոյեմբեր 1980-ին
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն գրագէտ
Աշխատավայր Արեւմուտք
Ներկայ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր

Լեւոն Չորմիսեան (1896 - 7 Նոյեմբեր 1980), հայ պատմագէտ

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, ապա կ'անցնի Կ. Պոլիս, ուր երկրորդական ուսման կը հետեւի Կեդրոնականի մէջ։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք ժամանակաւոր կերպով կը հաստատուի Հալէպ, ուրկէ կ'անցնի Փարիզ, ուր եւ վերջնական բնակութիւն կը հաստատէ: Հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ, տասնամեակներու ընթացքին կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ բազմաթիւ թերթեր, ինչպէս՝ «Ներկայ» (ամսագիր, 1949-1950), «Բիւրակն» (շաբաթաթերթ, 1961-1967), «Կարծիք» (ամսագիր, 1973-1975): Լեւոն Մօզեանի եւ Բիւզանդ Թօփալեանի հետ կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ «Արեւմուտք» շաբաթաթերթը (1945-1952):

Հրապարագրական իր աշխատանքին զուգահեռ, Լեւոն Չորմիսեան կը նուիրուի հայ ժողովուրդի նոր եւ նորագոյն շրջանի պատմութեան բազմակողմանի ուսումնասիրութեան: Տարիներու իր հետեւողական հետազօտութիւնները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն տասնի հասնող հատորներու մէջ։ Առանձնապէս ուղադրութեան արժանի են Լ. Չորմիսեանի հետեւեալ երկասիրութիւնները. «Գաղութներու ղեկավարութեան հարցը» (Փարիզ), «Կուսակցութիւնները» (Պէյրութ, 1965), «Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան», Ա. հատոր, 1850-1878 (Պէյրութ, 1972), Բ. հատոր, 1878-1908 (Պէյրութ, 1974), Գ. հատոր, 1908-1922 (Պէյրութ, 1975), Դ.հատոր,- Հայ Սփիւռքը, Ա. գիրք, Ֆրանսահայերու պատմութիւնը- (Պէյրութ, 1977), եւ «Համապատկեր արեւելահայերու ժամանակակից պատմութեան» (Պէյրութ, 1979):

Լեւոն Չորմիսեան կը մահանայ 7 Նոյեմբեր 1980-ին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1981, Էջ 360։