Լեռնաշղթայ
Արտաքին տեսք

Լեռնաշղթան կազմուած է շարք մը լեռներէ կամ բլուրներէ, որոնք իրարու կապուած են բարձրադիր լանջերով։ Լեռնաշղթաները սովորաբար բաժնուած կ'ըլլան լեռնանցքներով, բարձր հարթավայրերով եւ հովիտներով։
Լեռնային համակարգը կազմուած է խումբ մը լեռնաշղթաներէ, որոնք իրարու կը նմանին իրենց կառուցուածքով եւ ձեւով, որոնք յառաջացած են իբրեւ արդիւնք՝ ընդհանուր լեռնագործական գործընթացներու[1][2]։
Առանձնայատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լեռնաշղթաները կրնան ունենալ հազարաւոր քիլոմեթրերու երկայնք եւ հասնիլ շուրջ 8,000 մ. բարձրութեան, ինչպիսիք են՝ Հիմալայեան լեռները (Mount Everest՝ 8,848 մ)։
- Լեռնաշղթաներու բարձրադիր շրջանները կ'ունենան առանձնայատուկ կլիմայական պայմաններ, ուր կը զարգանան բուսական եւ կենդանական եզակի աշխարհներ:
- Օրինակ՝ Ալպեան եւ Հիմալայեան լեռնաշղթաներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ հազուագիւտ բուսատեսակներու, լեռնային առիւծի եւ այլ անասուններու տեսակներու։
- Լեռնաշղթաները ունեցած են նաեւ ռազմավարական արժէք, ինչպէս՝ սահմաններու պաշտպանութիւն: Լեռնաշղթաներէն բացուած են նաեւ առեւտրական ուղիներ։
- Լեռնանցքներ եւ անցումներ ստեղծուած են վաղ ժամանակներէն, որպէսզի մարդիկ եւ անասուններ կարենան անցնիլ լեռնաշղթաներու մէջէն։
- Շարք մը լեռնաշղթաներ յաճախ կը փոխուին՝ սողանքներու, ցուրտ եղանակի եւ գետերու հոսքերու իբրեւ արդիւնք։
- Լեռնաշղթաները զբօսաշրջիկներուն առջեւ կը պարզեն գեղեցիկ տեսարաններ, լեռնային արահետներ եւ արկածախնդրական վայրեր, ինչպէս՝ լեռնագնացութիւն, լեռնային հեծանւավարութիւն եւ ձիւնագնացութիւն։