Լեռ Կամսար

Լեռ Կամսար
Ծննդեան անուն Արամ Թովմասեան
Ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1888(1888-10-24)
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 22 Նոյեմբեր 1965(1965-11-22)[1] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, երգիծաբան
Աշխատավայր «Սովետական Հայաստան»
Երամեան վարժարան
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան) (24 Հոկտեմբեր 1888, Վան - 22 Նոյեմբեր 1965, Երեւան), գրող, երգիծաբան։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Վան, հոգեւորական ընտանիքի մէջ։ Վանի Երեմեան վարժարանին եւ ապա՝ Էջմիածինի Ճեմարանին մէջ, եղած է փայլուն ուսանող։ Ճեմարանաւարտ՝ վերադարձած է Վան 1909–ին, զբաղած է ուսուցչութեանբ՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան, տեղւոյն Կեդր․ վարժարանին մէջ։ Աշխատակցած է նաեւ «Աշխատանք» թերթին՝ երգիծական իր առաջին գրութիւններով։

1915–ին գործօն մասնակցութիւն բերած է Վանի ինքնապաշտպանութեան յաղթական կռիւներուն։ Ռուսական բանակին նահանջին հետ, կը հարկադրուի ընտանեօք գաղթել Երեւան։ Հոն կրկին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, միւս կողմէ՝ Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի թերթերուն մէջ կը շարունակէ հրատարակել երգիծական գրութիւններ, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն։

1920–ին, խորհրդայնացումէն ետք, կ’անցնի Պարսկաստան, բայց յաջորդ տարին կը վերադառնայ ու կը հրաւիրուի աշխատելու «Խորհրդային Հայաստան»ի թերթին մէջ․ արդէն ճանչցուած, իբրեւ առաջին գիծի երգիծաբան, նոյնիսկ, եթէ իրեն տրուած արտայայտութեան ազատութիւնները շատ սահմանափակ են։

1924–ին լոյս կը տեսնեն իր առաջին հատորները։

1935–ի հալածանքներուն, Երեւանի մէջ կը բանտարկուի տարի մը, ապա՝ երկուքուկէս տարի կ’աքսորուի Սիպերիա։ Վերադարձին՝ ներքին աքսորով կը ղրկուի Սեւանի լեռնային շրջանները, ուր կը զբաղի մեղուաբուծութեամբ՝ մինչեւ 1953․․․:

Կեանքին վերջին տասնամեակին՝ կը վերահաստատուի իր անմեղութեան մէջ։ Կը վերադառնայ Երեւան, աշխատակցութիւն կը բերէ «Ոզնի» երգիծաթերթին (կը գրէ տոմսեր՝ ընդունուած, առօրեայ մանր նիւթերով)։ Լոյս կ՛ընծայէ հատոր մը եւս։ Կը մահանայ Երեւան։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Կամսարեան Աշխարհագրութիւնը» (1910)
  • «Անվաւեր Մեռելներ» (Երեւան, Պետհրատ, 1924)
  • «Ազգային Այբենարան» (Պէյրութ 1954)
  • «Գրաբար Մարդիկ» (Երեւան, Հայպետհրատ, 1959)
  • «Մարդը Տանու Շորերով» (Երեւան 1965)
  • «Վրիպած Արցունքներ» (Երեւան, Պետհրատ, 1934)

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէնուն Տարեգիրքը, Կարօ Գէորգեան, 1966, էջ 596-7

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարութիւն Քիւրքճեան

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.